Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ դատապարտեց Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենի` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ Իրանի դէմ միացեալ ճակատ ստեղծելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելուն մասին յայտարարութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ ատիկա «սիոնական գոյացութեան կողմէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հողերը Իրանին սպառնալիքի վերածելու չարամիտ մտադրութիւններու» մէկ այլ փաստաթուղթ մըն է: Նախարարութիւնը նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն նշեալ համաձայնութեան մասին բացատրութիւններ պահանջեց:
Թեհրան նաեւ մատնանշեց Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատմական եւ կրօնական ամուր յարաբերութիւնները` նշելով, որ կը փորձէ «երկու երկիրներուն միջեւ վիհի յառաջացումը» ձախողութեան մատնել:
«Հաստատ, որ Իրան ազրպէյճանական հողերէն իսրայէլեան գոյացութեան սադրանքներուն նկատմամբ լուռ պիտի չմնայ», ընդգծեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն մէկ օր առաջ Պայրամովի հետ ունեցած ժողովէն ետք յայտարարեց. «Իսրայէլ եւ Ազրպէյճան պէտք է աշխատանք տանին Իրանի հիւլէական կարողութիւն ստանալը արգիլելու համար»: Ան աւելցուց. «Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ Իրանի դէմ միացեալ ճակատ կազմելու համաձայնութիւն գոյացուցի»:
Նշենք, որ Պայրամով Իսրայէլ կ՛այցելէր Թել Աւիւի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան բացման արարողութեան համար:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ` մեկնաբանելով Քենաանիի յայտարարութիւնը, ըսաւ. «Այսօր հայ-իրանեան եղբայրութիւնը կը շարունակէ ամբողջ շրջանին համար սպառնալիք ներկայացնել»:
Ան նաեւ ըսաւ, որ վերջին 30 տարուան ընթացքին Իրանը փաստացիօրէն աչք փակած է Հայաստանի կողմէ «ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումին նկատմամբ»:
Իրանցի Զօրավարը Մեղադրած Է Ազրպէյճանը,
Պաքուն Մեղադրանքները Զրպարտութիւն Որակած Է
Իրան շրջանի երկիրներուն մէջ սիոնական տարրերու գոյութիւնը պիտի չհանդուրժէ եւ պիտի դիմակայէ զայն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իրան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու լարուածութեան պայմաններուն մէջ Պաքուին դիմելով այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ցամաքային զօրքերու հրամանատար Քիումարս Հէյտարի:
Ան նշած է, որ Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող զգայուն հարցերէն մէկը այդ երկրի սահմաններուն վրայ սիոնական վարչակարգի տարրերու, միւսը` սուրիացի ահաբեկիչներուն գոյութիւնն է, վերջիններս շրջան տեղափոխուած են ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի ժամանակ:
Ի պատասխան` Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը զրպարտութիւն որակած է իրանեան բանակի հրամանատարի յայտարարութիւնը` պնդելով, որ «Ազրպէյճանի տարածքին մէջ օտար տարրեր չկան», եւ Պաքուի հասցէին Թեհրանի բոլոր մեղադրանքները «անհիմն եւ անընդունելի են»:
Իրանցի զօրավարը նաեւ շեշտած է, որ Թեհրան Հայաստանի հետ սահմանին փոփոխութիւններ պիտի չարտօնէ: Պաքուէն կրկին մեղադրանքներ տեղացուցած են, թէ իրանեան կողմը մշտապէս աջակցած է Հայաստանին, ներառեալ պատերազմէն առաջ:
«Եւ այսօր ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Ֆրանսան եւ Իրանը աշխարհի վրայ Հայաստանի հիմնական դաշնակիցներն են», ընդգծած է նախարարութիւնը: