Վեհունի Մինասեանի յուղարկաւորութենէն ետք, որ տեղի ունեցաւ 18 յունիսին Միացեալ Նահանգներու մէջ, Կլենտէյլ, Պարոյր Յակոբեան արտասանեց հետեւեալ խօսքը.
Սգակի՛ր բարեկամներ,
Ես սրտի խօսք չէ, որ պիտի ըսեմ, այլ եկած եմ իբրեւ ընկեր, իբրեւ գործընկեր` մեր հանգուցեալ ընկերոջ նուիրական գործը անգամ մը եւս գնահատելու, արժեւորելու ու մեր երախտապարտութեան խօսքը ըսելու: Յիշելու ու կարեւորելու այն ծաւալուն աշխատանքը, զոր մեր ընկերը կատարած է:
Շաբաթ օր էր, ճիշդ 28 մայիսին: Հայաստանի անկախութեան եւ հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնակատարութեան ներկայ իրաքահայ բարեկամները, ինչպէս ես, անակնկալի եկանք, երբ լսեցինք, որ Վեհունին հիւանդանոց է փոխադրուած, եւ վիճակը ծանր է: Ո՞ր հիւանդանոցը, ի՞նչ հիւանդութեամբ կը տառապէր` չհասցուցինք իմանալ, երբ անսպասելի անոր մահուան գոյժը ստացանք: Անակնկալ, այո՛, ոչ մէկը կրնար հաւատալ, որ այսքան արագ ան կը հեռանար: Լսած էինք, որ հիւանդ է, բայց ժողովի կ՛երթայ: Ուրեմն` մեր բոլորիս պէս հիւանդ. այնպէս որ, բոլորս որոշ չափով ոտքի վրայ հիւանդներ ենք: Բայց կարծես իրը տարբեր էր, որ պատճառեց իր մահը: Ինչպէս բոլորս, Վեհունին ալ ապրեցաւ մեզի վիճակուած այս կեանքը` իր բոլոր տեսակի ուրախութիւններով եւ տխրութիւններով, յաջողութիւններով եւ ձախողութիւններով, եւ ապրեցաւ նաեւ երջանիկ, ուրախալի եւ հպարտալի օրեր մինչեւ իր մահը, որ անխուսափելի էր:
Համեստ, պարկեշտ, չափաւոր, պարզ, սակաւախօս, միշտ խոհական կեցուածքով անձնաւորութիւն մը: Ես կը նմանցնէի զինք մեր վան-վասպուրականցի այն հին մտաւորական դէմքերուն, որոնց աշխարհը հայրենիքն էր, հայութիւնը` իր վիշտերով, մեր գիրն ու գրականութիւնը, մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը եւ անոնց նուիրուիլը: Վեհունին անոնց արժանաւոր յաջորդներէն էր ու կ՛ապրէր այդ անմահ ու չկրկնուող սերունդին ոգեշնչումով: Այո՛, համեստ էր բառին բուն իմաստով. սակաւախօս, բայց` կարծիք ունեցող եւ արտայայտուող: Բարի ու ազնիւ:
Ես բախտը ունեցեր եմ ազգային կեանքի մէջ իրեն հետ աշխատելու` թէ՛ երիտասարդացի հետ` իր ուսանողութեան շրջանին, թէ՛ Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան մէջ, եւ թէ՛ կուսակցութեան մէջ: Քարտուղարի, այսինքն ատենադպիրի բացառիկ կարողութիւն ունէր, որովհետեւ իր սիրած ասպարէզն էր:
Առաջին անգամ հանդիպած եմ Վեհունիին, երբ Պաղտատի բժշկական համալսարանի ուսանող էր, նոյն ատեն Աղբալեան ուսանողաց միութեան անդամ էր: ՊՀԵԵ միութեան նախաձեռնութեամբ, Պաղտատի համալսարանները յաճախող հայ ուսանողներու համախմբում մը կազմուեցաւ` Աղբալեան ուսանողաց միութեան կարգադրութեամբ: Վեհունին իր ժամանակին գլխաւոր դերակատարն էր, այդ խմբաւորումի կեդրոնական անձն էր ու անխոնջ աշխատողը: Անոնց շաբաթական հաւաքոյթները տեղի կ՛ունենային Երիտասարդաց միութեան հին գրադարանին մէջ, կը կազմակերպէին դասախօսութիւններ եւ այլ տեսակի ձեռնարկներ: Համալսարան աւարտելէ եւ զինուորական պարտականութիւնը կատարելէ ետք ամուսնացաւ, ընտանիք կազմեց ու վերադարձաւ Պասրա: Նոյն աշխուժութիւնն ու նուիրումը նաեւ հոն ցուցաբերեց: Եղաւ Պասրայի Երիտասարդաց միութեան ատենապետ ու զարկ տուաւ մշակութային աշխատանքներուն, կազմակերպեց ձեռնարկներ, ստեղծեց մթնոլորտ` երիտասարդները համախմբելու ու դաստիարակելու: Նուիրումով իր առաքելութիւնը կատարեց մինչեւ ընտանեօք փոխադրուիլը Պաղտատ: Պաղտատ հաստատուելէ ետք անմիջապէս լծուեցաւ ազգային հասարակական գործերու: Եղաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ձեռնհասօրէն վարեց վարչութեան ատենադպիրի պաշտօնը, որոշ շրջան մը ստանձնեց նաեւ փոխատենապետի պաշտօնը: Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելէ ետք շարունակեց մշակոյթին ծառայելու իր նուիրական գործը: Եղաւ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան Գրական խմբակին անդամ, նոյն ատեն` միութեան «Լրատու» պարբերականի մնայուն աշխատակից, ուր իր յօդուածներով անդրադարձ կատարեց իրաքահայ անցեալի պատմութեան եւ դէմքերու: Վեհունին ՀՅ Դաշնակցութեան անդամ էր: Պատանեկան տարիքէն միացած էր այս կուսակցութեան: Վերջին տարիներուն, նախքան Միացեալ Նահանգներ փոխադրուիլը, անդամ էր Իրաքի առանձնակի կոմիտէութեան պատասխանատու մարմինին: Հաւատաւոր, անխոնջ զաւակն էր իր կուսակցութեան, որուն գաղափարներով տոգորուած, անշեղօրէն ծառայեց` զանոնք իրականացնելու, եւ ամբողջ կեանքը իր գործունէութեամբ նուիրումն էր այդ գաղափարներուն:
Վեհունին ասպարէզով բժիշկ էր: Որպէս բժիշկ` աշխատեցաւ Պասրայէն մինչեւ Սինճար ու Պաղտատ, սակայն աւելի շատ զբաղեցաւ ու նուիրուեցաւ գիրին, գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթին: Կեանքին զգալի մասը նուիրեց անոնց: Ապրեցաւ անոնց շունչով: Ո՛ւր ալ եղաւ, ծառայեց անոնց ու լծուեցաւ անոնց տարածման: Վեհունիին համար այդ բոլորը պարզ զբաղումներ չէին, այլ` ապրում, կեանքի մէկ մասնիկ, որոնցմով ինք կը շնչէր ու կը գոյատեւէր: Այս նուիրական գործին ծառայելով` ան եղաւ նաեւ դաստիարակ: Պասրայի երիտասարդներու դաստիարակութեան նուիրուելէ բացի` եղաւ նաեւ Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն դաստիարակութեան յանձնախումբի անդամ ու ներկուսակցական նորագիրներու դաստիարակութեան յանձնախումբի անդամ:
Այս բոլորին կողքին, ան նաեւ գրական ասպարէզի մէջ ունեցաւ ծաւալուն աշխատանք, ի մասնաւորի` մեր պատմութեան վերաբերող: Բազմաթիւ յօդուածներ ունի սփիւռքահայ մամուլին մէջ: Երբ Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց, որ առաջնորդարանը ունենայ իր պարբերականը, Վեհունիին յանձնուեցաւ անոր խմբագրութեան ծանր պարտականութիւնը: Ամսական լոյս կը տեսնէր «Կանթեղ» անունով բովանդակալից պարբերականը` շնորհիւ Վեհունիի անխոնջ աշխատանքին:
Վեհունին մաս կազմեց նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան նշանակած յատուկ խմբագրական կազմին` իրաքահայութեան պատմութիւնը գրելու: Գիրքը պատրաստ է, կրկին խմբագրուած, սակայն տակաւին հրատարակուած չէ: Վեհունին հոն նաեւ իր ներդրումը ունեցեր է: Միացեալ Նահանգներու մէջ ան նաեւ Վասպուրականի հայրենակցական միութեան հրատարակած «Վարագ» պարբերականի խմբագրական կազմի անդամ էր:
Ու այսպէս, արդիւնաշատ ջանասէր կեանք մը ապրեցաւ ան: Ի՞նչ կ՛արժէ մարդ, եթէ իր հասարակութեան համար որեւէ ձեւով իր բարենպաստող լուման բերած չէ: Ապա` ի՞նչ կ՛արժէ հա՛յ մարդը, եթէ մեր ազգի բազում կարիքներուն որեւէ ձեւով նպաստողը չէ:
Այո՛, Վեհունին առաւելագոյնը նուիրեց իր ազգին ու հասարակութեան, ապացոյց` քիչ առաջ յիշատակուած իր ապրած կեանքն ու նուիրական գործը:
Ահաւասիկ, սիրելինե՛ր, կորսնցուցինք նուիրեալ, հաւատաւոր անձնաւորութիւն մը` սիրուած ու յարգուած բոլորէն: Գաղափարապաշտ այն դաշնակցականը, որ ազգանուէր բեղուն գործունէութեամբ անսակարկ նուիրումով ծառայեց իր ազգին ու գաղափարին:
Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ ընկեր: