ՀՕՄի Սեւան Մասնաճիւղի 50-ամեակը հանգամանօրէն տօնախմբուեցաւ

ՀՕՄի Սեւան Մասնաճիւղի 50-ամեակը հանգամանօրէն տօնախմբուեցաւ

Սանթա Անա, Քալիֆ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆի Սեւան Մասնաճիւղի 50րդ ամեակը տեղի ունեցաւ Մարտ 25, 2023ին, Սանթա Անա քաղաքի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Յովնանեան համալիրի Ղուկասեան Սրահին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ եղան հիմնադիր ընկերուհիներ, 50-ամեայ ծառայութիւն կատարած ընկերուհիներու ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան պատուոյ գնահատագրերով, ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւնը մասնաճիւղին յուշատախտակ նուիրեց, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ կարկանդակ հատում ու մոմավառութիւն։

Յայտագիրը սկսաւ ԱՄՆի, Հայաստանի ու ՀՕՄի քայլերգերով։ Ձեռնարկին ներկայ էին Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետուհի Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան, ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան ու վարչութեան ու պաշտօնէութեան անդամներ, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Զանքու Արմէնեան եւ Արմէն Գարօ կոմիտէի հերթապահ Կարօ Մատէնլեան, ՀՕՄի մասնաճիւղերու եւ ուղեկից միութիւններու վարչականներ ներառեալ Համազգայինի Սիամանթօ, ՀՄԸՄի Սարդարապատ եւ ՀԵԴի Աշօտ Երկաթ մասնաճիւղերու վարչականներ, ինչպէս նաեւ Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան եւ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային Վարժարանի Խնամակալ Մարմնի անդամներ, ինչպէս նաեւ Սաուտըրն Քալիֆորնիա Էտիսընի ներկայացուցիչներ ներկաներուն թիւը հասցնելով 220ի։

Բացման խօսքը կատարեց օրուան հանդիսավարուհին, Արփի Մատէնլեանը, որ ինքզինքը ծանօթացուց իբրեւ 1988էն ի վեր մասնաճիւղի անդամուհի մը։ Ան մանկութեան յիշատակներ պատմելով ըսաւ թէ կը յիշէր ինչպէս իրենց Քոսթա Մեսայի Արմէնզ ճաշարանը գաղութի երբեմնի կեդրոնն էր ուր փոքրաթիւ գաղութի անդամներ քով-քովի կու գային։ Նոյն վայրին մէջ տեղի կ՚ունենար նաեւ շաբաթօրեայ դպրոցը։ Սեւան Մասնաճիւղը կարեւոր դեր խաղցած էր գաղութի կազմաւորման ողնասիւնը ըլլալով, ինչ որ կը շարունակէ ըլլալ տեղւոյն հայութեան եւ հայրենիքէն ներս։

Ընկերուհի Արփիին մայրը՝ Մաքրուհի Մատէնլեանը մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան ատենապետուհին էր, Մանուշ Եկենեանի եւ Լուսին Թոփրաքճեանին հետ, որոնք ձեռնարկին ներկայ էին։ Վարչութեան հիմնադիր միւս անդամները՝ Վերոն Քէօյլեանն ու Սիրվարդ Մալճեանը մահացած են։

Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը մասնաճիւղի 50 տարուայ ծառայութիւնը որ բացատրեց Քրիստոնէական կեանքի այնպիսի յատկանիշ մըն է որ կը պահանջէ անձնուրացութիւն, հաւաքական շահը անձնական շահերէն կարեւոր նկատել եւ հասնիլ կարիքաւորին։ Տէր Հայրը դրուատեց ՀՕՄը որ միշտ կը հասնի ամենէն կարեւոր եւ ամենէն էական պահանջները գոհացնելու հայ ժողովուրդին սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, ապա իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց եւ կատարեց սեղաններու օրհնութիւն։

ՀՅԴ Արմէն Գարօ կոմիտէի հերթապահ Կարօ Մատէնլեան շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄին իրենց 50 տարուայ ծառայութեան համար թէ՛ գաղութէն ներս, թէ՛ ուր որ պէտք է։ Ան յիշեց թէ ՀՕՄի 1910ի հիմնադրութենէն առաջ, ՀՅԴ Կարմիր Խաչի անունով երկրի մէջ ֆետայական տարիներուն անգամ կը գործէին կնոջական խումբեր ծառայելու համար մեր ազգին։  Ըսելով թէ պէտք է այսպիսի առիթներ օգտագործել գնահատելու ՀՕՄի ազգային ծառայութիւնը, ընկերը աւելցուց, «մենք հպարտ ենք ՀՕՄի բոլոր ընկերուհիներով, յատկապէս Սեւան Մասնաճիւղի ընկերուհիներով, հիմնադիրներէն մինչեւ նոր անդամները»։

ՀՕՄի Սեւան Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Զարուհի ՏէրԴաւիթեանը խօսք առնելով դիտել տուաւ որ անցնող 50 տարիներուն, մասնաճիւղի նուիրեալ ընկերուհիները, անցեալի ու ներկայի վարչական կազմերը, իրենց օգտակար լուման բերին Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման գործին, Սփիւռքի բոլոր այն հայկական համայնքներուն, որոնք բնութեան աղէտներ, քաղաքական ահաւոր վիճակներ ու ընկերային դժուարութիւններ դիմագրաւեցին. 1988-ի ահաւոր երկրաշարժ, Արցախեան ազատագրական պայքարի մարտեր, թագավարակ, տնտեսական տգնաժամ, Սուրիոյ աւերիչ երկրաշարժ, Երկար ժամանակ շրջապատման մէջ գտնուող Արցախին ու այլ անսպասելի իրադարձութիւններ։ Ընկերուհին ՀՕՄի կարողականութիւնը վերագրեց իր հաւատաւոր ու նուիրեալ անդամներու զոհողութեան, ինչպէս նաեւ իր բարերարներուն եւ նուիրատուներու օժանդակութեան, որոնց շնորհակալութիւն յայտնեց։

ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան դրուատեց մասնաճիւղի անդամները որ բարեսիրական գործունէութեան կողքին մտահոգուեցան նաեւ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեամբ: Ընկերուհին նշեց թէ հայկական մշակոյթն ու սովորութիւնները հանրութեան ներկայացնելու համար այս մասնաճիւղը ջանք չէ խնայեած եւ վստահութիւն յայտնեց որ նոյն գիտակցութեամբ պիտի շարունակէ մարդկային ու ազգային իր պարտականութիւնները «Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» նշանաբանի հաւատարմութեամբ: Ապա ըսաւ, «Այսօր մենք կը խոնարհինք մասնաճիւղի հին ու նոր բոլոր անդամներուն առաջ, որոնք գիտակցութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով գործեցին եւ պիտի շարունակեն  գործել ՀՕՄի շարքերէն ներս»:

ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետուհի Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան շնորհաւորեց 50-ամեայ ծառայութիւն կատարած ընկերուհիները որոնք Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ պատւոյ գնահատագրերով պիտի պարգեւատրուէին։ Ընկերուհին յայտնեց թէ շատ յատուկ է որ մէկը կամաւորաբար ծառայէ շատ երկար ժամանակ, շատ յատուկ է որ այդ նուիրումով կամաւոր ծառայութիւնը ըլլայ եւ ցոյց տալով ընկերուհիներուն ըսաւ որ անոնք այդ նուիրումը կը մարմնաւորեն։ Պատւոյ գնահատագիրները ստացան Մաքրուհի Մատէնլեան, Մելինէ Նաճարեան, Երեցկին Հայկանոյշ Գալուստեան եւ Լուսին Թոփրաքճեան։ Լուսին Գաբրիէլեանն ու Ժանէթ Քսաճիքեանը կամքէ անկախ պատճառներով կը բացակաէին, բայց իրենց գնահատագրերը իրենց պիտի հասնին։

Յայտագրի յաջորդ բաժինը մոմավարութիւնն էր. մոմերուն շուրջ երկու երկտասնեակը նուիրուած էին ի յիշատակը ՀՕՄուհիներու կամ ընտանեկան պարագաներու։ Ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը հիմնադիր վարչականներուն կողմէ՝ Մաքրուհի Մատէնլեան, Մանուշ Եկենեան եւ Լուսին Թոփրաքճեան։ Շրջանային Վարչութիւնը նաեւ պարգեւատրեց մասնաճիւղը։ Ընկհ. Վիքի Մարաշլեանը ատենապետուհին եւ Մարալ Մանուկեանը՝ Ատենադպրուհին որ նաեւ մասնաճիւղի կապն էր, յանձնեցին 50-ամեակի յուշատախտակը մասնաճիւղի ատենապետուհի Զարուհի Տէր Դաւիթեանին։

Յայտագիրը աւարտեցաւ երբ Արփի Մատէնլեան եւ Շուշիկ Մ. Զուփիկ աճուրդի դրին բազմատեսակ նիւթերով ներկուած Ս. Ամենափրկիչ Մայր Տաճար (Ղազանչէցոց), Շուշի, Արցախի կտաւը որ 11 տարեկան արուեստագիտուհի Սիրան Տէրմիճեանի գործն էր (Սիրանը կ՚աշակերտէ ՀՕՄի Սեւան Մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ Դպրոցին)։ Երեկոյի երգիչը Յովսէփ Կոմիտասն էր։ Սահիկներու երկար շարք մը ցոյց տրուեցաւ հին եւ նոր մասնաճիւղի կամ շաբաթօրեայ դպրոցի նկարներով, դիւրացնելով յիշատակումը բոլոր անոնց որոնք եկան, գործեցին ու անցան, բայց որոնց գործը կը շարունակուի նոր սերունդի մը կողմէ։

Share