Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ մասթըր Կարօ Քեպապճեանի յիշատակին նուիրուած քոնկ ֆու-ուու շուի թաու լուի յուշամրցաշարք` հովանաւորութեամբ «ԱՊՊԱ»-Պուրճ Համուտին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։
Այս յուշամրցաշարքը տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նըսէյրի, փոխնախագահ Ժաք Տաղլեանի, ֆետերասիոնի այլ անդամներուն, որոնց կարգին` Սարգիս Դարբինեանի, «ԱՊՊԱ»-ի նախագահ Վարուժան Սարեանի եւ ակումբի կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Պետրոս Թոսունեանի:
Իր արտասանած խօսքին մէջ, Նըսէյր բարձր գնահատեց մասթըր Կարօ Քեպապճեանին ունեցած ներդրումը այս մարզաձեւին մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ անոր ձգած այս աւանդը կը յարատեւէ անոր հիմնած ակումբին ընդմէջէն եւ հայկական այլ ակումբներու միջոցով:
Այս յուշամրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան հարիւր երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. «ԱՊՊԱ»-Պուրճ Համուտ, Անթոնին Պաապտա, Սատաքա Այնճար, Պել Հորիզոն Ատմա, Լուաքօ Քասլիք, Սփորթինկ Հայ, Սքուեր Ֆիթ Պաապտեթ, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ եւ Ռիսփեքթ Ռահպա:
Առաջինէն երրորդ դիրքը յաջորդաբար գրաւեցին Անթոնին Պապատա (122 կէտ), Սատաքա Այնճար (119 կէտ) եւ «ԱՊՊԱ»-Պուրճ Համուտ (97 կէտ):
Յուշամրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: