Խռով Երևան

Խռով Երևան

Յ. Պալեան

            Միշտ յամեցող գարնան զովը եւ անձրեւը արգելք են տունէն յաճախ դուրս գալու: Հեռատեսիլի բազմաթիւ կայանները տեւաբար կը խօսին եւ պատկերներ կը սփռեն: Անոնք թեր ու դէմ կարծիքներու եւ բազմապատկուող վերլուծումներու բեմ են: Հիմա արդէն իշխանութեան դէմ, անոր հրաժարումը պահանջող ցոյցեր կան: Նորութիւն չեն: Հայ մարդիկ կը բողոքեն, չեն հաշտուած Հայրենիք-Արցախի կորուստին հետ: Քառասունչորսօրեայ պատերազմի պարտութիւնը կապարի ծանրութեամբ նստած է հոգիներու վրայ, Եռաբլուրը ուխտավայր է: Ազգի անսահմանսահմայնացած սուգի հազարաւոր դրօշներով պանթէոն:

            Կ’ընթանան սահմանագծման-սահմանազատման բանակցութիւններ: Հայկական եւ հայաբնակ գիւղեր կը տրուին, կը զիջուին, կը կիսուին: Հայ մարդու հօր, մօր, զաւկի գերեզմանը կը մնայ գծուող սահմանի միւս կողմը, կը տրուի հատուցում: Կարծէք զաւկի կամ հօր գերեզմանը սեղան կամ աթոռ ըլլար, որոնց տեղը կը փոխեն: Դրպրոցի մը կէսը կը մնայ սահմանի այս կամ այն կողմը: Նշանաբան եւ առաջադրանք են խաղաղութիւնը, որուն համար հայրենի տարածքներով վճարուող գինը, որ անընդունելի կը համարուի բողոքի ցոյցի ելած զանգուածին կողմէ: Հայաստան եւ սփիւռք կը գրեն եւ կը խօսին այս մասին, կը բողոքեն, բայց սահմանագծումները կը շարունակուին, հողեր կը տրուին: Կ’ըսուի նաեւ փոխզիջում, որուն մասին ոչինչ կ’ըսուի:

            Ինչպէ՞ս չյուզուիլ ի տես եւ ի լուր զանգուածային բողոքի շարժումներուն, այնքան կը խօսուի եւ կը գրուի անոնց մասին, որ կրկնութիւն պիտի ըլլայ ինչ որ ըսեմ:

            Հոգիս խռով է նաեւ այլ պատկերի մը ի տես:

            Յայտարարուած էր, բողոքի ցոյց պիտի ըլլար Ազատութեան հրապարակին վրայ: Բաղրամեան փողոցով, Գրողներու տան առջեւէն անցաւ հանրակառքը: Իջայ Օփերայի հրապարակի մօտակայ կայանը: Պարտէզին մէջ, ինչպէս միշտ կը վաճառուէին գեղանկարներ: Նստարաններուն վրայ մարդիկ կային: Կարծէք սպասում մը ունէին:

            Շարունակեցի ճամբաս դէպի Օփերա: Ճամբաներու վրայ, կողքի փողոցներուն մէջ, անթիւ եւ անհամար ոստիկաններ կային, ջոկատներ, կառքեր: Կը լսուէին անոնց ահազանգային խլացնող սուլոցները: ինչպէս կ’ըսուի, կային յատուկ միջամտութեան կարմիր պերետաւոր ոստիկաններ: Բազմաթիւ ինքնաշարժներ տեւաբար կ’աղմկէին իրենց ճչակներով:

            Օփերայի առջեւ գտնուող նստարանի մը վրայ, տարեց մարդոց եւ կիներու կողքին տեղ մը գտայ, եւ դիտեցի: Հանրահաւաքի համար եկող բազմութիւն չկար: Ըսին, որ ժողովուրդը կը քալէր Երեւանի փողոցներով, հասնելու համար Ազատութեան հրապարակ:

            Սպասեցի: Միջադէպ մը պատահեցաւ. ոստիկանները երիտասարդ  բռնեցին եւ տարին: Պատճառը չհասկցայ:

            Աւելի քան երկու ժամ նստած մնացի: Զրուցեցի մշեցի հայ կնոջ հետ, որ կ’երազէր իր հայրերու քաղաքը տեսնել: Երիտասարդ եւ արդէն մեծ մայր Ժաննան մէկ խումբէ միւսը կ’երթար եւ ընդվզումով ճառ կը խօսէր:

            Բողոքողներու բացակայութեան, զանազան գոյնի տարազներով ոստիկաններ կը խճողէին հրապարակը եւ կողքի փողոցները: Ի՞նչ կը պաշտպանէին սեփական ժողովուրդին դէմ, որ կրնար խմբուիլ եւ բողոքել:

            Պարտուած ժողովուրդ մը, որ պառակտուած է: Փոխանակ վերականգնելով իր իրաւունքը վերագտնելու, ոստիկանական բռնութեան դէմ գտած է ինքզինք:

Եւ կը փորձէ համախմբուիլ յանդգնութիւն ունեցող եկեղեցականի մը շուրջ: Կը լսէ զայն:

            Իշխանութիւն եւ ժողովուրդի զաւակներէն կազմուած ոստիկաններու բանակը պիտի լսէ՞ ազգի ձայնը, փոխանակ ըլլալու անոր ձայնը խեղդող խցան:

            Այս խառնիխուռն մտքերով հանրակառք բարձրացայ:

            Ահաւոր եւ լուռ տխրութեամբ համակուած գտայ համակարգիչիս ստեղնաշարը ինքզինքս յիշելու եւ ինքզինքիս հետ խօսելու համար:

            Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի գտնեմ պճեղ մը յոյս՝շնչահեղձ չըլլալու համար

Share