Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ դոկտոր Մկրտիչ Մկրտիչեանի։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Ազրպէյճան ու Հայաստան-Թուրքիա եւ Արցախի ու ընդհանրապէս Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք յարաբերութեանց առնչուած հարցերուն ու զարգացումներուն։