Այսօր Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութիւն եւ թաղում բնիկ Մուսալեռցի կրթական մշակ, ազգային գործիչ՝ Մովսէս Այնթապլեանին։

Մատղաշ սերունդներու վրայ իր անջնջելի եւ բարի հետքը թողած Այնթապլեան ծնած էր Մուսալեռան վագըֆ գիւղը 1931 թուականին։
Ան նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնճարի «Յառաջ» նախակարթարանէն ներս եւ ապա ուսումը շարունակած Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, ուր աշակերտած է Յակոբ Օշականին որ շատ մեծ ազդեցութեան գործած է վրան։
Ապա աւարտած է Անթիլիասի դպրեվանքը իբրեւ դասընկեր ու սենեկակից ունենալով երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսը։
Երկար տարիներ եղած է հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Պէյրութի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Այնճարի տարբեր հայկական վարժարաններու մէջ, ինչպէս նաեւ վարած է Այնճարի ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։
Այս առթիւ Այնճարի «Յառաջ — Գ.Կիւլպէնկեան Ազգային Քոլէճ»ը հրապարակած է մահագրութիւն մը նշելով, որ վարժարանի մեծ ընտանիքը կը գուժէ մահը քոլէճիս հայ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ (1964-94), այնուհետեւ տնօրէն (1975-94)՝ Պրն. Մովսէս Այնթապլեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ 14 Մայիսին: Վշտակից ենք անոր ընտանիքին, հարազատներուն, իր հետ գործած ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ իր հոգատարութիւնը վայելած աշակերտական սերունդներուն:
Օրակարգը իր հերթին ցաւակցում է Մովսէս Այնթապլեանի հարազատներուն և բարեկամներուն յատակապէս ՀՅԴ Արևմտեան ԱՄՆ Կեդրոնական Կոմիտէի նախկին ներկայացուցիչ՝ Ռոստոմ Այնթապլեանին: