Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմը Արցախի ներկայացուցիչները հրաւիրած է Պաքու` հանդիպման:
Յիշեցնենք, որ 1 մարտին հաղորդուած էր Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու ռուսական կողմի միջնորդութեամբ հանդիպումի մասին:
Ազրպէյճանի ԱՓԱ պետական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այժմ Ազրպէյճան կ՛առաջարկէ յառաջիկայ օրերուն 2-րդ հանդիպումը կատարել Պաքուի մէջ` քննարկելով այսպէս կոչուած «վերահամարկման» եւ Արցախի մէջ «ենթակառուցային ծրագիրներու իրականացման» հարցերը: