Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Թուրք սերժան Ալի Օզ, որ մասնակցած է հազարաւոր ալեւի քիւրտերու եւ հայերու կոտորածին՝ Թուրքիոյ Տերսիմի շրջանին մէջ, 1937-1938 թուականներուն, ցնցող խոստովանութիւն մը ըրած է այդ սպանութիւններուն մէջ իր դերակատարութեան մասին։ Չափազանց վրդովեցուցիչ է կարդալ սպանութիւններու մասին գրուած այդ զարհուրելի մանրամասնութիւնները։
Օզի նամակին աղբիւրը Հասան Սալթըքի արխիւն է․ ան Kalan Music-ի հիմնադիրն է, որ ստեղծած է թրքական եւ հայկական երաժշտութեան արժէքաւոր ձայնագրութիւններ: Կեանքէն հեռացած է երկու տարի առաջ։ Սալթըք թուրք պետական հարիւրաւոր փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ ունէր, զորս կիսուած է քանի մը հետազօտողներու հետ: Անոնցմէ մէկը Նեւզաթ Օնարանն է, որ շատ գրած է հայկական բռնագրաւուած կալուածներու մասին։ Փրոֆեսըր Թաներ Աքչամ ինծի տուաւ Օզի նամակին պատճէնը, զոր ան ստացած էր Օնարանէ: Աքչամ շնորհակալութիւն յայտնած է Նիլուֆերի՝ Սալթըքի կնոջ, նամակը օգտագործելու թույլտուութեան համար։
17 Դեկտեմբեր 1946ին, սերժան Օզ նամակ մը գրած է ներքին գործերու նախարար Շուքրու Քայեայի եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր՝ աշխատանք գտնելու համար հզօր զօրավար Ապտուլլահ Ալփտողանի միջնորդութեամբ, որ Տերսիմի կոտորածը կազմակերպելու գործով Աթաթուրքի կողմէ Տերսիմի շրջան ուղարկուած նահանգապետ-զօրավարն էր։ Օզ Ալփտողանի թիկնապահն էր Տերսիմի մէջ։
Նախարար Քայեայի յղած իր նամակին մէջ Օզ ըսած է, որ իր բանակային գործընկեր Էթհեմ, որուն հետ եղած է Տերսիմի կոտորածին, վերջերս այցելած է իրեն։ «Ան ամբողջութեամբ կորսնցուցած էր խելքը։ Ցնցուելով դուրս կու գար անկողինէն եւ գոռալով կը թռչէր փողոց…: Ես դժուարութեամբ կը յաջողէի զայն զսպել։ Մանուկները, զորս ան սպաննած էր, անընդհատ կ՛անհանգստացնէին զինք։ Ան չէր կրնար քնանալ կամ ուրիշ բան ընել։ Մեծ դժուարութեամբ զայն տարի Իզմիր եւ յանձնեցի իր ընտանիքին։ Վերադառնալէս ետք լուր ստացայ, որ ան կտրած է իր դաստակները եւ ինքնասպան եղած»։
Սերժան Օզ նկարագրած է Տերսիմի մէջ իր կատարած յանցագործութիւններուն ազդեցութեան մասին։ «Այս միջադէպը խոր ազդեցութիւն ձգեց վրաս։ Այն տխուր դէպքերը, զորս ես ապրած էի, սկսան մէկ առ մէկ վերադառնալ մտքիս: Իմ սպաննած մանուկներուն աչքերը կը դոփէին գլխուս մէջ, եւ ես նոյնպէս սկսայ չքնանալ, չուտել։ Ես կ՛արթննամ ցնցուած, կը կորսնցնեմ ես զիս։ Այնպէս կ՛ըլլայ, որ չեմ գիտեր՝ ո՛ւր գացած, ի՛նչ ըրած եմ»։
Օզ գրած է, որ զինք ուղարկած են հոգեբոյժի: «Բժիշկը ինծի յանձնարարեց գրել այն, ինչ ըրած եմ եւ ստորագրած: Հիմա ես դեղ կը գործածեմ։ Ինծի երեք ամիս արձակուրդ տուին։ Բայց նախարար, մեր զօրավարը ըսաւ. «Այստեղ (Տերսիմի մէջ) կատարուածին մասին չխօսիք ոչ մէկ քաղաքացիի, նոյնիսկ ձեր մօր կամ հօր հետ։ Հակառակ պարագային բոլորդ կախաղան կը բարձրացուիք։ Ես գրած եմ այդ բաները եւ ստորագրած։ Հիմա սկսած եմ վախնալ, թէ ինծի բան մը կը պատահի՞։ Ես խնդրեցի բժիշկէն վերադարձնել գրածս։ Անկարելի է, ան չի տար»:
Օզ ներքին գործերու նախարարին պատմած է, թէ ի՛նչ գրած է իր հոգեբոյժին. «Ես մասնակցած եմ Տերսիմի գործողութեան, 1937-1938 թուականներուն։ Ես իմ զօրավարի թիկնապահն էի։ Աւազակներու հետ շատ բախումներ եղած են։ Մեր բռնած աւազակները կամ յանձնուողները սպաննած ենք՝ կին, թէ մանուկ։ Բոլորին վրայ քարիւղ լեցուցած եւ վառած ենք։ Երբեմն զօրավարը կը հրամայէր՝ քարիւղ լեցընել անոնց վրայ կենդանի վիճակի մէջ եւ վառել։ Գոռալով ու ճչալով անոնք կ՛այրէին եւ մոխիր կը դառնային, անոնց մարմնին հոտը ամբողջութամբ այրած էր մեր քթածակերը»:
