Մայիս 27-էն 29-ին, Պելմոնթի (Մասաչուսէց) Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկի (NAASR) «Վարդան Գրիգորեան» շէնքին մէջ, տեղի ունեցաւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Շրջանի «Համազգային»-ի «Խօսինք Հայերէն» Ձեռնարկը, մասնակցութեամբ երտասարդ հայորդիներու։
Ղեկավարութեամբ դոկտ․ Խաչիկ Մուրատեանի, որուն կ՛օժանդակէին Սոնա Թաթոյեան, դոկտ․ Լիզա Կիւլեսերեան, դոկտ․ Քրիսթի Ռենտալ եւ դոկտ․ Լալայ Մանճիկեան։ Այս ձեռնարկը կարելի եղած էր իրագործել, շնորհիւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի օժանդակութեան։
Բացման խօսքը կատարեց Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի «Համազգային»-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ Մարուշ Նիկոն, որ յայտնեց, թէ այս հաւաքը քաջալերական է եւ ապագային շատ աւելի կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել գործունէութեան դաշտը։ Ան յաջողութիւն մաղթեց ներկաներուն։
Այս ձեռնարկը, առիթ կը ստեղծէ, որպէսզի երիտասարդ հայորդիներ հայերէն լեզուով արտայայտուին եւ զրուցեն, գաղափարներ փոխանակելու կողքին, նաեւ բառապաշար փոխանակելով։
Այս հաւաքին մտայղացումը կատարուած էր 2019-ին, Քոլումպիա համալսարանին մէջ, երբ դոկտ․ Մուրատեան յաճախ կը զրուցէր երիտասարդ ուսանողներու հետ։
Ժամանակ պէտք էր տրամադրել, հաւաքուելու, զրուցելու, պատմելու եւ զանազան նիւթեր արծարծելու։ Այդպէս ալ եղաւ եւ ներկաները գոհունակութեամբ հետեւեցան զանազան նիւթերու, որոնք բծախնդրութեամբ եւ մանրամասնութեամբ քննուեցան հարց-պատասխանի առիթներ ստեղծելով։