Փաշինեան Եւրոխորհրդարանին մէջ կը պարծենայ Հայաստանի կեղծ ժողովրդավարութեամբ

Փաշինեան Եւրոխորհրդարանին մէջ կը պարծենայ Հայաստանի կեղծ ժողովրդավարութեամբ

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

www.TheCaliforniaCourier.com

Անկախ անկէ՝ ինծի հաճելի է Հայաստանի վարչապետը, թէ ոչ, կ՛ուզեմ արդար ըլլալ անոր նկատմամբ։ Ես կը գովեմ զայն, երբ ան բան մը ճիշդ կ՛ընէ եւ կը քննադատեմ՝ որեւէ բան սխալ ընելու պարագային:

Օրինակ՝ Ապրիլ 2019ին Նիկոլ Փաշինեանը գովաբանող յօդուած մը գրեցի՝  Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ) անոր ունեցած ելոյթին առիթով։ Ահա թէ ինչ գրած էի այդ ժամանակ. «Փաշինեան տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ եւրոպական  47  երկիրներու ներկայացուցիչներու առջեւ։ Առաւել տպաւորիչ էին վարչապետին պատասխանները՝ անոնց տասնեակ հարցումներուն։ Մինչ անոր ելոյթը նախապատրաստուած էր, հարցերը յանպատրաստից էին, եւ պատասխանները պէտք է տրուէին տեղւոյն վրայ»։

Փաշինեան իմ յօդուածը հրապարակեց իր  ֆէյսպուքեան էջին մէջ, որ աւելի քան մէկ միլիոն հետեւորդ ունի։ Ահա անոր աւելցուցած մեկնաբանութիւնը. «Ուրախ եմ, որ սփիւռքի ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկը՝ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»ը, այսպէս գնահատած է ԵԽԽՎ-ի մէջ իմ ունեցած ելոյթը»: Իմ յօդուածը ստացած է 4000 հաւանութիւն, 197 բաժնեկցութիւն եւ 185 մեկնաբանութիւն։

Այժմ ես կը մեկնաբանեմ Փաշինեանի ելոյթը, որ ան ունեցած է Եւրոխորհրդարանին մէջ (Սթրազպուրկ, Ֆրանսա) 17 Հոկտեմբեր 2023ին։

Փաշինեան իր ելոյթին մէջ 21 անգամ օգտագործեց «ժողովրդավարութիւն» կամ «ժողովրդավարական» բառերը՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը բնութագրելու համար։ Ան ընդգծեց, որ ժողովրդավարութիւնը կ՛ապահովէ «անվտանգութիւն, խաղաղութիւն, միասնականութիւն, բարեկեցութիւն եւ երջանկութիւն»: Ցաւօք, Հայաստան այս յատկանիշներէն եւ ոչ մէկը կը վայելէ, քանի որ Արցախը կորսուած է, իսկ ատրպէյճանական զօրքերը 2021էն ի վեր հաստատուած են Հայաստանի սահմաններէն ներս։  Հայաստանի խնդիրները առաւելապէս պայմանաւորուած են անոր ղեկավարին անկարողութեամբ։ Փաշինեան իշխանութեան եկաւ ժողովրդավարական արժէքներ քարոզելու քողին տակ, բայց վերջաւորութեան խախտեց ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքները։ Այն, ինչ որ հիմա ունինք Հայաստանի մէջ, միանձնեայ իշխանութիւն է։ Փաշինեան ոչ ոքի կը լսէ՝ ըլլայ նախարար, խորհրդական, իրեն կուսակից, խորհրդարանական մեծամասնութիւն, թէ նախագահ։ Ան միայնակ կը կայացնէ բոլոր որոշումները։ Ան իր ելոյթին մէջ պնդեց, որ Հայաստան «պարզապէս կաթուածահար կ՛ըլլար, կը կորսնցնէր իր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, եթէ չըլլար ժողովրդավար»։

Փաշինեանը կեղծօրէն ըսաւ, որ իր կառավարութիւնը «չէ խախտած ժողովրդավարութեան որեւէ սկզբունք»։ Փաստը այն է, որ Փաշինեան Հայաստանը վերածած է ոստիկանական պետութեան։ Ան երբ առաջին անգամ իշխանութեան հասաւ, դէպի վարչապետի նստավայր հեծանիւով կ՛երթար։ Այժմ կը թաքնուի հարիւրաւոր ոստիկաններու ետեւը, նախքան ոտքը դուռէն դուրս հանելը: Բարձր աշխատավարձքեր եւ պարգեւավճարներ ստացող ոստիկանները կը ծեծեն եւ կը ձերբակալեն ցուցարարներ։ Փաշինեանի քաղաքական հակառակորդները կ՛ամբաստանուին դատարանի մէջ, շինծու մեղադրանքներով։ Ան զինք  քննադատողներուն սպառնացած է՝ «փռել ասֆալթին»  եւ «ծեփել պատերուն»: Անհաւատալիօրէն, Յունիս 2021ին, խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ժամանակ, ան մուրճ կը ճօճէր օդին մէջ՝ սպառնալով ջարդել գլուխները իր ներքին հակառակորդներուն։ Մի՞թէ այս ժողովրդավարութիւն է:

Նոյնիսկ սփիւռքահայերը զերծ չեն մնացած Փաշինեանի բռնապետական վարչակարգի երկար ձեռքէն։ Հայաստանէն դուրս զայն քննադատողներուն արգիլուած է մուտք գործել հայրենիք, Երեւանի օդակայան ժամանելէ ետք։ Ի՞նչ պատահած է խօսքի ազատութեան ժողովրդավարական սկզբունքին։

12 Մայիս 2021ին, Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի վրայ Փաշինեան որակեց իբրեւ «սադրանք, որ տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններէ առաջ… մօտալուտ խորհրդարանական ընտրութիւնները ձախողեցնելու եւ Հայաստանի պետականութիւնը կաթուածահար ընելու, կամ, առնուազն, դրածոյ կառավարութիւն կազմելու նպատակով»։ Փաստը այն է, որ Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի վրայ կապ չունէր խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ։ Նման յարձակումներ եղած են ընտրութիւններէ առաջ եւ յետոյ։ Աւելի՛ն, Ալիեւ Փաշինեանը տապալելու պատճառ չունի, քանի որ ան անվերջ զիջումներ կ՛ընէ Ատրպէյճանին, Արցախի եւ Հայաստանի հարցով։

Փաշինեան իր ելոյթին մէջ պարծեցաւ, որ Հայաստան կրցած է տեղաւորել Արցախի 100 հազար գաղթականները. ան պնդեց, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան շնորհիւ «մենք այդ գործը պատուով կատարեցինք»։ Փաստը այն է, որ հակառակ տարիներ շարունակ հնչող յամառ տեղեկութիւններուն, թէ Ատրպէյճան մտադիր է բռնագրաւել Արցախի մնացած մասը եւ դուրս հանել անոր բնակիչները, Հայաստանի կառավարութիւնը որեւէ նախապատրաստութիւն չէր տեսած գաղթականները Հայաստանի մէջ բնակեցնելու համար։ Անոնցմէ շատեր օրեր անցուցած են իրենց մեքենաներուն մէջ՝ զրկուած սնունդէ, ջուրէ եւ կացարանէ։ Հետեւանքը այն եղած է, որ քանի մը հազար արցախցիներ արդէն լքած են Հայաստանը։

Իր ելոյթին մէջ Փաշինեան բացատրած է իր պատրաստակամութիւնը` թոյլ տալ ատրպէյճանական բեռերու, մեքենաներու, մարդոց, խողովակաշարերու եւ ելեկտրագիծերու անցումը Հայաստանի տարածքով, Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան։ Թէեւ կ՛ենթադրուի, որ նման մուտք մը փոխադարձ է, ինչպէս նշուած է 9 Նոյեմբեր 2020ի համաձայնագիրին մէջ, Ատրպէյճան սակայն երբեք չէ յայտնած իր պատրաստակամութեան մասին՝ թոյլ տալ հայերու համար նմանատիպ տարանցում Ատրպէյճանի տարածքով: Նոյն անհամաչափութիւնը  կը վերաբերի Փաշինեանի կողմէ Ատրպէյճանի 86 հազար 600 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի ճանաչման՝ առանց Ալիեւի համաձայնութեան՝ ճանչնալու Փաշինեանի առաջարկած 29 հազար 800 քառակուսի քիլոմեթր տարածքը։ Փաշինեան նաեւ խոստովանեցաւ, որ Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող նախկին ատրպէյճանաբնակ enclave-ները կը պատկանին Ատրպէյճանի՝ առանց Ալիեւի փոխադարձ փոխանակման ընդունման։

Ի վերջոյ, Փաշինեան կրկնեց Ատրպէյճանի հետ մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու իր առաջարկը, թէեւ նման պայմանագիրի անհրաժեշտութիւն չկայ, քանի որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան միմեանց դէմ պատերազմ չեն յայտարարած։ Խաղաղութեան պայմանագիրը միայն կարելիութիւն կը ստեղծէ Ատրպէյճանի՝  հետագայ զիջումներ կորզելու համար Հայաստանէն։

Փաշինեան իր 45 վայրկեաննոց ելոյթը եզրափակեց երկու անգամ եւս կրկնելով «ժողովրդավարութիւն» բառը. «Ես համոզուած եմ, որ ժողովրդավարութիւնը կրնայ ապահովել խաղաղութիւն, անվտանգութիւն, միասնութիւն, բարեկեցութիւն եւ երջանկութիւն: Եկէք միասին այս ապացուցենք: Կեցցէ՛ ժողովրդավարութիւնը»։

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները չափազանց գոհ էին Փաշինեանի ելոյթէն։ Ինչո՞ւ գոհ պիտի չըլլային։ Փաշինեան կը բաւարարէ Արեւմուտքի, Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերը, որ է՝ Արցախէն հրաժարում՝ ատրպէյճանական բնական նաւթի (մասամբ Ռուսիայէն գնուած) հոսքը դէպի Եւրոպա դիւրացնելու նպատակով։ Բացի կարեկցական խօսքերէ, Եւրոխորհրդարանի անդամները Հայաստանի համար որեւէ յստակ բան չեն ուզեր ընել։

Ես համոզուած եմ՝ Փաշինեան այս յօդուածը չի հրապարակեր ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ:

Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Share