Օզ շարունակեց իր սարսափելի յիշողութիւնները. «Զօրավարին լուր եկաւ Տերսեմեքէն (Տերսիմ). «Կիները եւ մանուկները թաքնուած էին գետափի զառիթափին, ի՞նչ ընել»: «Բոլորին սպաննեցէ՛ք եւ վառեցէ՛ք», հրամայեց զօրավարը: Երկու ժամ ետք հարիւրապետը ցուցմունք տուաւ։ Բայց ոչ ոք կ՛ուզէր մանուկներուն վնասել։ Անոնք ականջ չտուին հրամաններուն։ Զօրավարը շատ զայրացաւ։ Զինուորներու ջոկատով ճամբայ ինկանք։ Բոլորը կանգնած էին քար կտրած։ Ան սկսաւ հարուածել հարիւրապետին եւ զինուորներուն։ Հայհոյելով՝ ըսաւ. «Բոլորը հո՛ս բերէք, հոս հարթ է»: Կիներ եւ մանուկներ՝ գոռալով ու ճչալով, ողբալով ու հառաչելով, կը պաղատէին զօրավարին ոտքերուն քով: Անոնց մարմնին եւ ոտքերուն միայն ցնցոտիներ էին։ Բոլորին ձեռքերն ու ոտքերը կապած էին, բերանները խցկած էին լաթերով։ «Հիմա, զինուորնե՛ր, ես ձեզի կը դիմեմ, այս քըզըլպաշներու (ալեւիներու) սերունդները բոլորը դաւաճաններու բիճեր են, ձեր ընկերները սպաննողներուն բիճերը, եւ եթէ անոնք մեծնան, կը շարունակեն սպաննել ձեր եղբայրները։ Զանոնք պէտք է ոչնչացնել։ Մենք արմատախիլ ըրինք հայկական սերունդը, մնացած են այս քիւրտերն ու քըզըլպաշները։ Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր զաւակները երջանիկ ապրին այս երկրին մէջ, սպաննեցէ՛ք առանց խղճահարութեան։ Կառավարութիւնը, մեր նախագահը, յանձնարարած են ջնջել, վառել, քանդել։ Ոչ ոք պիտի դատուի ըրած գործերուն համար, ես կը խոստանամ ձեզի», ըսաւ ան»:
Յետոյ զօրավարը հրամայեց. «Իւրաքանչիւրդ հերթով մէկ-երկու հոգի սպաննեցէք»։ Խումբին մէջ լռութիւն տիրեց։ «Հարիւրապետ, սկսի՛ր, երկու հոգի բե՛ր», ըսաւ ան։ Բերին երկու մանուկ, ան կրակեց անոնց գլխուն։ Երկուքն ալ մեռան։ Երբ բանը հասաւ երրորդ զինուորին՝ Տիարպեքիրէն Սալիհին, ան մօտեցաւ մանուկներուն եւ ինկաւ անոնց առջեւ։ «Իմ զօրավար, չեմ կրնար, ես ալ զաւակներ ունիմ»։ «Մանուկները անմեղ են», ըսաւ ան, «այս թշուառները»: Զօրավարը ըսաւ՝ «դուն անիծեալ քիւրտ ես, այդ քու ցեղդ է, ասոր համար ալ կը ցաւիս, այդպէս չէ՞»։ Ան կրակեց զինուորին ճակատին եւ ըսաւ. «ո՛վ չկատարէ հրամանը, կ՛արժանանայ անոր բախտին»։ Այսպիսով, բոլորը սկսան սպաննել մէկ կամ երկու կին եւ մանուկներ: Ամէն մահապատիժէ ետք զօրավարը ինքն ալ մէկ-երկու կրակոց կ՛արձակէր անոնց գլխուն՝ համոզուելու համար, որ մահացած են։ Իւրաքանչիւրը պէտք է կատարէր իր պարտքը։ «Եկո՛ւր մօտս, սերժան (Օզ), քու հերթդ է»։ Մնացած էին երեք փոքր աղջիկներ։ «Ասոնցմո՛վ զբաղեցէք», ըսաւ ան: Մանուկները կծկուած էին գետնին, աղտոտած էին իրենց ցնցոտիներուն մէջ եւ կու լային թշուառ վիճակի մէջ։ Ես նայեցայ անոնց աչքերուն մէջ եւ երեքն ալ սպաննեցի։ Անոնց աչքերը խորապէս խոցեցին հոգիս։ Ես չեմ կրնար մոռնալ անոնց աչքերը: Այդ օրը մահապատիժի ենթարկուեցան 70-80 մանուկ եւ 30 կին։ Բոլորին մարմինները նետեցին Մուրատի ջուրերը։ Գետը լեցուեցաւ արիւնով։ Շատ զինուորներ ներում կ՛աղերսէին։ Ես շատ մարդ սպաննած ու վառած եմ, սակայն այդ փոքրերուն աչքերուն պէս խոցող աչքեր չեմ տեսած»։
Սերժան Օզ իր նամակը աւարտած է հետեւեալ տանջալից գրառմամբ. «Ես ինչպէ՞ս կրնամ նայիլ զաւակներուս աչքերուն»:
Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան