Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին՝ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողանի հետ։
Այս մասին լուրը յայտնած են հայրենի լրասփիւռներ։
Երկու առաջնորդները տօներու հետ կապուած շնորհաւորանքներ փոխանակած են ու նաեւ յոյս յայտնած, որ անցնող 1 յուլիսի հայ եւ թուրք յատուկ դեսպաններուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները շուտով կեանքի կը կոչուին։
Նշենք, որ այս առաջին անգամն է, որ Փաշինեան ուղիղ կապ կը հաստատէ Թուրքիոյ նախագահ ՝ Էրտողանին հետ։