«Անարատ Յղութեան» միաբանութեան 175-ամեակի նշում Գալիֆորնիոյ հայ քոյրերու վարժարանէն ներս

«Անարատ Յղութեան» միաբանութեան 175-ամեակի նշում Գալիֆորնիոյ հայ քոյրերու վարժարանէն ներս

«1847-ին հիմնուած Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը արդէն 175 տարեկան է:

175 տարիներէ ի վեր Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը իրենց կեանքը նուիրած են Աստուծոյ եւ բարի գործերու:

175 տարիներէ ի վեր Միաբանութեան քոյրերը կ’առաջնորդուին ընդհանուր սկզբունքով մը՝ «Իրագործել Աստուծոյ ծրագիրը եւ փնտռել միայն Աստուծոյ փառքը»:

175 տարիներէ ի վեր անոնք իրենց սկզբունքը ի գործ դնելով կը դաստիարակեն հայ նորահաս սերունդին միտքն ու սիրտը քրիստոնէական, մարդկային եւ ազգային արժէքներով»:

Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2023-ին, Գալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանի փոխտնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան այս խօսքերով կատարեց բացումը Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հիմնադրութեան 175-ամեակին հանդիսութեան, ուր ներկայ էին այս առիթով Միացեալ Նահանգներ ժամանած՝ Միաբանութեան առաքինափայլ Մեծաւոր Մայր Արուսեակ Սաճոնեանը, վարժարանի ընդհանուր պատասխանատու առաքինազարդ Քոյր Լուիզա Գասարճեանը, Քոյր Նելլի Իսսինը, Գալիֆորնիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գերյ. Հայր Բարսեղ Ծ. Վրդ. Պաղտասարեանը, Գերպ. Հար Լեւոն Վրդ. Ստեփանեանը, հիւրեր եւ ծնողներ:

ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ դպրոցի քայլերգներէն եւ Տէրունական աղօթքէն ետք,  Տիկ. Պոյաճեան այս առիթով պարտք համարեց հերթական անգամ գնահատել Միաբանութեան գործունէութիւնը, խոնարհիլ անոր հիմնադիրներուն լուսաւոր մտքին, հիմնարար կամքին ու ստեղծագործ աշխատանքին դիմաց, ինչպէս նաեւ շնորհաւորել Միաբանութեան ժառանգորդները եւ անոնց մաղթել անսպառ կամք, յարաճուն վերելք եւ յարատեւութիւն: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը՝ Միաբանութեան հարուստ պատմականին մասին, սկսեալ Պոլիսէն, հասնելով մինչեւ Միջին Արեւելք, Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ:

Այնուհետեւ բարի գալուստի անգլերէն խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէն Դոկտ. Խուլիօ Թեյեզը: Ան գովասանքի խօսքերով վեր առաւ Միաբանութեան 175 տարուան նուիրումը եւ Աստուծոյ ճանապարհով քալելու հաւատարմութիւնը: Ան ընդգծեց Միաբանութեան Քոյրերու անձնուրաց կեանքը յանուն Աստուծոյ փառքին եւ ազգի բարգաւաճման, յաղթահարելով ամէն տեսակ դժուարութիւններ, ընդ որում ջարդ եւ տեղահանութիւն: Դոկտ. Թեյեզ շնորհաւորեց Միաբանութեան 175-ամեակը եւ գնահատեց անոր յանձնառութիւնը հայկական ազգային արժէքներուն նկատմամբ, որոնց ջատագովը եղած է իր հիմնադրութենէն օրէն:

Գեղարուեստական յայտագրով մանկապարտէզի աշակերտները երգեցին «Հայաստան» խորագրով երգ մը, ապա դպրոցին պարախումբը ներկայացուց Արամ Խաչատրեանի «Դիմակահանդէս»ը: Վարժարանիս հայերէնի դասատու Տիկ. Նորա Պուլտուքեան ընթերցեց Մայր Էլպիս Կապրաշեանի հեղինակած «Գերագոյն Սփոփանքս» բանաստեղծութիւնը, որուն յաջորդեց խումբ մը աշակերտներու կատարողութեամբ՝ Մուշեղ Իշխանի «Անցէք Հպարտ» ասմունքը: Անճելինա Յակոբեան դաշնամուրի վրայ նուագեց «Սայաթ Նովա» կտորը, որուն յաջորդեց պարախումբին կողմէ հրամցուած «Արցախ» պարը:

«Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Անտոն Հասունեանը՝ Միաբանութեան հիմնադիր հայրը չէր սխալած` ըսելով, թէ` «Որքա՜ն բարիք պիտի ստանայ ազգը Անարատ յղութեան քոյրերու աշխատանքէն»: Այս խօսքերը մէջբերելով հանդիսավար Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան բեմ հրաւիրեց վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու Քոյր Լուիզա Գասարճեանը, որպէսզի փոխանցէ իր սրտի խօսքը:

Ան նախ ողջունեց Միաբանութեան 175-ամեակի տօնակատարութիւնը դպրոցէն ներս, ապա երախտագիտութեամբ յիշատակեց Միաբանութեան հիմնադիրները եւ այն սրբակենցաղ քոյրերը, որոնք Ցեղասպանութեան տարիներուն քաջաբար նահատակուեցան հայ ժողովուրդին հետ: Քոյր Լուիզան նշեց, որ Հայ Քոյրը 175 տարիներէ ի վեր անձնուրացօրէն նուիրուած է որպէս մայր եւ դաստիարակ, կը կրթէ ու կը կերտէ հայ մանուկներուն միտքը, սիրտն ու հոգին: Ան վերյիշեց, թէ ինչպէս 37 տարի առաջ Միաբանութիւնը կայք հաստատեց Լոս Անճելեսի հայահոծ գաղութին մէջ, յաղթահարելով դժուարագոյն պայմանները, եւ Աստուծոյ շնորհքով, Քոյրերու նուիրումով, անձնուէր ուսուցչակազմին աշխատանքով վարժարանը մինչեւ օրս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, մաղթելով որ 175-ամեայ յոբելեանը ըլլայ խթան յառաջանալու Միաբանութեան տեսնականով եւ նոր յոյսերով ծառայելու ի փառս Աստուծոոյ եւ հայ ազգին:

Պարախումբին կողմէ «Ծաղկաձոր» պարի կատարումէն ետք, Միաբանութեան խօսքը փոխանցելու համար Տիկ. Պոյաճեան բեմ հրաւիրեց «Ազգասէր, մարդասէր, աստուածասէր ոգիով առաջնորդուող Միաբանութեան քոյրերու գլխաւորներէն՝ ներկայիս Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւոր Մայր, մեր բոլորին շատ սիրելի  Մայր Արուսեակ Սաճոնեանը, որ իր ստանձնած բարեսիրական, կրթական եւ մարդասիրական բազմաթիւ աշխատանքներով լոկ մայրապետ մը չեղաւ, այլ՝ հոգատար մայր, որուն գուցէ արժան եւ իրաւ է որ արդարացիօրէն կոչեն Հայ Մայր Թերեզա»:

Մայր Արուսեակը նշեց, որ, անհերքելի փաստ է, որ ընտանիքը, ազգը եւ լեզուն պահողը մայրն է, եւ որովհետեւ հայ աղջիկները պիտի դառնային ապագայի հայ մայրերը, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հիմնադիրները իրենց գերագոյն նպատակ ունեցած են կրթել, դաստիարակել ու պատրաստել հայ ազգի աղջիկ զաւակները: Այս առիթով ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները հայ վարժարան կ’ուղարկեն, որովհետեւ հայ դպրոցը այն վայրն է, ուր կը թրծուի երեխային հոգին Աստուծմով եւ ազգային գիտակցութեամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները վստահած են Հայ Քոյրերու վարժարանին: Ան յատուկ կերպով ընդգծեց այն իրողութիւնը, որ ազգ մը, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կը գոյատեւէ եւ Պարոյր Սեւակի բառերով կ’ըսէ՝ «կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանք», հետեւաբար բոլորս այս յոյսով կ’ապրինք, որ մեր Միաբանութիւնն ալ պիտի շարունակէ բարգաւաճիլ, ծաղկուն գործունէութիւն ծաւալել եւ իր առաքելութիւնը իրագործել ամէն տեղ ուր հայ կայ:

Մեծաւոր Մօր խօսքէն ետք, բոլոր աշակերտութիւնը, ներկաներուն մասնակցութեամբ, երգեցին «Հայեր, Միացէք» երգը եւ հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին Գերյ. Հայր Բարսեղ Պաղտասարեանի «Պահպանիչ» աղօթքով: Կատարուեցաւ նաեւ 175-ամեակի կարկանդակի հատում:

Share