Թուրքիոյ մէջ Էրտողան-Ալիեւ հանդիպում. քննարկուած են ԼՂ-ի վերջին իրադարձութիւնները

Թուրքիոյ մէջ Էրտողան-Ալիեւ հանդիպում. քննարկուած են ԼՂ-ի վերջին իրադարձութիւնները

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որ ժամանած է Քոնիա՝ մասնակցելու Իսլամական համերաշխութեան 5-րդ խաղերու բացման արարողութեան։

Հանդիպումը անցած է դռնփակ, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է բոլոր ոլորտներու մէջ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ բարեկամական, եղբայրական եւ դաշնակցային կապերու յաջող զարգացումը։

Էրտողան հերթական անգամ յայտնած է Թուրքիոյ կողմէ աջակցութեան մասին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է աջակցութեան  համար։

Հանդիպման միտքերու փոխանակութիւն տեղի ունեցած է տարածաշրջանին մէջ յետպատերազմեան շրջանի վերաբերեալ, քննարկուած են նաեւ տնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրային եւ ռազմական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հարցեր։

Յիշեցնենք` 3 օգոստոսին ժամը 09։00-էն ատրպէյճանական ստորաբաժանումները թիրախաւորած են ՊԲ մարտական դիրքերն ու զօրամասերէն մէկու մշտական տեղակայման վայրը՝ կիրառելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, ականանետներ, նռնականետներ եւ հարուածային ԱԹՍ-ներ։

Հայկական կողմն ունի 2 զոհ եւ 19 վիրաւոր:

Share