Արցախի Ազգային Ժողովը 2-րդ Ընթերցումով Հաւանութիւն Տուած Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Նախագիծին

Արցախի Ազգային Ժողովը 2-րդ Ընթերցումով Հաւանութիւն Տուած Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Նախագիծին

Արցախի Ազգային ժողովը երէկ` 23 մարտի իր նիստին երկրորդ ընթերցումով հաւանութիւն տուած է Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծին:

Ազգային ժողովի գլխադասային` պետաիրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբը առաջին ընթերցումէն ետք նախագիծին վերաբերեալ առաջարկ չէ ստացած: Խորհրդարանը քուէարկութեամբ միաձայն հաւանութիւն տուած է սահմանադրական փոփոխութեան:

Ազգային ժողովի նախագահը ներկայացուցած է փոփոխութեան Սահմանադրութեան համապատասխանելիութիւնը որոշելու հարցով Գերագոյն դատարան դիմելու վերաբերեալ Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը: 32 կողմ ձայնով ան հաւանութեան արժանացած է: Հարցի քննարկումը ընդհատուած է մինչեւ Գերագոյն դատարանէն պատասխան ստանալը:

Share