ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
2022 թուականի դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Շուշիի մատոյցներուն մօտ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակումը, դէպի Արցախ կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումներու արգելափակումը, արցախահայութեան նկատմամբ անցնող ամիսներուն ահաբեկչական բնոյթի քայլերը ցարդ համարժէք հակազդեցութեան չարժանացան Հայաստանի իշխանութեան եւ միջազգային դերակատար ուժերու կողմէ: Այժմ ալ Ազրպէյճանը դիմած է նոր սանձարձակութեան` սահմանային հսկիչ անցակէտ տեղադրելով Կոռնիձորի կամուրջի հատուածին մէջ:
Ակնյայտ է, որ Բերձորի միջանցքին մէջ ազրպէյճանական կողմի սադրիչ եւ սանձարձակ քայլերու նպատակը Արցախի հայաթափման ցեղասպան քաղաքականութիւնը առաջ մղելն է:
Ազրպէյճանը շարունակ նորանոր պահանջներ կը ներկայացնէ եւ սպառնալիքներ կ՛ուղղէ Հայաստանի ու Արցախի հասցէին` այդ բոլորը զուգորդելով ուժ կիրարկելու սպառնալիքին հետ:
Ի տես այս իրողութեան, Հայաստանի ներկայիս իշխանութիւնը կը շարունակէ վտանգաւոր յայտարարութիւններով, խաղաղասիրական կեղծ թեզերով եւ յանցանքի համազօր անգործունէութեամբ փաստացիօրէն եւ այլեւս բացայայտ կերպով հրաժարիլ Արցախի եւ արցախահայութեան ապահովութեան, իրաւունքներու եւ շահերու երաշխաւորի իր սահմանադրական պարտաւորութիւններէն:
Աւելի՛ն, Հայաստանի ներկայիս իշխանութեան ապազգային քաղաքականութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի ապահովական հարցերու պարագային չէ միայն, որ կործանարար է: Փորձ կը կատարուի «նոր դիտանկիւնէ» վերարժեւորելու, սակայն իրականութեան մէջ` արժեզրկելու ազգային-գաղափարական, ռազմավարական հիմնասիւները: Շարունակաբար եւ հետեւողականօրէն կը թիրախաւորուին Հայ առաքելական եկեղեցին, հայոց ազգային, մշակութային արժէքներն ու պատմութիւնը, բացայայտօրէն կ՛ոտնակոխուին հայութեան անժամանցելի իրաւունքները, սերունդներու պայքարն ու ատոր արդիւնքները: Ցայտուն ապացոյցը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ելոյթն է, «պատմութեան ընկալման դիտանկիւնը, ընկերային-հոգեբանական ընկալումը» փոխելու անհրաժեշտութեան եւ իբրեւ թէ «հայրենասիրութեան մեր սեփական, {…} մեր պետական մոտելի ստեղծման» առաջադրանքի մասին, սակայն իրականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային եզրոյթէն փաստացի հրաժարում է: Այս ճամարտակութիւնները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ թրքական տեսակէտներուն տուրք տալ եւ Թուրքիոյ նախապայմաններու գոհացում` այսպէս կոչուած «առանց նախապայմաններու» «լիարժէք կարգաւորման ուղղուած» բանակցութիւններու գործընթացին մէջ:
Սեփական նախընտրական ծրագիրը ուրացած, սակայն ժողովուրդի մէկ հատուածը այդ ծրագրով մոլորեցնելու ճամբով իշխանութիւնը պահպանող քաղաքական ուժին ո՛չ ոք իրաւունք տուած է ապազգայնացնելու եւ ինքնիշխանութենէն զրկելու մեր պետութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախին կապող միջանցքին մէջ ազրպէյճանական որեւէ անցակէտի տեղադրումը միանշանակ կերպով անընդունելի է, կը հակասէ միջազգային օրէնքին եւ որեւէ պարագայի չի կրնար քննարկման առարկայ դառնալ:
Արցախը երբեք չէ եղած ու երբեք ալ պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր բոլոր կարելիութիւններով եւ հնարաւոր բոլոր հարթակներու վրայ, հետամուտ է ապահովելու միջազգային հանրութեան եւ պատկան կառոյցներու հասցէական գնահատականն ու համարժէք արձագանգը, ինչպէս նաեւ յայտարարութիւններէն անդին` գործօն քայլեր:
Մեր աչքերուն առջեւ է մեզի համար նախապատրաստուած աղէտն ու արհաւիրքը: Ազգային ինքնապահպանութեան բնազդը մեզ կը մղէ դէպի ըմբոստացում: Դիմադրութիւնը այլընտրանք չունի: Իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է նպաստել մեր փառապանծ բանակի հզօրացումին:
Վերջին տարիներուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը բազմաթիւ անգամներ միասնականութեան եւ համախմբումի կոչ ըրած է, որ ցաւ ի սիրտ, յաճախ մնացած է անարձագանգ: Անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք հայոց ազգային ուժերուն` մէկ կողմ ձգելու տարակարծութիւնները եւ հայրենիքի օրհասական այս պահուն` միաւորուելու, ներքին ու արտաքին վտանգը դիմագրաւելու, պետութեան ինքնիշխանութիւնը պահպանելու եւ հզօր Հայաստան կերտելու համար:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
28 ապրիլ 2023