Բանուորուհին, Մայիս մէկի առիթով

Բանուորուհին, Մայիս մէկի առիթով

Բանուորուհին

Դանիէլ Վարուժան

Պատուհանիս տակէն, ամէն առաւօտ,
ՈՒրուականի պէս կ’անցնիս.
Եւ կուսագեղ գլուխիդ վրայ կ’արտասուէ
Տերեւաթափ վարդենիս:

Լուռ թաղին մէջ կը լսեմ քայլդ, ու զարթնող
Շունն` որ վրադ կը հաչե՜.
Կամ կը լսեմ քնիս մէջէն ձայնն հազիդ`
Որ ծոցդ աղուոր` կը տանջէ:

Եւ կը խորհիմ թէ քնատ ես եւ նօթի.
Իրանդ հովէն կը դողայ.
Եւ կը նստի գանգուրներուդ վրայ, քո’ւյր,
Եղեամն իբրեւ շափիւղայ:

Կամ մուճակներդ են պատռտած, փողոցին
Ջուրն անոնց մէջ կը ճողպայ.
Կամ ետեւեդ շվայտօրէն կը սուլէ
Սրիկայ մը անոպայ:

Եւ կը խորհիմ թէ, տան մէջ, մայրդ է հիւանդ.
Ցամքած է ձէթն ալ ճրագին.
ՈՒ դուն կ’երթաս գործատան մէջ աշխատիլ
Լոյսին համար ու կեանքին:

Ես կը խորհի՜մ — եւ խենթի պէս կը բաղձամ
Վար իջնել, քո’ւյր դալկադէմ,
Քո’վդ իջնել, համբուրել ձեռքդ նիհար,
Եւ հծծել. — “Քեզ կը սիրեմ:” —

Կը սիրեմ վիշտդ` որ իմ վիշտս է գերագոյն,
Կը սիրեմ կուրծքդ քանդուած`
Որուն մէջ դեռ կը յամառի Սերդ երգել
Արտոյտի պէս սրարբած:

Կը սիրեմ քու անօթութիւնդ ու ծարաւդ,
Եւ ոսկորներդ ուժասպառ.
Ես կը սիրեմ կոյս աղիքներդ ցամքած,
Մազերուդ սուգն` ուսեդ վար:

Եւ ես կ’ուզեմ ամփոփել քեզ սրտի՜ս վրայ
Տատրակի պէս տարագիր,
Տալ ուժս քեզ, մրցանակներս փառքի,
Եւ ազգանունս անբասիր.

Կուրծքս վահան ընել կուրծքիդ նշաւակ,
Եւ քօղն ըլլալ պատիւիդ,
Կրանիդէ բազուկիս տակ պաշտպանել
Սեռդ ու գեղդ անժպիտ:

Կ’ուզեմ քեզ տալ ինչ որ պայքարն ինձ տուաւ,
Ինչ որ խլեցի մարտէրով.
Քեզ պսակել արիւնիս գոյնն ունեցող
Յաղթանակիս վարդերով:

Միայն թէ դուն չլլաս տժգոյն ու քաղցած,
Արեւուն տակ չը հազաս.
Մորդ վերեւ չը մարի ճրագն, ու, ո’վ քոյր,
Դուն գործատուն ա’լ չերթաս:

Share