ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած են Ռուսիոյ Դաշնութիւն:
12 մարտին այցելութիւնը սկսած է Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանի հետ հանդիպումով, ապա Արմէն Ռուստամեան եւ Իշխան Սաղաթէլեան մասնակցած են Մոսկուայի մէջ ՀՅԴ հիմնադրութեան 133-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին: