Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատի անդամ խումբ մը քոնկրեսականներ անգամ մը եւս Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած են Հայոց ցեղասպանութեան կրթական հրամանագիրը` հիմնուելով այն իրողութեան վրայ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահը պաշտօնապէս ճանչցած են զայն: Այս մասին հաղորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Հրամանագիրը դարձեալ ներկայացնելու նախաձեռնութիւնը կատարած են քոնկրեսականներ Աննա Էշուն, Տէյվիտ Վալատաոն, Թետ Լիուն եւ Կաս Պիլիրաքիսը: Միջոցը կը նախատեսէ ֆինանսաւորել Քոնկրեսի գրադարանի կրթական ծրագիրները Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, ատկէ քաղուած դասերու, հետեւանքներու եւ ատոր համար ներկայիս վճարուող գինին վերաբերեալ:
Այս օրինագիծով կը նախատեսուի 5 տարուան ընթացքին 10 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում տրամադրել Քոնկրեսի գրադարանին` ամերիկացիները կրթելու 1915-1923 թուականներուն միլիոնաւոր հայերու, յոյներու, ասորիներու, քաղդէացիներու, սուրիացիներու, արամէացիներու, մարոնիներու եւ այլ քրիստոնեաներու` Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ համակարգուած եւ կանխամտածուած, պետականօրէն հովանաւորուող զանգուածային սպանութիւններու, ազգային մշակոյթի իւրացման կամ ոչնչացման եւ աքսորի մասին:
Հայոց ցեղասպանութեան կրթական հրամանագիրը կը փորձէ հակազդել այն քարոզչութեան, որ կը պնդէ, որ, իբրեւ թէ, «1915-1923 թուականներուն Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ միլիոնաւոր քրիստոնեաներու համակարգուած զանգուածային սպանութիւնները տեղի չեն ունեցած»:
«Որովհետեւ Ազրպէյճանը Թուրքիոյ աջակցութեամբ բացայայտօրէն կը ձգտի աւարտին հասցնել Հայոց ցեղասպանութիւնը, ամերիկացի դպրոցականներուն աւելի քան երբեւէ անհրաժեշտ է դասեր քաղել ամբողջ մարդկութեան դէմ տակաւին անպատիժ, տակաւին շարունակուող յանցագործութենէն», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան: