ՀՕՄ ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի Յայտարարութիւն

ՀՕՄ ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի Յայտարարութիւն

Հայրենի հողերի հայաթափման ու յանձնման դէմ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութիւնը յայտարարութիւն է հրապարակել և դատապարտել Հայաստանի Իշխանութիւնների ընթացքը:

Յայտարարութիւն

Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանը խորապէս կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան շարունակական ընթացքը հայրենի հողերը յանձնելու մեր թշնամուն՝ Ատրպէյճանին:

Այս բոլորին հետեւանքով, Արցախի մեր հայրենակիցները պարտադրուած են լքելու մեր պապենական հողն ու իրենց տուները` խորացնելով 2020ի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր մարդասիրական տագնապը:

Այս իրականութիւնները խոր ցաւ ու վիշտ կը պատճառեն բոլորիս, սակայն կը վստահինք հայ ժողովուրդի ուժին ու կամքին՝ տէր կանգնելու մեր հայրենիքին ու իրաւունքներուն:

Ինչպէս միշտ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը թիկունք կը կանգնի մեր հայրենակիցներուն եւ շրջանս կառչած կը մնայ առաջ տանելու մարդասիրական աշխատանքներ օժանդակելու մեր ժողովուրդին եւ իր կարիքներուն:

Արցախը Հայաստան է:

ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի

Շրջանային Վարչութիւն

Share