ՀՅԴ Կլենտեյլի «Ահարոնեան» կոմիետէն խոր ցաւով կը գուժէ կոմիտէութեանս տարիների ընկերուհի՝ Հուրիկ Ֆուռնուզեանի անժամանակ մահը, որ պատահեցաւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Շաբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2023-ին։
Ընկերուհի Հուրիկը տարիներ անձնուիրաբար զանազան պաշտօններ ստանձնած է Ահարոնեան կոմիտէութեան յանձնախումբերու և կոմիտէի կազմեն ներս:
Այս տխուր առիթով Ահարոնեան կոմիտէն և կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները ցաւակցութիւն կը յայտնեն ամուսնոյն, զաւակներուն, անոնց ընտանիքներուն, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն։
ՀՅԴ Կլենտեյլի «Ահարոնեան» կոմիետէ