Ըլլանք զգօ՛ն, պահանջատէ՛ր, միացեա՛լ, Արցախակա՛ն

Ըլլանք զգօ՛ն, պահանջատէ՛ր, միացեա՛լ, Արցախակա՛ն

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Պատգամը

Աշխարհի Արեւելք-Արեւմուտք խաչմերուկին՝ դարաւոր կռուախնձորի վերածուած փոքրիկ բայց հնաւուրց հայրենիք մը կայ, Հայաստան անուն սրբազան օրրանը Սուրբ Գրային հայ ժողովուրդին, որուն միլիոնաւոր զաւակները, թիւով աւելի՛ շատ՝ քան իրենց պապենական հողին վրայ ներկայիս ապրողներուն քանակը, դար մը եւ աւելի տարիներէ ի վեր ցիրուցան կ՛ապրին աշխարհի չորս ծագերուն, ի հետեւանք՝ անցեալ դարուն, Օսմանեան կայսրութեան օրօք, մարդկութեան դէմ գործուած այն սարսափելի ոճիրին, որ 1894-էն մինչեւ 1923 շարունակուեցաւ՝ պատճառելով Արեւմտահայաստանի կործանում, մօտաւորապէս երկու միլիոն հայ քաղաքացիներու բնաջնջում եւ նոյնքան ու աւելի վիրաւոր ու հիւծախտաւոր, ինչպէս նաեւ՝ որբերու եւ տարագիրներու իրարայաջորդ սերունդներ:

Օսմանեան կայսրութեան բռնապետական վարչակարգին տակ աւելի քան վեց դար հեծող հայկական բնագաւառներու արիւնալի կոտորածները 20-րդ դարու արշալոյսին իրենց սարսափելի լրումին հասան՝ Ա. Համաշխարհային պատերազմին, նոյն կայսրութեան կողմէ ի գործ դրուած դիւային այն ծրագիրով, որ պատմաքաղաքական աշխարհին այսօր ծանօթ է «Հայոց Ցեղասպանութիւն» անունով, մինչ ներկայ Թուրքիոյ համար անիկա կը ժխտուի իբրեւ իրողութիւն: Աշխարհացրիւ հայերուս համար՝ 24 Ապրիլ 1915-ը հայ հոգեւոր, ազգային ու մտաւորական լուսաւոր անհատականութիւններու անճիտման սեւ թուականն է, Մեծ Եղեռն ու հայոց նախահայրերու չարչարանալից սպանութիւնն է, վերապրող սերունդներու պանդխտական կեանքն ու սովամահութեան արհաւիրքն է, Արեւմտահայաստան հայրենիքի ամբողջական աւերումն ու բնիկ հայ ժողովուրդի ազգային, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային բոլոր տեսակի կռուաններու ոչնչացումն է: 

Ներազգային ճակատի վրայ եւ ի մասնաւորի աւելի մօտիկ ժամանակներու մէջ, 24 Ապրիլ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը մեր ժողովուրդին համար ողբէն ու աւաղումէն դէպի ազգային պահանջատիրութիւն կատարուած դրական յառաջխաղացք ու քաղաքական ոստում մըն է, որովհետեւ թուականն այս հայ նահատակներու բարոյալքութեան փաստն է, մահը կեանքէն աւելի՛ գերադասելու զոհի հոգեբանութիւնն է, որ արեան յիշողութեան ճամբով հասած է նաեւ յետ-եղեռնեան երրորդ-չորրորդ սերունդներու զաւակներուն՝ մեզի՛ եւ ցարդ կը մղկտայ իբրեւ մեզ ներսէ՛ն հարուածող կնճիռ, այնքան ատեն, որ հայ ժողովուրդին դէմ թուրք պետութեան գործած բարբարոսական արարքը ո՛չ միայն կը մնայ անպատիժ, այլեւ, մեր ներկային մէջ, երէկուան ցեղասպան պետութեան նոյն ձեռագիրը կ՛ընդնշմարուի՝ իր կրտսեր եղբօր կողմէ իրականացուած բոլոր այն պատերազմներուն մէջ, որոնք մօտիկ անցեալին համայն հայութիւնը սարսեցին հիմէն, իսկ այսօր մեզ բոլորս զսպանակուած կը պահեն՝ Արցախի երկնակամարին վրայ ճօճելով դառնաղի նոր Ապրիլ 24-ի մը ահասարսուռ ուրուականը:

Վա՜յ մեզի, եթէ հայրենական պետութիւն ու աշխարհասփիւռ հայութիւն կրաւորական հայրենասիրութեամբ մը կշռենք ճակատագիրը Արցախին, եւ մեզի թշնամի Ատրպէյճանի ու իր երէց եղբօր՝ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգ՝ արիւնռուշտ Թուրքիոյ հզօրութենէն սարսափած՝ գլուխ ծռենք ստրկութեան:

Վա՜յ մեզի, եթէ պահանջատիրական մեր երթին մէջ ա՛յս հանգրուանին թուլնանք եւ փակենք մեր բերանները մեր ազգին դէմ գործուած հին ու նոր բոլոր անարդարութեանց դիմաց, կամ ակամայ լուռ վկաները հանդիսանանք մեզ՝ ազգ ու հայրենիք, Արցախի՛ մէջ հարուածող մերօրեայ չարիքին:

Վա՜յ մեզի, եթէ թոյլ տանք, որ Ատրպէյճան ու Թուրքիա ոճրային իրենց ծրագիրներով յաղթանակ տանին Արցախին ու արցախցիին վրայ եւ հայկական Արծուեբոյնը օր ցերեկով դատապարտեն մահուան, այսպիսով նաեւ շարունակելով իրենց անպատժելիութիւնը սուրի պէս շարժել՝ հայոց նահատակ ցեղի մարդկային, ազգային, հայրենական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային բոլոր այն իրաւունքներուն դիմաց, որոնց համար հայ սերունդներ մղեցին պայքար, թափեցին արիւն, սպաննուեցան նաեւ օտար երկինքներու տակ:

Եւ վերջապէս, վա՜յ մեզի, եթէ ցեղասպանուած մեր նախահայրերուն արեան կանչին չըլլանք ականջալուր ու անհատական մեր կամքերը երկնային հաւատքով չզօդենք իրարու, այլեւ պայքարի՛ մարտունակութեամբ չյաջողինք ստեղծել ազգային միասնականութեան այն գերագոյն ուժը, որով մի՛շտ յաջողեցաւ մեր ազգը փրկել ստոյգ մահէ, ամէն անգամ, որ գորշ ամպեր կուտակուեցան հայոց աշխարհի կապոյտներուն փոխարէն: Այսօր եւս տարբեր չէ պարագան, երբ մահուան վտանգ կ՛ապրին Արցախն ու արցախցին:  

Այսօր, թող մեզմէ իւրաքանչիւրին հոգիին մէջ իւրովի՛ աղաղակէ Հայկ Նահապետի ազատատենչ ղօղանջը եւ իբրեւ զրնգուն կանչ՝ անընդհատ հնչէ համայն հայութեան կեանքին մէջ, որպէսզի երբե՛ք չմթագնի «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» ամենանուիրական տեսիլքը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան:

Դարձեալ 24 Ապրիլ է: Ըլլանք զգօ՛ն, պահանջատէ՛ր, միացեա՛լ, արցախակա՛ն:

Աղօթարար

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան,Առաջնորդ Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Share