Ազգային Առաջնորդարանից յայտնում են, որ Ուրբաթ, 7 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ ԱԺ պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեանը, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի եւ անդամներ՝ Քրիս Քէօսէեանի ու Լեւոն Պարոնեանի, այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ Ճորճ Չորպաճեան, Գալուստ Յակոբեան եւ Սարգիս Թաթիկեանը:
Հանդիպման ընթացքին ծաւալեց զրոյց, որ ընդգրկեց Հայաստանի ու Արցախի ներկայ իրավիճակը: Յոյս յայտնուեց, որ հայութիւնը՝ ազգ ու հայրենիք, յաջողըլու են յաղթահարել նաեւ այս ծանր հանգրուանը, յանուն հայոց բնօրրանի ու հայ ժողովուրդի ապահով կեցութեան եւ բնականոն կեանքով ապրելու ու բարգաւաճելու ամենանուիրական բաղձանքի իրականացման: