«Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

«Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը շուտով կրնան ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիր, կ՛ընդգծէ Ուաշինկթընի ներգրաւուածութեան տարողութիւնը: Ուաշինկթըն մինչ այդ յայտարարած էր, որ միջնորդի դեր չ՛ուզեր վերցնել, թէ՛ որեւէ պարտադրանք չունի կամ փաստաթուղթի նախագիծ չէ մշակած: Պարզապէս կ՛ուզէ աջակցիլ եւ վճռական տրամադրուած է բոլոր միջոցներով աշխատելու, որ վերջ տրուի երկարատեւ արիւնալի հակամարտութեան:

Հիմա պաշտօնական Ուաշինկթընը այս ձեւով կ՛ազդարարէ հանգուցալուծման մօտալուտ ըլլալը: Աւելի ճիշդը` համաձայնագիրի նախապատրաստումը աւարտին հասցնելը, որուն համար, ըստ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտին, գոյութիւն ունի փաստացի հնարաւորութիւն: «Փաստացին» հիմնաւորելու համար նախարարը կը նշէ Միւնիխի եւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը: Պլինքըն ակնկալած է, որ նախարարները կը վերադառնան Ուաշինկթըն` աւելցնելով. «Աշխատած ենք համաձայնագիրի բնագիրին վրայ»: Խօսքը բնականաբար եռակողմ` Միացեալ Նահանգներ, Հայաստան, Ազրպէյճան համատեղ աշխատանքին կը վերաբերի: Մինչ, այս առումով առաւելաբար կը խօսուէր նախագիծին Պաքու-Երեւան երթեւեկութեան առաջարկ-լրացում շղթայի մասին:

Հիմա, Միացեալ Նահանգները կ՛ուզեն պարզ դարձնել, որ այդ երթեւեկութիւնը իր միջնորդութեամբ տեղի կ՛ունենայ եւ թէ փաստաթուղթի նախապատրաստումը մօտալուտ է:

«Ազրպէյճանն ու Հայաստանը շուտով կրնան համաձայնագիր ստորագրել» յայտարարողը Ուաշինկթընի պաշտօնական ներկայացուցիչն է: Հասկնալի է, որ դիւանագիտական յայտարարութիւններուն մէջ յստակ ժամկէտներ չեն նշուիր: Օր, թուական, յստակ ժամանակ կը յայտարարուի, երբ ամէն ինչ որոշուած կ՛ըլլայ արդէն: Նման լաւատեսական յայտարարութիւն կատարած էր նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` ակնարկելով Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի մօտալուտ բացումին: Այնտեղ եւս յստակ թուականի մասին խօսք չկար: Ազրպէյճանը չբանալով միջանցքը փաստօրէն նպաստեց ռուսական դերակատարութեան հեղինակազրկման քաղաքականութեան:

Խնդրոյ առարկայ յայտարարութիւններուն մէջ կայ ուշագրաւ այլ բաժին: Կը հաստատուի, որ Միացեալ Նահանգները ոչինչ կը պարտադրեն Հայաստանին: Հակամարտող կողմերէն մէկն է, որ կը յիշուի. կ՛ենթադրուի ուրեմն, որ նախագիծը մշակած է Պաքուն, Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ կամ առնուազն համաձայնութեամբ: Հիմա Հայաստանն է, որ պիտի տայ իր համաձայնութիւնը: Հասցէական այս հաստատումէն նման ենթադրութիւն կը բխի: Սակայն, կայ յայտարարութեան միւս դիտարժան բաժինը. Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցին, որ Հայաստան – Ազրպէյճան հակամարտութիւնը կարգաւորուի, որուն շրջածիրին մէջ պէտք է անդրադարձ կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի էթնիք հայութեան իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան:

Այս բառակապակցութիւնները լաւ բան չեն յուշեր: Քաղաքական ընկալումով այս ձեւակերպումները համազօր են Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելուն: Միացեալ Նահանգները ներկայացուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մէջ, որ ցարդ չէ լուծարուած: Իսկ այդ ձեւաչափը հաւասարազօր կը նկատէր տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը` հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնադրոյթներուն հիման վրայ:

Աւելի՛ն. այս բառակապակցութիւններն ու եզրոյթները կ՛օգտագործէ նաեւ պաշտօնական Երեւանը: Եւ այդ պարագային հայկական կողմին պարտադրելիք շատ կէտ չի մնար: Այս հանգամանքները պէտք է տեսնել` ըմբռնելու համար Ուաշինկթընի ակնարկած «մօտալուտ»-ը:

«Ա.»
aztagdaily.com

Share