Ճեմալ Փաշայի ահաբեկման 100-ամեակին առիթով Թիֆլիսահայ ուսանողները այցելած են նշուած պատմական վայրը

Ճեմալ Փաշայի ահաբեկման 100-ամեակին առիթով Թիֆլիսահայ ուսանողները այցելած են նշուած պատմական վայրը

Յուլիս 21-ին, թիֆլիսահայ ուսանողները այցելած են 100 տարի առաջ սպաննուած Ճեմալ Փաշայի ահաբեկման վայրը։

Ուղիղ 100 տարի առաջ, Յուլիս 21-ին, Թիֆլիսի այս վայրին մէջ, «Նեմեսիս» գործունէութեան ծիրէն ներս, Արտաշէս Գէորգեան եւ Պետրոս Տէր-Պօղոսեան ահաբեկեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած պարագլուխներէն մէկը՝ Ճեմալ փաշան, որ իր դաժանութեան համար ստացաւ «մսագործ» կեղծանունը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Վրաստանի Հայ Համայնք կազմակերպութեան Ֆէյսբուքի էջը:

Share