ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը եւ պատուիրակութիւնը այցելեցին Սուրիոյ «Պաաս» կուսակցութեան Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ Հիլալ Հիլալին

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը եւ պատուիրակութիւնը այցելեցին Սուրիոյ «Պաաս» կուսակցութեան Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ Հիլալ Հիլալին

Այսօր միջօրէի ժամը 12։00-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ժամանեցին Դամասկոս եւ հանդիպում ունեցան Սուրիոյ «Պաաս» կուսակցութեան Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ երկրչփ. Հիլալ Հիլալին հետ։

Հիլալ Հիլալ բարի գալուստի իր խօսքէն ետք «Պաաս» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Պաշշար ալ-Ասատի ողջոյնները փոխանցեց պատուիրակութեան եւ անոր ճամբով հայութեան, դիտել տալով, որ սուրիահայութիւնը սուրիական ընկերութեան էական բաղադրիչներէն մէկն է։ Հիլալ բարձր գնահատեց սուրիահայութեան ազգային, պատուաբեր դիրքորոշումները Սուրիոյ դէմ մղուած պատերազմի տարիներուն, ինչպէս նաեւ սուրիական խիզախ բանակին կողքին կանգնիլը։

Ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հայութեան՝ երկրաշարժի աղէտին արաբ իր եղբայրներուն օգնութեան ձեռք երկարելու եւ անոնց վիշտը ամոքելու համար։ Ան շեշտեց, որ երկու ժողովուրդները, կրած ըլլալով նոյն թշնամիին ոտնձգութիւններուն հետեւանքները, բարեկամական եւ փոխադարձ յարգանքի ամուր եւ պատմական կապեր ունին։


Իր խօսքի աւարտին Հիլալ ներկաներուն հետ զրուցեց տարածաշրջանային իրավիճակին եւ համաշխարհային տնտեսական տագնապին շուրջ, դիտել տալով որ Սուրիան երկար տարիներ դիմադրեց պատերազմին ու ահաբեկչութեան, մնաց հաւատարիմ իր սկզբունքներուն, իսկ ներկայիս կը գտնուի տարածաշրջանային իր ձեռքբերումները, յանուն ժողովուրդին, լաւագոյն ձեւով շահարկելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր կարգին յայտնեց, որ ճշմարտութեան համար պայքարողը կը յաղթէ, եթէ կը հաւատայ իր պայքարին։ Տէր Խաչատուրեան իր ողջոյններն ու երախտագիտութիւնը յղեց «Պաաս» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, դիտել տալով որ Սուրիա միշտ նեցուկ կանգնած է հայութեան եւ պաշտօնապէս ճանչցած ու դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բարձր գնահատելով երկու բարեկամ ժողովուրդներուն եւ կուսակցութիւններուն պատմական կապերը։

Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ սուրիահայութիւնը կառչած կը մնայ Սուրիական Հայրենիքին ու ամէն ջանք ի գործ կը դնէ անոր վերականգնումին համար։

Իրենց հերթին, պատուիրակութեան անդամները «Պաաս» կուսակցութեան 76-ամեակին առիթով շնորհաւորեցին անոր ղեկավարութիւնը։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի նախագահ Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, ազգայիններ Արմէն Ուրֆալեան եւ Սուրէն Վարդանեան։

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ «Պաաս» կուսակցութեան Կեդր. Վարչութեան անդամ Եասէր ալ-Շուֆի։

Share