Երեւանի «Յառաջ» նորահաստատ արեւմտահայերէնի կեդրոն

Երեւանի «Յառաջ» նորահաստատ արեւմտահայերէնի կեդրոն

Միջին Արեւելքի քաղաքական սուր տագնապներուն պատճառով՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի հայեր Հայաստան հաստատուեցան։ Անոնց մէկ մասը մնաց, ուրիշներ գաղթեցին դէպի ԱՄՆ, Գանատա, Եւրոպա…  

Այսօր Երեւանի մէջ արեւմտահայ համայնք մը գոյացած է, որ կը հաշուէ 25.000-30.000 հոգի։ Երեւանի մէջ շատ սովորական երեւոյթ է ամէնուրեք հանդիպիլ արեւմտահայերու, լսել՝ արեւմտահայերէն խօսակցութիւններ։  

Սակայն, արեւմտահայերէնը կրնայ շուտով չքանալ Երեւանի հանրային կեանքէն, եթէ աշխատանք չտարուի զայն պահպանելու եւ ամրացնելու։ 

«ՅԱՌԱՋ» արեւմտահայերէնի կեդրոնը հիմնադրուած է ծառայելու Հայաստան հաստատուած արեւմտահայ (արեւմտահայերէն խօսող) համայքին։ Պէտք է հոգ տանիլ որ ան իր լեզուական, մշակութային ինքնուրոյնութիւնը պահպանէ եւ զարգացնէ։ 

Ներկայ դրութեամբ «ՅԱՌԱՋ» կեդրոնը հետեւեալ աշխատանքները կ՚իրականացնէ.

— Արեւմտահայերու հանդիպումի վայր է, ուր տեղի կ՚ունենան նաեւ զանազան հաւաքներ ու կը գործեն աշխատանոցներ.

— Մանուկներու արեւմտահայերէնով շաբաթօրեայ աշխատանոց.

— Երիտասարդ երաժիշտներու եւ արուեստագէտներու համախմբումներ եւ ելոյթներ.

— Երիտասարդներու համար արեւմտահայերէն գրական ակումբ.

— Արեւմտահայ թատերագիրներու խաղերու ընթերցումներ.

— Արեւմտահայ մտաւորականներու եւ հեղինակներու հետ հանդիպումներ.

— Սուրիացի եւ լիբանանցի արհեստաւորներու արտադրութիւններու վաճառքի գովազդում եւ ներկայացում.

— Արեւմտահայերէնով նոր հրատարակութիւններու հաւաքում ու տարածում.

— Արեւմտահայերէն գրադարանի մը կազմութիւն (ընթացքի մէջ է).

— Հայաստանեան դպրոցներու մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդութեան քաջալերում. 

— Հայաստան հաստատուած արեւմտահայ ուսուցիչներու ցանցի մը ստեղծում։

Յաճախ կը խօսուի արեւմտահայերէնը պաշտպանելու անհրաժեշտութեան մասին։ Ոչ մէկը կրնայ աւելի լաւ պաշտպանել արեւմտահայերէնը, քան արեւմտահայը ինքը, մանուկներուն, երիտասարդներուն, չափահասներուն արեւմտահայերէն գործածելու առիթներ ընծայելով։  Նա՛եւ՝ մտաւորականութեան հետ շփուելու, արեւմտահայերէնով ընկերութիւն ընելու պահեր ստեղծելով, արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու միջոցներ հայթայթելով։

Հայաստանի արեւելահայ մեծամասնութեան մէջ արեւմտահայ փոքրամասնութեան ի յայտ գալը նոր երեւոյթ չէ։ 20-րդ դարուն երկու առիթներով՝ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան կազմութեան ժամանակ եւ ներգաղթի ժամանակ արեւմտահայերու զանգուածային գաղթ տեղի ունեցաւ, սակայն անոնք համայնքներ չկրցան կազմել, անոնց մշակոյթը ճզմուեցաւ բոլշեւիկեան վարչակարգին կողմէ։ Այսօր, Հայաստանի վերանկախացման առթիւ, այս երրորդ առիթը պէտք չէ մսխել։ 

Ներկայիս եւս, շատեր վերապահութեամբ կը մօտենան հայրենիքի մէջ արեւմտահայերէնի գոյատեւումին։ Ինչո՞ւ թերահաւատութեամբ մօտենալ հայրենիքի մէջ անոր գոյատեւումին եւ նոյնքան թերահաւատութեամբ չմօտենալ Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ու կամ այլ երկրի մէջ անոր պահպանումին։ Հայաստանը նո՛ր միջավայր է, նո՛ր փորձառութիւն, ունի իր առաւելութիւնները, իբրեւ կազմաւորուած հայկական միջավայր եւ իր անպատեհութիւնները։ Բոլոր տեսակի մտավախութիւնները եւ գաղափարական կանխավարկածները մէկդի դրած, պէտք է մտածել Երեւանի մէջ կայք հաստատած 25.000-30.000 արեւմտահայոց մշակութային կենսական կարիքները հոգալու, կայուն համայնքային կեանք ստեղծելու, անոր բացառիկ արեւմտահայ հարստութիւնը պահպանելու մասին։

Շատեր օգնութիւն կը սպասեն Հայաստանի կառավարութենէն։ Ուրիշներ Սփիւռքի քաղաքական կուսակցութիւններէն, միութիւններէն, եկեղեցիներէն… Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան նպատակը հետապնդող անկախ կեդրոն մը լաւագոյն երաշխիքն է անոր պաշտպանութեան։ Արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելու լաւագոյն եղանակը զայն գործածելն է եւ անոր նեցուկ կանգնիլը անկախ՝ կուսակցական, յարանուանական եւ միութենական պատկանելիութիւններէ եւ օրակարգերէ։ Արեւմտահայերէնը եւ արեւմտահայ մշակոյթը իբրեւ անբաժան մասնիկը ամբողջական հայ մշակոյթին, յատուկ ուշադրութեան արժանի է եւ մա՛նաւանդ Հայաստանի մէջ տեսանելի կեդրոն մը ունենալը՝ կենսական, անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է։ 

Վերջապէս Հայաստանը կարիքը ունի արեւմտահայ մշակոյթը, լեզուն ճանչնալու, սփիւռքահայութիւնը աւելի լաւ ճանչնալու համար։ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները բարելաւելու այս պատեհ առիթը պէտք չէ փախցնել։ 

Բարի՛ եկած էք, այցելեցէք «ՅԱՌԱՋ» կեդրոն, 29 Լեռ Կամսար փողոց, Ամերիկեան համալսարանի կողքին։ Կեդրոնը կը ղեկավարուի Անի Բրդոյեանի կողմէ։ «ՅԱՌԱՋ» հիմնադրամը հիմնադրուած է Ժիրայր Չոլաքեանի, Սիլվիա Գասպարեանի եւ Յարութիւն Կոպէլեանի կողմէ։ Կեդրոնը իր գործունէութիւնը ամուր հիմքերու վրայ դնելու համար հոգաբարձու խորհուրդ մը կազմելու ընթացքին մէջ է, որ պիտի ունենայ 5-7 անդամ։ «Յառաջ»ի գործւնէութեան կրնաք հետեւիլ դիմագիրքի այս յղումով https://www.facebook.com/profile.php?id=100086859847344

Ձեր մասնակցութիւնը բերէք արեւմտահայ մշակոյթի Հայաստանի մէջ արմատացման։ Ձեր նիւթական օգնութիւնը յղեցէք Պարոն Մհեր Պապեանին, որ ինքնաբուխ յանձն առած է դրամահաւաքի այս ազնիւ առաքելութիւնը։

Meher Babian

18455 St. Moritz Dr.

Tarzana, CA 91356

*****

«Յառաջ» Կեդրոնը ունի գրասենեակ մը, որ կը գործէ ամէն օր ժամը 10:00-18:00: Աշխատանքային ժամերը կը լեցուին տեղւոյն արեւմտահայ մտաւորականներու, արուեստագէտներու, գրագէտներու, արեւմտահայերէնի ուսուցիչներու ցանկագրումով, «Հրատար» եռալեզու առցանց գրախանութի կայքէջի պատրաստութեամբ, հիւրեր ընդունելով եւ յօդուածներու ձեւով տեղեկութիւններ հաղորդելով արեւմտահայերէնով եւ արեւմտահայերէնին առնչուած ձեռնարկներուն մասին, որոնք տեղի կ’ունենան Երեւանի մէջ: Յօդուածները լոյս կը տեսնեն Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեային մէջ: «Յառաջ»ի միջնորդութեամբ երկու արեւմտահայ ուսուցչուհիներ այժմ արեւմտահայերէն կը դասաւանդեն երկու վարժարաններու մէջ. մէկը՝ Մխիթար Սեբաստացի Կրթահամալիր, միւսը՝ Աւետիսեան դպրոց: 


«Յառաջ»ը ունի դիմագիրքի էջ մը, ուր կը ծանուցէ իր ձեռնարկները եւ նոր արեւմտահայերէն հրատարակութիւններէն մէջբերումներ կ’ընէ,  հրատարակութիւններ կը ծանօթացնէ, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէն գիրքեր կը տեղադրէ Երեւանի գրախանութներուն մէջ վաճառքի համար: Դիմագիրքի էջին յղումն է՝ https://www.facebook.com/profile.php?id=100086859847344:

«Յառաջ»ը արեւմտահայերէն գիրքերով կը մասնակցի ցուցահանդէսներու, ինչպէս նաեւ տօնավաճառներ կը կազմակերպէ արհետավարժ արեւմտահայերու արտադրանքին համար: 

«Յառաջ»ի մէջ առաջին աշխատանոցը կը կրէր երաժշտական բնոյթ, Փարիզէն մեր հրաւէրով 2022-ի Հոկտեմբեր ամսուն Երեւան ժամանած էին երաժիշտ, շարականագէտ Արամ Քերովբեանն ու իր տիկինը երաժիշտ Վերժինէ Քերովբեանը, որոնք երեք օրուան հետեւողականութեամբ երաժշտական աշխատանոցներ վարեցին:

«Յառաջ»ի մէջ 2022-ի Մայիսէն ի վեր կը գործէ «Ափէ Ափ» շաբաթօրեան: Շաբաթ օրերը ժամը 13:00-16:00 կեդրոն կը յաճախեն արեւմտահայ փոքրիկներ եւ կը զբաղին նկարչութեամբ, լեզուական խաղերով, մարզանքով, պարով եւ երաժշտութեամբ, կը ծանօթանան Ազգ. տօներուն: «Ափէ Ափ»ի վարիչները, ինչպէս նաեւ մասնակիցները Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հայրենադարձներ են: Կը կազմակերպենք նաեւ պտոյտներ, արտաքին աշխատանոցներ ծնողներու ներկայութեամբ:

«Յառաջ»ի մէջ սկիզբ առին թատերական ընթերցումներու աշխատանոցներ, բեմադրութեամբ Ժիրայր Չոլաքեանի: Կը կարդացուին արեւմտահայ թատերագիրներու խաղեր եւ ընթերցումի եղանակով կը ներկայացուին մտերմիկ հանրութեան: Առաջին ներկայացումը Յակոբ Օշականի «Փառք Աստըծոյ» խաղն էր, որ տեղի ունեցաւ 3 Յունուար 2023ին: Երկրորդ խաղը՝ Լեւոն Շանթի «Եսի մարդը»ն է, որ կ’ընթերցուի հերթականօրէն՝ Երկուշաբթի օրերը երեկոյեան ժամը 7-ին, որպէսզի պատրաստ ըլլայ մինչեւ Ժիրայր Չոլաքեանի յաջորդ ժամանումը Փարիզէն:

Ընթերցումներու աշխատանոց մը սկիզբ առաւ 2022-ի Նոյեմբերին: Այս աշխատանոցի մասնակիցները առաւելաբար Ֆրանսայէն աշխատանքի համար ժամանած կամ վերջերս Երեւան հաստատուած երիտասարդուհիներ են: Ընթերցումներուն ընթացքին կը բացատրուին անհասկնալի բառեր, քերականական եւ լեզուական պարագաներ: Նպատակը մասնակիցներուն արեւմտահայերէնի իմացումը խորացնելն է: 
Որպէս հանրային ձեռնարկ «Յառաջ»ը 2 Փետրուար 2023-ին կազմակերպեց «Հալէպը այսօր» բանախօսութիւնը, ուր հրաւիրուեցաւ Հալէպէն Երեւան ժամանած Փաստաբան, հայերէնաւանդ ուսուցչուհի եւ ազգային գործիչ Մարիա Գաբրիէլեանը: 

«Յառաջ»ի յաջորդ հանրային ձեռնարկը արդէն որոշուած է 14 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին եւ շուտով կը յայտարարուի: Ձեռնարկը բանաստեղծական երեկոյ մըն է, ուր երեք արեւմտահայ երիտասարդ բանաստեղծներ պիտի ներկայացնեն իրենց բանաստեղծութիւնները երաժշտութեան ուղեկցութեամբ: 
Ընթացքի մէջ է նաեւ գիրքերու շնորհանդէսներու ծրագիրը, հեղինակներու նոր հրատարակուած գիրքերու ընդգրկումով:

Share