Հիւսիսային Ամերիկայի թեմակալ երեք առաջնորդներու ժողով

Հիւսիսային Ամերիկայի թեմակալ երեք առաջնորդներու ժողով

Հինգշաբթի, 4 Մայիս 2023-ին, Գանատայի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Բաբգէն Արք. Չարեան, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանը, նախապէս առնուած որոշման հիմամբ:

Թեմակալ Առաջնորդները խորհրդակցեցան հայ ազգը, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Թեմերը յուզող հարցերու մասին:   

Առանցքային նիւթ դարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի Հովուական այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմեր եւ այս առիթով վերջնականացուեցաւ ժամանակացոյցը:

Առաջնորդ Հայրերը անգամ մը եւս յոյս յայտնեցին, որ Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը պիտի սատարէ երեք շրջաններու հայութեան հաւատքի նորոգութեան, ազգային ինքնութեան նորօրեայ արժեւորման եւ հոգեւոր ու մշակութային կեանքի յաւելեալ ծաղկումին:

Սրբազան Հայրերը զեկոյցներ լսեցին քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան թեմերէն ներս իրագործուող աշխատանքներու մասին եւ քննարկեցին, թէ ինչպէս կարելի է փոխանակել եւ օգտուիլ այդ աշխատանքներէն։ Անոնք երեք Թեմերու Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքներու վարիչներու միացեալ հանդիպում մը յանձնարարեցին, թափ տալու դաստիարակչական ու հրատարակչական միջ-թեմական ծրագիրներու:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը վերահաստատեցին իրենց որոշումը պարբերաբար ունենալ նման հանդիպում-ժողովներ՝ միացեալ աշխատանքներ յառաջ տանելու եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վերարժեւորելու հայ կեանքին մէջ, ի փառս Աստուծոյ։

Share