Տիգրան Ճինպաշեան
Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը` 1965-ին, կարեւոր դարձակէտ մը եղաւ հայութեան վիճակուած մեծ աղէտին քաղաքականացման տեսակէտէն: Այդ օրերուն տակաւին Մեծ եղեռն կը կոչէինք ջարդն ու տարագրութիւնը, իսկ անոր ոգեկոչումները, ամէն տարուան Ապրիլ 24-ին, արտակարգ ողբերգութեան մը վկայութիւն կը դառնային: Շատեր իրենց մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն կենդանի վկաները դարձած էին եղելութեան, ազգականներ ու բարեկամներ կորսնցուցած էին, տեղէ այլ տեղ փոխադրուած էին: Ահաւոր բան մը պատահած էր հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ իրենց աչքերուն առջեւ, ոմանց պարագային` իրենց իսկ մասնակցութեամբ:
Մեծ եղեռնի յիշատակումը միայն արտասահմանի մէջ տեղի կ՛ունենար: Հայաստանի մէջ սովորական օր մըն էր Ապրիլ 24-ը, վստահաբար` շատերու կողմէ լուռ ու մեկուսի ոգեկոչուած միայն:
1965-ին Հայաստանի ժողովուրդը անակնկալօրէն պոռթկաց ու «Մեր հողերը» կանչով ողողեց հրապարակը: Արտասահմանը ոգեկոչումը փոխակերպեց պահանջատիրութեան ու գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ ցոյցեր կազմակերպեց: Հայաստանի մէջ կառուցուեցաւ Ծիծեռնակաբերդը, իսկ սփիւռքի մէջ բազմացան յուշարձանները:
1965-ի հիմնական փոփոխութիւնը քաղաքական պահանջատիրութեան գոյառումն էր: Հայ դատի յանձնախումբերու ճամբով քարոզչական մեծ աշխատանք ծաւալեցաւ: Երիտասարդութիւնը քաղաքականացաւ ու գործունեայ դարձաւ: Տասնամեակ մը ետք ահաբեկչական յորջորջուած արդարադատ արարքներ կատարուեցան: Յօդուածներ ու գիրքեր գրուեցան ու պետական ատեաններ ստիպուած են զբաղելու հայ ժողովուրդի պահանջներով` Հայ դատով:
Հայաստանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի բազմամարդ այցելութիւններէն անկախ, միայն մտաւորականութիւնն է, որ գրական թէ պատմագիտական ստեղծագործութիւններով արծարծ կը պահէ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը: Քաղաքական պահանջատիրութիւնը բացակայ է, որովհետեւ խորհրդային պետութեան համար Հայ դատը միայն յիշողութեամբ կը սահմանափակուի:
Արտասահմանեան աշխատանքը բնականաբար չէր կրնար Հայ դատի հողային պահանջներուն համար գործնական արդիւնքի հասնիլ: Այդ գործը վերապահուած էր Հայաստանին: Սփիւռքի մէջ կատարուածն ու անոր նոյնիսկ թոյլ արձագանգը Հայաստանի մէջ դարձաւ արթնութեան խայծ Հայաստանի ժողովուրդին ու յատկապէս անոր մտաւորականութեան համար: Ստեղծուեցան ենթակայական այն ենթահողը, որ տարիներ ետք, քաղաքական յուսատու պայմաններու բերումով յանգեցան ղարաբաղեան պահանջատիրութեան եւ Հայաստանի անկախացման:
Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն լծուած հանրութեան համար արդիւնաւոր աշխատանքի հիմնաւոր խարիսխը բնականաբար հայոց հողն էր` Հայաստանը: Անկախ Հայաստանը միայն իր ազգային քաղաքականութեամբ կրնար արդիւնաւորել իրազեկման մեծ աշխատանքը եւ դրական արդիւնք ապահովել: Ու մենք ասիկա տեսանք ղարաբաղեան պահանջատիրութեան արդիւնաւորմամբ եւ իբրեւ Հայ դատի մասնակի լուծում` Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումով:
Անկախացած Հայաստանը չդարձաւ Հայ դատի հետապնդման ցանկալի խարիսխը: Պետական կառավարման ազգային համապարփակ ծրագրի մը բացակայութիւնը արգելք դարձաւ իշխանութիւններու կողմէ ժամանակի պայմաններուն համահունչ ռազմավարութիւններու որդեգրման: Հայ ազգի ձգտումներն ու պահանջները, հայ ազգի գոյութիւնն իսկ երաշխաւորող սկզբունքները չեն սահմանուած: Քաղաքական աշխատանքը կը տարուի իշխանութեան հասած մարդոց պարագայական ձգտումներուն նկատառումով: Չկայ համապարփակ ազգային ծրագիր, հետեւաբար չկայ նաեւ այդ ծրագրի գործադրութեան շարունակական ընթացք, թէկուզ` ռազմավարական կամ մարտավարական առաջնահերթութիւններու նկատառումով: Այս է մեր վերջին ձախողումներուն բանալին:
Յաճախ ձայներ կը բարձրանան, որ սփիւռքը պէտք է ինքնուրոյն իր աշխատանքները վերաշխուժացնէ: Անկախ Հայաստանի գոյութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանի ու սփիւռքի քաղաքական գործառնութիւնները պէտք չէ հակասեն իրարու: Հայաստան, Արցախ, սփիւռք եռամիասնութիւնը սին լոզունգ չէ. ազգի ու հայրենիքի միասնութեան խորհրդանիշ է, անոնց գոյութեան կենարար պայման: Հայաստան Ցեղասպանութեան ճանաչման, պահանջատիրութեան, Հայ դատի պայքարի անփոխարինելի խարիսխն է: Որեւէ իշխանութիւն չի կրնար այս իրողութիւնը քողարկել: Որեւէ իշխանութիւն չի կրնար ներկայ Հայաստանի նեղ սահմանները իբրեւ վերջնական դաւանիլ: Ժամանակաւորապէս պայքարը կրնայ դադար առնել, սակայն հեռանկարը չի կրնար անտեսուիլ: Ազգային իրաւունքները անտեսող Հայաստանը անկախ չէ: Անկախութիւնը միայն լաւ ապրելակերպով ու տնտեսական յառաջդիմութեամբ չի բնորոշուիր: Անկախութիւնը միացեալ Հայաստանի տեսիլքով կը կենսաւորուի:
Ժամանակն է, որ ազգովին վերասահմանենք Հայաստանի անկախութիւնը` Հայաստանը դարձնելով առաջատար առաջնորդը Հայ դատի պահանջատիրական պայքարին: