Կարօ Արմենեանը իր Ֆէյսբուքեան էջում հետևեալ գրառումն է կատարել՝
Ի՞նչ բառերով որակել այն պաշտօնատար անձնաւորութիւնները, որոնք կ՚արգիլեն Ապրիլ 24-ի համաժողովրդական ցոյցի ծանուցագրերու ցրւումը Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ (Կիլիկեան Թեմ) բակին մէջ…Ծանուցագրե՛ր՝ որոնք Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ ուղղուած են համայնքի ժողովուրդին։
Եւ մարդի՛կ՝ որոնք բացէ ի բաց կը խոչընդոտեն դաշնակցական երիտասարդներու կողմէ համայնքին իրազեկումը Ապրիլեան պահանջատիրական ցոյցին մասին։ Եւ այս մէկը՝ մեր իսկ եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ։
Ովքե՞ր են ասոնք։ Ուրկէ՞ կ՚ըստանան իրենց հրահանգը։ Հաշուետու են որո՞ւն։ Գիտե՞ն, թէ որուն դէմ կը մեղանչեն իրենց այս ապաշնորհ քայլով։ Գիտե՞ն, թէ զով կ՚ուրախացնեն։ Ո՞ւր կ՚ապրինք։
Յո՞ երթայք, պարոնա՛յք։
ԿԱ
Ապրիլ 11, 2023