ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ — Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ — Յայտարարութիւն

13 յուլիսի երեկոյեան Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները արգիլած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան եւ անոր պարտադրած, որ վերադառնայ Փարիզ: Փաշինեանի հրամանով Մուրատ Փափազեան Հայաստանի մէջ յայտարարուած է անցանկալի անձ:

Հայաստանի իշխանութիւններուն կատարած այս բռնապետական ու հակաժողովրդավար վարքագիծին ի տես, կու գանք հաստատելու՝

Ա.- Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբին որդեգրած ապազգային ու հայավնաս ընթացքը այլեւս անցած է տրամաբանական ամէն սահման ու կը սպառնայ հայրենիքի լինելիութեան եւ անոր պետական, սահմանադրական ու ժողովրդավար հիմերու քայքայման:

Բ.- Այս վարչախումբի իշխանութեան առաջին իսկ օրէն հայութիւնը պառակտելու, անոր ներուժը հարուածելու եւ դիմադրողականութիւնը տկարացնելու առումով ահաւասիկ նոր նախաձեռնութիւններու եւ սադրանքներու կը դիմուի:

Գ.- Պատահական չէ նաեւ արարքին պահը, երբ այսպէս կոչուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կը թեւակոխեն վտանգաւոր փուլ եւ Նիկոլ Փաշինեան թշնամիին դիմաց կքած ամբողջական պատրաստակամութիւն կը դրսեւորէ բարի դրացիական յարաբերութիւններու մշակման՝ ոտնակոխելով հայ ժողովուրդի դարաւոր իրաւունքները եւ այդ իմաստով տասնամեակներ շարունակ ծաւալած Հայ դատի պայքարին ձեռք բերած նուաճումներն ու այդ ճամբուն վրայ կատարուած հսկայական ներդրումը: Ահաւասիկ իր այդ վարքագիծի լիիրաւ գործադրութեան համար կը թիրախաւորէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար ոչ մէկ բան սակարկած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

Դ.- Հակադաշնակցական նորօրեայ այս պայքարը արդէն իսկ ժամանակէ մը ի վեր կը յամենար, եւ Փաշինեանի վարչախումբը բռնապետական ամէն միջոցի կը դիմէր, որպէսզի լռութեան մատնէ հայութեան պահանջատիրական երթին հաւատարիմ ու 132-ամեայ կենսափորձ նուաճած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան նախաձեռնութիւններուն մասնակցած մեծ թիւով դաշնակցականներ այսօր կը շարունակեն մնալ բանտերու մէջ՝ առանց իրաւական համապատասխան գործընթացներու կիրարկման:

Ե.- Վերջին ժամանակաշրջանին Փաշինեանի ու իր յանձնակատարին կողմէ սփիւռքի մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարքագիծը ժողովրդայնացնելու առումով պետական ամբողջ վարչամեքենան լծուած է բացայայտ աշխատանքի եւ փորձ կը կատարէ սփիւռքեան աւանդական կառոյցները գռոհելու ու իր նպատակներուն իրականացման համար նոր յենակէտեր կառուցելու: Ահաւասիկ սփիւռքի մէջ հասարակական գործիչի եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող մարմինի ներկայացուցիչին հանդէպ սահմանուած այս վճիռը կու գայ ջուր լեցնելու նոյն ազգավնաս վարքագիծին:

Զ.- Վերջապէս, արցախեան հարցի ճակատագրորոշ փուլին ու ամէն օր Հայաստանի սահմանները ահաբեկման ենթարկող թուրք-ազրպէյճանական յարձակողապաշտ արարքներուն դիմաց այս վճիռին կայացումը «նուէր» մըն է թշնամիին, երբ մանաւանդ նկատի ունենանք այն հանգամանքը, որ Նիկոլ Փաշինեանէն առաջ Մուրատ Փափազեանի հաշուոյն Թուրքիան ու Ազրպէյճանը կայացուցած էին համապատասխան դատավճիռներ:

ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցին համար Հայ դատի պահանջատիրութիւնը կը շարունակէ մնալ գաղափարական գերագոյն արժէք, եւ ան այդ արժէքին վրայ խարսխուած կը տեսնէ Հայաստանի ու հայութեան հզօրացումը եւ համահայկական մեր իտէալներու իրականացումը: Հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած այս տխրահռչակ քայլը կը նկատէ այդ պահանջատիրական երթը խոչընդոտելու, Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած սփիւռքը տկարացնելու ու իր մենատիրական նկրտումներուն համար կարելիութիւններ ստեղծելու անհեռատես եւ ի սկզբանէ ձախողութեան մատնուած արարք:

Հակադաշնակցական այս մոլուցքին նոր չէ, որ դէմ յանդիման կը գտնուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը նորանկախ Հայաստանի մէջ:  Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով ալ Դաշնակցութեան դէմ շղթայազերծուեցաւ հալածանք ու արտաքսում, եւ կարիքը չկայ այստեղ մանրամասնելու, թէ այդ պայքարը ի՛նչ վախճան ունեցաւ: Մեր արդար պահանջն ու ակնկալութիւնն է, որ անմիջապէս վերացուի Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ որդեգրուած այս վճիռը, որպէսզի կարելի ըլլայ գէթ փրկել հայրենի հարազատ հողին վրայ մնացած ժողովրդավարութեան մասնիկը:

 ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Share