Լուրեր Արևմտեան Թեմի Առաջնորդարանից

Լուրեր Արևմտեան Թեմի Առաջնորդարանից

ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը Յունիսի 13-ին իր անդրանիկ հովուական այցը կատարեց Ափլընտի (Upland) տարածաշրջանի հայութեանը եւ նորահաստատ համայնքին։ Ափլընտի համայնքը ինքնակազմակերպուած է վերջին տարւոյ ընթացքին, Բարշ. Գեւորգ Սրկ. Հալաճեանի գլխաւորութեամբ։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպմանը ներկայ էին հարիւրէ աւելի հաւատացեալներ։ Սրբազան Հօր այցելութեան ընթացքին կ’ուղեկցէր Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր հովուի օգնական Բարշ. Արթուր Սրկ. Վարդանեանը։

Սրբազան հայրը եւ այցի մասնակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, այսքան կարճ ժամանակամիջոցին հնարաւոր եղաւ ձեւաւորել կազմակերպուած համայք ու կոկիկ եկեղեցի, հոգեւոր արարողութիւններ կատարել եւ ի մի հաւաքել շրջանի հայութեան


Հաղորդագրութիւն

Արժ. Տ. Գեւորգ Քհնյ. Աբեանի հոգեւոր սպասաւորութեան եւ ուսումնառութեան մասին

Այսու կու գանք տեղեկացնելու, որ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ՝ Արժ. Տ. Գեւորգ Քհնյ. Աբեանը 2022, Օգոստոս 1-էն սկսեալ հոգեւոր ծառայութեան կ’անցնի Ventura County շրջանէն ներս։

Հոգեւոր ծառաայութեանը զուգահեռ Տ. Գեւորգ Քհնյ. Աբեանը ուսման շրջան մը կ’ունենայ Կամարիլիոյի Սէնթ Ճոն հոգեւոր սեմինարիայէն ներս (St. John’s Seminary International Institution in Southern California)։  

      Արժ. Տ. Գեւորգ Քհնյ. Աբեան ծնած է Մասիս, Հայաստան, 25 Մայիս 1988-ին։ 2011-ին, աւարտած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գեւորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը, ապա իր ուսումը շարունակած է Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ՝ ստանալով Մագիստրոսի կոչում։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին մէջ մէկ տարի պաշտօնավարելէ յետոյ, Տէր Հայրը շուրջ եօթը տարիներ ծառայած է Հայոց Բանակի մէջ՝ ստանձնելով նաեւ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Աւագ Գնդերէցի պաշտօնը։

Դիւան Առաջնորդարանի

17 Յունիսի, 2022

Share