Խաժակ Մկրտիչեան
Գաղտնիք չէ, որ հայ իրականութեան մէջ, տարբեր ուժերու կողմէ յատուկ թիրախ դարձած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Ոմանք, իբրեւ հակադրուող եւ ոմանք ալ թշնամական: Այս վերջինիս տակ կը տեղաւորուին, բոլոր այն տարրերը, որոնց նպատակն է հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութիւնը հարուածել:
Միւս կողմէ, հայ ժողովուրդի ազգային շահերը դրուած են սակարկութեան սեղանին եւ մեր թշնամիներուն համար պատեհ առիթ ստեղծուած է մահացու հարուած հասցնելու մեր պետականութեան ու անժամանցելի իրաւունքներուն:
Այս իրողութեան ի տես, աւելի կը շեշտուի դաշնակցական մարդու ազգային, գաղափարական, քաղաքական ու կազմակերպական առանձնայատկութիւններուն կարեւորութիւնը: Դաշնակցական ըսելով՝ նկատի չունիմ միայն կուսակցութեան շարքերու անդամակցութեան փաստը, այլ ի մտի ունիմ Դաշնակցութեան գաղափարին ու առաքելութեան բոլոր հաւատացողները: Մանաւանդ, սոցիալական ցանցերու առկայութեան պայմաններու տակ, իւրաքանչիւր դաշնակցական ինքն իր վարքին ու խօսքին մէջ պէտք է ցուցաբերէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վարկին, հեղինակութեան ու կշիռին հանդէպ գերագոյն նախանձախնդրութիւնը:
Պատասխանատու, հաւասարակշռուած, ճշմարիտ ու խոհեմ խօսքը դաշնակցականի կարեւոր յատկութիւններէն մէկն է, վկայ՝ մեր ողջ պատմութեան ընթացքին կուտակուած, բանաւոր կամ գրաւոր, հրապարակախօսական ու գրական հսկայ աւանդը:
Հայութեան ու Հայաստանի դիմագրաւած այս ծանրագոյն օրերուն, իւրաքանչիւր դաշնակցական իր առաջնահերթութիւններուն մէջ կարեւորագոյն տեղի պիտի տայ ազգովին մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, որոնց դիմաց կը ոչնչանան ամէն տեսակի անձ ու անձնական:
Դաշնակցութեան դէմ շղթայազերծուած նենգ ու բացայայտ պայքարը դաշնակցականի յաւելեալ զգօնութիւնը առաջնահերթութիւն կը դարձնէ, բայց զայն պէտք չէ շփոթել անգործութեան ու կրաւորականութեան հետ: Զգօնութիւնը մեզ ներսէն կոտորակելու ու պառակտելու դէմ կանգնիլն է, մեր թշնամիներուն հաշուարկներուն համապատասխան կեցուածքներով՝ կանխարգիլումն է, յեղափոխական միտքի խմորումով այս դժնդակ կացութիւնը շրջելու լուծումներ գտնելն է: Իսկ յեղափոխական միտք ըսելով՝ պէտք չէ հասկնալ յեղափոխականութեան մասին շատ խօսիլ, ի վերջոյ յեղափոխականութեան մասին շատ խօսելով յեղափոխական չես դառնար եւ մոռացութեան մատնած կ’ըլլաս Ռոստոմի այն խօսքը, որ կ’ըսէր «Եթէ Դաշնակցութիւնը այնքան խօսի, նա գործ չի կատարի»: