ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Վիքի Աչըգեան եւ զաւակները՝ Մեղրի, տէր եւ տիկ. Դրօ եւ Նիքոլ Աչըգեաններ, Տէր եւ տիկ Սամուէլ Աչըգեաններ իրենց զաւակներով, իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին ու ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանին, «Ազդակ» եւ «Հայրենիք» թերթերուն, Գերշ. Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, Կլենտէյլի եւ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Ս. Աստուածածին եւ Ս. Կարապետ եկեղեցիներուն, եւ հովիւներ Տ. Վազգէն Ա. քհն. Աթմաճեանին ու Տ. Վիգէն Ա. քհն. Վասիլեանին, Հոլիվուտի Հ.Յ.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, Ազգ. «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» վարժարանին, «Փուռ Սասուն»ին եւ սեփականատէր ընկ. Դաւիթ Երէցեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, հաղորդակցութեան զանազան միջոցներով ցաւակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, տագրոջ եւ հօրեղբօր Գրիգոր Աչըգեանի մահուան առիթով։ 

Share