Երէկ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի ծննդեան 144-ամեակն էր: Այս առիթով Երեւանի մէջ Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ կանգնեցուած է պատուոյ պահակագունդ:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները, ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի անդամներն ու քաղաքացիներ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 144-ամեակին առիթով ծաղիկ դրին անոր յուշարձանին: