Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը, ներառեալ սահմանին վրայ անվտանգութեան ապահովման քայլերը: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Քննարկուած են 2020-2022 թուականներուն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ յայտնի համաձայնագիրներու ամբողջ համալիրի իրականացման գործնական երեւոյթները, ներառեալ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման, շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու վերականգնման, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստման ուղղուած քայլերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած կացութեան քննարկման ժամանակ Վլատիմիր Փութին ընդգծած է բոլոր ի յայտ եկած խնդիրները կառուցողական կերպով լուծելու անհրաժեշտութիւնը` ռուս խաղաղապահներու հետ կողմերու սերտ հաղորդակցութեան եւ համագործակցութեան պայմաններուն մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: