Շաբաթ, 18 Յունիսին թշնամիի կրակոցէն ժամկէտային զինուոր մը զոհուած է

Շաբաթ, 18 Յունիսին թշնամիի կրակոցէն ժամկէտային զինուոր մը զոհուած է

Շաբաթ, 18 յունիսի ուշ երեկոյեան հայ-ազրպէյճանական սահմանային գօտիի Վարդենիսի հատուածին մէջ թշնամիի կրակոցէն ժամկէտային զինուոր մը զոհուած է:

Տեղեկութիւնը «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց Վարդենիսի աւագանիի «Միասնական Վարդենիս» դաշինքի անդամ Դաւիթ Շահնազարեան:

Այս պահուն իրավիճակը հանգիստ է: Յիշեցնենք, որ տակաւին անցած տարուան մայիս ամիսէն թշնամիին զօրքը ներխուժած է Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզեր, դիրքաւորուած ռազմավարական նշանակութեան բարձունքներու վրայ:

Ըստ «Նիուզ»-ին, զոհուած ժամկէտային զինուոր 19-ամեայ Հրաչ Փիլիպոսեանը Արագածոտնի մարզի Բիւրական գիւղէն էր, մէկ տարուան զինուոր:

Share