Էտիկ Ալավերտեանի ՅԻշատակին

Էտիկ Ալավերտեանի ՅԻշատակին

Պարոյր Յակոբեան

 

Էտիկ Ալավերտեան, գաղութիս գրասէր եւ մշակութային միութիւններուն ծանօթ դէմք մը։ Վերջերս՝ 15 Մարտ, 2023 ին իր մահկանացուն կնքեց յետ երկարատեւ հիւանդութենէ։

    Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ 4 Ապրիլ, 2023 ին։ Հանգուցեալ Ալավերտեանը ծնած է Քերմանշահ-Պարսկաստան 26 Փետրուար 1945 ին։ ՄԵր ցաւակցութիւնները իր ընտանիքին եւ ընկերներուն։


   Ամառնային օր մըն էր կէսօրէ ետք, Համազգայինի Գրական Միաւորի ընկերներով գացած էինք Իրանահայ Միութեան կեդրոնը, ուր պիտի հանդիպէինք սոյն միութեան պատասխանատուներուն խորհրդակցելու եւ կազմակերպելու  գրագէտ Արամունիի  նուիրուած  երեկոն։ Հոն էր, ուր առաջին անգամ հանդիպեցանք ընկ․ Էտիկին։

  Խնդումերես, բարի ժպիտով, համակրելի անձնաւորութիւն մըն էր, ան իրանահայ միութեան կողմէ ժողովին մասկակիցներէն մէկն էր։

  Ան այն անձերէն էր, ուր առաջին հանդիպումէն իսկ, կը զգաս բարի եւ ազնիւ անձնաւորութեան տէր ըլլալը, Կարճ ժամանակ մը ետք ան միացաւ մեր համեստ  միաւորի ընտանիքին  ու այսպէս մենք մտերմացանք։։    

  Միաւորի մէջ տիրող մթնոլորտը ընտանեկան էր, պարզ ու հարազատ։ Այդ մթնոլորտին շուտով ընտելացաւ ու շաղախուելով ընկ․ Էտիկ նոր շունչ մը բերաւ իր հետ։

  Ըլլալով գիրքի սիրահար ունէր ճոխ գրադարան,  ընթերցասէր, հայ գրականութեան եւ գրագէտներու մասին գիտելիքներով հարուստ անձնաւորութիւն մը եւ մեծ շտեմարան մը, որմէ Գրական Միաւորը օգտուեցաւ։ Ան զգալի ներդրում ունեցաւ բոլոր  կազմակերպուած ձեռարկներուն, գրականութեան հանդէպ իր առատ տեղեկութիւններով։

 Ընկ․ Էտիկ կ՛ապրէր գիրով եւ գրականութեամբ։ Ան հոն էր, ուր գիրի ու գրականութեան փառաբանանքը կար, հոն՝ ուր գրագէտի մը ստեղծագործութիւնը կը ներկայացուէր, ուր գրագէտ մը կը մեծարուէր, Ուր մշակոյթ կար , ամէն տեղ էր ան՝ Ապրիլ Գրատուն, շրջանի Գրողներու Միութիւն եւ բոլոր մշակութեային միութիւններ։ Անխոնջ եռանդով ու նուիրումով իր մասնակցութիւնը կը բերէր։ Անդամակցած էր անոնցմէ շատերուն անշահախնդիր։

 Այսօր, գաղութը եւ ի մասնաւորի Համազգայինի գրական Միաւորը կորսնցուց համեստ, ժրաջան, անկեղծ անձնաւորութիւն մը Հայ Գիրին ու Գրականութեան նուիրեալ մը, ուր իրենց  նմաններու  կարիքը ունի։

 Աւաղ այլեւս պիտի չկարենանք վայելել Ընկ․ Էտիկի անկեղծ զուարթադէմ, խոհեմ եւ ընկերասէր ներկայութիւնը։

Վարձքդ կատար սիրելի Էտիկ։

                                                                                                   

Share