Պաքուն անընդունելի կը նկատէ Հայաստանի իշխանութիւններու խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ կէտ ներառելու փորձերը: Այս մասին «Ռիփորթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի անվտանգութեան հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի նախագահը բազմիցս նշած է, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին առնչուած հարցերը պէտք է առանձին լուծուին եւ կապուած չըլլան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վերաբերող հարցերուն:
«Հայաստանը ի սկզբանէ փորձած է ղարաբաղեան հարցը ներառել խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ, սակայն այդ մօտեցումը Ազրպէյճանի համար անընդունելի է: Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը զուտ Ազրպէյճանի ներքին խնդիրն է, եւ Պաքուն չի պատրաստուիր գերիշխանութեան վերաբերեալ հարցերը քննարկել որեւէ այլ կողմի հետ», յայտարարած է Հաճիեւ:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու «իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի որոշուին Ազրպէյճանի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն համապատասխան»: