Si vis bellum, para pacem․․․
Մեր այս արտայայտութիւնը գլխիվայր շրջումն է Քրիստոսէ չորս դար առաջ առածի կարգ անցած եւ շատ օգտագործուած լատինական այն պատգամին, որ կ’ըսէ. Si vis pacem, para bellum, այսինքն «Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես, պատրաստուէ՛ պատերազմի»։
Շրջուած արտայայտութեամբ, մօտաւորապէս կրկնած պիտի ըլլանք Ա․Մ․Ն․-ի առաջին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընի (1732 – 1799) մէկ խօսքը, արտասանուած՝ քոնկրէսին առջեւ իր անդրանիկ ճառին ընդմէջէն․ «Պատերազմի պատրաստ ըլլալը ամենէն ազդու միջոցն է խաղաղութիւնը պահելու»: (“To be prepared for war is one of the most effectual means of preserving peace”).
Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ լատիներէն այս իմաստուն խօսքով, աշխարհի զանազան ցամաքամասերուն մէջ, ներառեալ Կովկասեան բարձրաւանդակին վրայ։
Հետեւելով նորագոյն անցուդարձերուն, տեղին է գործածել այս շրջուած տարբերակը, թէեւ Պաքուի բռնատէրին բառարանին մէջ յայտնապէս գոյութիւն չունի․․․ խաղաղութիւն հասկացութիւնը, այսինքն՝ pacem: Անոր տրամաբանութիւնը ոճրային է եւ կը ներկայանայ հետեւեալով. «Եթէ պատերազմ կ՛ուզես, պատրաստուէ՛… պատերազմի»։
Եւ այսպէս, երբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ազգային խումբերը Եւրոպայի ոտնագնդակի ախոյեանութեան մրցաշարքի ծիրին մէջ իրարու դէմ կը մրցէին Երեւանի մէջ, աւելի հարաւ-արեւելք՝ Արցախի մէջ, ազերիները, փոխան գնդակի՝ գնդացիրներով քանի մը մղոն եւս կը յառաջանային հայրենի հողերուն վրայ, նոր զոհեր խլելով: Կարծէք թէ նպատակներէն մէկն ալ՝ 100 օրերէ ի վեր Բերձորի անցքին փակ մնալուն ստեղծած տագնապները մոռացութեան մատնելն էր։
Արդեօք կարելի՞ է հաւատալ Ա․Մ․Ն․-ի արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի խօսքերուն, թէ Պաքու եւ Երեւան շուտով կրնան խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել:
Հաւատալէն աւելի, որքանո՞վ արդար, այսինքն՝ հայանպաստ պիտի ըլլան պայմանները, մանաւանդ, որ Պլինքընի գործակից եւ Ա․Մ․Ն․-ի արտաքին գործոց նախարարութեան կովկասեան հարցերով աւագ խորհրդատու Լուի Պոնօ կը շարունակէ յայտնել, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ հետեւողական աշխատանք կը տարուի, որպէսզի կողմերը հասնին տեւական եւ համապարփակ խաղաղութեան, ժամանակը չէ Ատրպէյճանին զինուորական օգնութիւնը դադրեցնելու։ Այս ընտրանքին արդէն իսկ բազմաթիւ քոնկրէսականներ թեր քուէարկած են եւ, աւելին, անոնք նամակ յղած են պետական արտաքին գործառնութիւններու գծով յատկացումներու ենթայանձնախումբի պատասխանատուներուն, որ Ատրպէյճանը չանտեսելը անպայման նկատի ունենան՝ յառաջիկայ տարուան արտաքին նիւթական օժանդակութեան մասին օրինագծի մշակումը աւարտելու համար:
Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին՝ կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին զեկուցում տալու պահուն, բաւական յստակացուց, թէ փոխընդունելի ձեւաւորումներ կատարուած են, սակայն բազմաթիւ հարցեր դեռ քննարկման ընթացքին մէջ են։
Շրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ հեռաւոր Եւրոպայի կեդրոնը, մթնոլորտը պայթուցիկ է եւ իսկապէս մտահոգիչ: Այս վիճակին դիմաց, Երեւանի դիւանագիտական եւ պաշտպանական բազուկները գործնապէս կը մնան… անգործ, հետեւաբար, կը մնան լուրջ հարցադրումի տակ։ Խաղաղութեան հետամտութեան քարոզները կը խաչաձեւեն նոր պատերազմի, մինչեւ իսկ նոր ցեղասպանութեան մասին մտավախութիւնները, որոնք կը ծագին նոյն բերաններէն եւ շփոթի կը մատնեն ժողովուրդը, իսկ շփոթը կը հասցնէ անտարբերութեան, կրաւորականութեան եւ «անկարող ենք» շապիկը աւելի՛ ամուր հագուելու վիճակի:
Նման վիճակ հանդուրժելի չէ, եթէ չենք ուզեր իշխանութեան կողքին մասնակից ըլլալ հայրենի հողերու յաւելեալ կորուստներու, հայրենիքի՛ն ու պետութեա՛ն կորուստին. այլ խօսքով, խաղաղութիւն պահպանելու համար պատերազմի պատրաստ ըլլալը, զինեալ եւ դիւանագիտական պատերազմի ունակ ըլլալը կը դառնայ աւելի քան հրամայական:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական