ՄԱՀԸ՝ ԿՐՆԿԱԿՈԽ, ԿԵԱՆՔԸ՝ ՁԵՌԱՄԲԱՐՁ. ԱԼԷ՜ԼՈՒԻԱ
«Թէպէտ մեռաւ մարմնով, բայց կենդանի մնաց հոգիով»
(Ա. Պետրոս 3.18)
Ամենակալ Աստուած երկինքէն կեա՜նք կը մաղէ երկրի վրայ: Իր գորովագութ շուքին ներքոյ, ահա՛ գրկաբաց կը դիմաւորենք քրիստոնէական աշխարհի մեծագոյն տօնը՝ Յիսուս Քրիստոսի լուսապայծառ Յարութիւնը, որ ձեւով, խորքով ու իրողապէ՛ս կը տարբերի բոլոր այն հրաշքներէն, որոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչի ոսկեայ էջերուն: Յարութեան տօնը մշտնջենական ապահովութիւն կը ներշնչէ բոլոր այն տառապեալ հոգիներուն, որոնք Յիսուսո՛վ փրկուածներ են եւ անցաւոր այս կեանքի ճամբէն անտարակոյս կ՛ընթանան Աստուածորդւոյն շաւիղէն՝ հասնելու համար երկնային ամենապարգե՜ւ ճշմարտութեան:
Այսօր, անգամ մը եւս, Աստուծոյ առաջ մանկական անմեղութեամբ մեր հոգիները մերկացուցած, հաւատքի բո՛րբ աչքերով կը նայինք երկինք ու մեր կարգին կը բարձրաձայնենք քաջաբար, թէ Ս. Զատիկը տօ՛նն է տօներուն, որովհետեւ, յուրախութիւն բոլորիս, Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը երկնքի կողմէ երկրի վերաորդեգրման, չարի ու մոլութեանց ճիրաններուն մէջ տուայտող մեղաւոր մարդկութեան առջին փռուած այն մաքրամաքուր գորգն է, որուն վրայէն իբրեւ վերջին առիթ՝ խոնարհ սրտով քալելու կը հրաւիրուի մարդը՝ ես, դուն ու մենք՝ բոլորս, որովհետեւ մարդացեալ Յիսուսի խաչելութեամբ ու Անոր անողոք մահուամբ, ու մանաւանդ՝ երեք օր ետք մեռելներէն յարուցմամբ, այսօր ահա դարձեա՛լ կը կրկնենք բարի լուրը, թէ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեամբ յաղթուեցան աշխարհ ու մահ, եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը լուսաշող արահետ դարձաւ երկնքին հաւատացող բոլոր մարդերուն համար:
Իրօք, պահը գերազանցապէս խորհրդաւոր է ու կենսայորդ: Մատթէոս Աւետարանի 28-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք. «Շաբաթ երեկոյէն ետք, երբ Կիրակին կը բացուէր, Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը գերեզմանը տեսնելու եկան: Յանկարծ զօրաւոր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ Աստուծոյ հրեշտակը երկինքէն իջնելով՝ գլորեց գերեզմանի մուտքին դրուած քարը եւ նստաւ անոր վրայ: Անոր տեսքը փայլակի կը նմանէր, եւ հագուստները ձիւնի պէս ճերմակ էին: Պահապանները երբ ասիկա տեսան, սարսափեցան եւ մեռելի պէս եղան: Հրեշտակը կիներուն ըսաւ. – Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք: Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր»:
Վեհագոյն տօ՜ն է Ս. Զատիկը, որովհետեւ Քրիստոս իր յարութեամբ մարդոց կեանքէն դուրս արձակեց կապանքները մեղքի, խարազանեց ամէն տեսակ թուլութիւն ու չար մտածումներ, իսկ Իրեն վստահողներուն եւ Իրեն հետեւողներուն առաջ բացաւ երկնային գանձերու ամէնէն լուսառատ դուռը եւ վերջնական կործանումէ ու ի սպառ ոչնչացումէ ազատագրեց մարդը՝ զիս, քեզ ու մեր բոլորը, այլեւ աստուածային սիրոյ ամէնէն զտարիւն քաղցրութեամբ օծեց Իրմո՛վ մաքրուածին, Ի՛ր անունով սրբուածին ու Իրե՛ն պատկանողին հոգին, Իրե՛ն վայել շքեղութեամբ կրնկակոխ հալածելով մահը երկրի վրայ:
Յիսուս Քրիստոս «թէպէտ մեռաւ մարմնով, բայց կենդանի մնաց հոգիով»: Այո՛ սիրելի ժողովուրդ, մարդեղինացած Յիսուս աշխարհ եկաւ աստուածային ծրագիրին համաձայն, անարգուեցաւ, մտրակուեցաւ, արիւնլուայ քալեց Գողգոթայի ճամբէն, ինկաւ հեւասպառ ու անմեղ գառնուկի մը պէս նահատակուելով մեռաւ, որպէսզի յաւիտենական կորուստէ փրկուին բոլոր անոնք, որոնք Զինք կ՛ընդունին իբրեւ ճշմարիտ ճամբան, յաւիտենական կեանքի աղբիւրը եւ լո՜յսն ամենաբիւրեղ ու անեզրական:
Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ, թէ՝ «Ինչպէս Ադամէ ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան» (Ա. Կորնթացիներուն 15.22): Յիրաւի, Յիսուս Քրիստոսի մարդեղէն կեանքը եթէ մահով աւարտեցաւ, ապա Անոր յարութեամբ եւ, հետագայ օրերուն, աշխարհի վրայ միայն իբրեւ Աստուած երեւմամբ՝ իր աշակերտներուն ու թիւով աւելի քան 500 մարդոց, ապա, քառասուն օր ետք ուղղակի Երկինք փոխադրմամբ՝ Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ իր զոհաբերութեամբ, դրախտէն դուրս դրուած մարդկութեան կեանքին մէջ բացաւ մահէն ետք վերակենդանանալու եւ վերստին դրախտ դառնալու ճամբան, խաչափայտին վրայ ինքզինք նուիրաբերելով համայն մարդկութեան փրկութեան համար: Աստուածայի՛ն նուիրաբերում մը արդարեւ, որուն շարժիչ ուժը երկնային սէրն է, Աստուծոյ ողորմածութիւնն ու Անոր հայրական ներողամտութիւնը Ի՛ր իսկ ստեղծածին եւ մեղքերու մէջ թաւալգլոր եկող մարդուն՝ քեզի, ինծի եւ բոլո՜ր-բոլո՜րին նկատմամբ:
Հո՛ս է նաեւ իմաստը Քրիստոսի Յարութեան: Երկրի վրայ Իր բազմաչարչար մահէն ետք, Յիսուս իբրեւ մարդ չվերադարձա՛ւ կեանքին, այլ՝ իբրեւ յաւիտենական կեանքի խորհրդանիշ բարձրացաւ դէպի իր հարազատ տունը՝ երկինք՝ երկրի բնակիչներուս շնորհելով յաւիտենական կեանքը ձեռամբարձ տանելու ամէնողջունելի պահը, մէկ խօսքով՝ մեր հոգիներու փրկութեան գերագո՜յն յաղթանակը:
Քրիստոս իր յարութեամբ ո՛չ միայն մեղքի կապանքները արձակեց եւ ապաշխարութեան ճամբով բոլոր մեղաւորները փրկութեան լուսեղէն պսակին արժանացուց, այլեւ երկրի վրայ անձրեւեց արեւի փայլափայլ շողեր, որոնց ճամբով կը հալածուին մութն ու խաւարը, պիղծն ու մեղքը, կեղծիքն ու մարդկային յոռի բարքեր, զի Յիսուս իր լոյսո՛վ կը ջրէ բոլոր այն վայրերը, ուր Ինք կը կանչուի՝ իբրեւ Աստուծոյ Միածին Որդի, Խաչեալ Քրիստոս եւ Յարուցեալ միակ Փրկիչ:
***
Դարձեա՛լ լուսախինդ տօն է ու Ս. Զատիկ: Շուրջ քսան դար առաջ, Քրիստոս իր յարութեամբ դժոխքի յաւերժական բնակիչ դարձուց «մահ»ը եւ կեանքը տարածեց տիեզերքի անդաստաններուն ու երկնային կապոյտ կամարներու անսահմանութեան լայնքով, ուրկէ աստուածային սէ՜ր կը փայլատակէ:
Ցնծացէ՛ք ո՜վ ժողովուրդ, երկի՜նք ու երկի՜ր, եւ դո՛ւք, ո՜վ մարդեր, իրարու ժպիտներ բաշխեցէք առատօրէն եւ «ողջոյն տուք միմեանց ի համբոյր սրբութեան», կեանքին փարեցէք աւելի ջերմագին ու սիրառատ, այլեւ կեանքը կեանքո՛վ արժեւորեցէք ու անդադար ապրեցէք աստուածային հաճութեան մէջ, զի կեանքը իրաւա՛մբ յաղթեց մահուան. Ալէ՜լուիա:
Ս. Յարութեան խորհուրդին ընդառաջ, Ազգային Առաջնորդարանէն մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք Թեմիս Հոգեւորականաց դասուն, Ժողովականութեան, ծխական շրջաններուն, հայկական վարժարաններու ընտանիքներուն ու մարմիններուն, մեր բոլոր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, ազգային կառոյցներուն ու հաւատացեալ մեր ժողովրդեան եւ կ՛ողջունենք մեր ազգի զաւակները՝ ըսելով.
Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց,
Օրհնեալ Է Յարութիւնն Քրիստոսի:
Լուսափայլ ապրումներով
Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի