Հայաստանը վերապահութեամբ միացած է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» վեհաժողովի հռչակագիրին

Հայաստանը վերապահութեամբ միացած է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» վեհաժողովի հռչակագիրին

Հայաստանը վերապահութեամբ միացած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող «Յանուն ժողովրդավարութեան» 2-րդ վեհաժողովի լիագումարի նիստի աւարտին որդեգրուած հռչակագիրին:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ձեռնպահ մնացած է մէկ պարբերութենէ, որովհետեւ անիկա «համապարփակ եւ ընդգրկուն կերպով չ՛արտացոլեր բոլոր տագնապները եւ ճգնաժամերը, ինչպէս նաեւ չ՛անդրադառնար Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին դէմ Ազրպէյճանի յարձակումի դրսեւորման եւ Հայաստանի գերիշխան տարածքի որոշակի հատուածներու բռնագրաւման փաստին»:

Պարբերութիւնը, որմէ ձեռնպահ մնացած է Երեւանը, հետեւեալն է.

«Մենք կը վերահաստատենք մեր ամուր վճռականութիւնը` աջակցելու աշխարհի այն երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք հաւատարիմ են ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքներուն` ընդդէմ զանոնք խարխլելու ուղղակի կամ անուղղակի փորձերուն կամ սպառնալիքներուն: Մենք կ՛ընդունինք ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան հիմնարար սկզբունքները, համաձայն որոնց` բոլոր պետութիւնները իրենց միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է զերծ մնան որեւէ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան կամ քաղաքական անկախութեան դէմ ուժի սպառնալիքէն կամ կիրարկումէն եւ իրենց միջազգային վէճերը պէտք է կարգաւորեն խաղաղ միջոցներով: Մենք կ՛ընդունինք պետութիւններու անհատական կամ հաւաքական ինքնապաշտպանութեան անկապտելի իրաւունքը` համաձայն Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնագրութեան 51-րդ յօդուածին: Մենք կ՛ընդգծենք Ուքրանիոյ մէջ կարելի եղածին չափ շուտ համապարփակ, արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներուն համապատասխան: Մենք կը ցաւինք Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումին պատճառով ի յայտ եկած մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական սարսափելի հետեւանքներու համար, ներառեալ ամբողջ Ուքրանիոյ կենսական ենթակառոյցներու դէմ շարունակական յարձակումները, որոնք աւերիչ հետեւանքներ ունին խաղաղ բնակչութեան համար, եւ մեր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք քաղաքային զոհերու մեծ թիւին նկատմամբ, ներառեալ կիներու եւ երեխաներու, մարդասիրական օգնութեան կարիք ունեցող ներքին տեղահանուած անձերու եւ գաղթականներու թիւի, ինչպէս նաեւ երեխաներու նկատմամբ կատարուած խախտումներու եւ բռնութիւններու նկատմամբ: Մենք խորապէս մտահոգուած ենք համաշխարհային պարենային անվտանգութեան, ուժանիւթի, հիւլէական անվտանգութեան եւ ապահովութեան, ինչպէս նաեւ շրջակայ միջավայրին վրայ պատերազմի անբարենպաստ ազդեցութեամբ: Մենք կը պահանջենք, որ Ռուսիա անյապաղ, ամբողջութեամբ եւ անվերապահօրէն դուրս բերէ իր բոլոր զինուորական ուժերը միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով Ուքրանիոյ տարածքէն, եւ կոչ կ՛ուղղենք դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները: Մենք նաեւ զինեալ տագնապի կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք հաւատարիմ մնալ միջազգային օրէնքով ստանձնած պարտաւորութիւններուն: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք ամբողջութեամբ փոխանակել պատերազմական գերիները, ազատ արձակել բոլոր ապօրինի ձերբակալուածները եւ վերադարձնել բոլոր ներքին տեղահանուածները, բռնի տեղահանուած եւ արտաքսուած քաղաքային անձերը, ներառեալ երեխաները: Մենք վճռականօրէն կ՛աջակցինք Ուքրանիոյ տարածքին մէջ միջազգային իրաւունքով լրջագոյն յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան ենթարկելուն` ազգային կամ միջազգային մակարդակով պատշաճ, արդար եւ անկախ հետաքննութիւններու եւ քրէական հետապնդումներու միջոցով, ինչպէս նաեւ բոլոր զոհերուն համար արդարադատութեան ապահովումին եւ ապագայ յանցագործութիւններու կանխարգիլումին»:

Share