Ակնարկ
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստին վարչապետ Փաշինեան կատարեց յայտարարութիւն այն մասին, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման ուղղութեամբ հայկական կողմը ունեցած է հայեցակարգային երկու ուղղութիւն: Մինչեւ մատրիտեան սկզբունքներ հայկական կողմը շեշտած է, որ Արցախը Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումին առընթեր, ինչպէս միւս հանրապետութիւնները, ինքնորոշուած է եւ դուրս եկած Խորհրդային Միութենէն, իսկ մատրիտեան սկզբունքներու որդեգրումով հայկական կողմը ընդունած է, որ Արցախը մաս կազմած է Ազրպէյճանի կազմին, եւ որ նշուած է, որ Արցախի կարգավիճակը պիտի ճշդուի Ազրպէյճանի հետ համաձայնաբար: Ըստ վարչապետին, հայկական կողմը ընդունած է, որ կարգավիճակը պէտք է ճշգրտուի, եւ այդ ճշգրտումը համաձայնեցուած պէտք է ըլլայ Ազրպէյճանի կողմէ:
Մատրիտեան սկզբունքներու փոխզիջումնային առանցքային բանաձեւը «կարգավիճակ տարածքներու դիմաց»-ն է: Այսինքն ամէն բանէ առաջ Ազրպէյճանը պիտի ընդունի Արցախի անկախ կարգավիճակը:
Բայց նախ տեսնենք, թէ մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ կարգավիճակի հարցով ի՛նչ ամրագրուած էր:
Մատրիտեան 14 կէտերէ բաղկացած սկզբունքներուն առաջինը կը վերաբերի կարգավիճակի ճշդումի խնդիրին:
1) Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակը կ՛որոշուի հանրաքուէի միջոցով, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կ՛ընձեռէ կամքի ազատ եւ իրական արտայայտում: Հանրաքուէի ժամկէտներն ու մանրամասնութիւնները կողմերը կը համաձայնեցնեն ապագայ բանակցութիւններուն, ինչպէս նկարագրուած է 9-րդ կէտին մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւն ըսելով կը հասկցուին 1988 թուականին ազգային համամասնութեամբ ԼՂԻՄ-ի մէջ ապրող բոլոր ազգերը այնպիսի ազգային համամասնութեամբ, ինչպէս եղած է մինչեւ հակամարտութեան սկիզբը: Հանրաքուէի ընթացքին հարցի կամ հարցերու ձեւակերպման սահմանափակում չ՛ըլլար: Տարբեր կարգավիճակներ կրնան ձեւակերպուիլ իբրեւ հանրաքուէի առաջադրանք:
Յղում կատարուած է 9-րդ կէտին, որ կը խօսի կողմերու համանախագահող երկիրներու հետ համագործակցելով չորս առանձին կոմիտէներ յառաջացնելու սկզբունքին մասին: Այդ կոմիտէները պիտի գործեն համախոհութեան սկզբունքով եւ ճշդեն`
-Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշման հանրաքուէի մանրամասնութիւններն ու ժամանակի յստակեցումը:
-4-րդ կէտով նկարագրուած հայեցակարգի հիման վրայ միջանցքին վերաբերող թեքնիք մանրամասնութիւններու մշակումը:
-Այս հիմնարար սկզբունքներուն մէջ տեղ չգտած բոլոր մնացած հարցերու գնահատումը:
-Քելբաջարի շրջանը` ԵԱՀԿ-ի յանձնախումբի միջազգային մշտադիտարկումէն Ազրպէյճանի վերականգնուող լիակատար վարչական վերահսկողութեան ներքոյ փոխանցելու մանրամասնութիւններու մշակումը:
Բանակցութիւնները երկկողմանի են: Հետեւաբար համաձայնութիւն պէտք է գոյանայ երկու կողմերուն միջեւ: Եթէ կարգավիճակի յստակեցման մեքանիզմի ճշդումը Ազրպէյճանի հետ կը համաձայնեցուի, ապա ինքնաբերաբար չ՛ենթադրեր, որ Ազրպէյճանէն ինքնորոշուած ըլլալ կը նշանակէ. կամ աւելին` Արցախը Ազրպէյճանի մաս նկատել կը նշանակէ, ինչ որ կը ներկայացնէ վարչապետը:
Պատերազմը Արցախ-Ազրպէյճան է: Ճիշդ բնորոշումով Արցախը կ՛ինքնապաշտպանուէր, չենթարկուելու համար Պաքուի կողմէ կիրարկուող ցեղային զտումի քաղաքականութեան: Կ՛ինքնորոշուէր ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու համար:
Անվտանգութեան գօտիներ կը ստեղծէր ցեղասպանական վտանգը հեռացնելու մօտեցումով: Հրադադարի համաձայնութիւնը Արցախի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ստորագրութիւնները կը կրէր: Բանակցութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մասնակցէր իբրեւ Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը: Հետագայ համաձայնութիւնները պիտի ըլլային Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ, ըստ բանակցային ձեւաչափի: Ինքնորոշման իրաւունքի իրացման եղանակի եւ գործիքակազմի կամ այլ մանրամասնութիւններու համաձայնեցումը եւս պիտի կայանար հակամարտող կողմերուն միջեւ:
Այս բոլորը շրջանցելով յայտարարելը, որ մատրիտեան սկզբունքներուն շուրջ բանակցելով հայկական կողմը ընդունած կ՛ըլլայ Արցախը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս, հարուածել է հայկական կողմի բանակցային դիրքերը:
Եթէ այդպէս էր, ինչո՞ւ կարգավիճակի ճշդումի մանրամասնութիւններուն շուրջ կ՛ընթանային բանակցութիւնները: Մանաւանդ, ինչո՞ւ Պաքուն կը մերժէր մատրիտեան սկզբունքները:
«Ա.»
aztagdaily.com