Վիգէն Սոսիկեան
Այսօր Դաշնակցութիւնը միակ կազմակերպութիւնն է, որ համաշխարհային մասշտաբով կ’աշխատի պաշտպանելու հայ ազգը ոչ միայն Ադրբեջանի ցեղասպան գործողութիւններէն, ոչ միայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու միջոցով Հայ Դատը փշրելու Թուրքիոյ ջանքերէն, ոչ միայն մեր թշնամիներու ապատեղեկատւութեան հսկայական արշաւին դէմ, ոչ միայն անոնց բազմամիլիոն տոլարանոց միջազգային լոբբիստական ջանքերում դէմ, այլ նաև դաւաճանական Փաշինեանի կառավարութեան դէմ, ով կը համագործակցի անոնց հետ, որոնք նպատակադրած են ոչնչացնել մեզ։
Կարելի է չհամաձայնիլ Դաշնակցութեան իւրաքանչիւր որոշման հետ, անպայման ունիք ամէն իրաւունք քննադատելու ՀՅԴ-ին իր թերութիւններուն համար։ Սակայն, երբ աշխոյժ աշխատանք կը տանիք Դաշնակցութեան վնասելու նպատակով, դուք իրականութեան մէջ աշխատանք կը տանիք թուլացնելու այն միակ ուժը, որ համաշխարհային կերպով կը պաշտպանէ Արցախը, եւ բացառապէս Հայաստանի և հայութեան շահերը. Ձեր գործողութիւնները ձեզ ոչ միայն կը դարձնեն հակադաշնակցական, այլ գործնականօրէն հակահայ:
Դուք կրնաք օր ու գիշեր ինքներդ ձեզ դաշնակցական կոչել, բայց իրականում հեռացուած եւ արտաքսուած էք ՀՅԴ շարքերէն։ Կրնաք յայտարարել, որ Դաշնակցութիւնը ամրագրուած է ձեր սրտերուն մէջ, բայց իրականում ամէն օր մեր ազգը պաշտպանող կուսակցութեան մէջքէն կը դանակահարէք։ Կրնաք ձեռնարկներ կազմակերպել և դուք ձեզ հռչակել կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, բայց իրականում ոչ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը, ոչ ՀՅԴ Բիւրոն, ոչ աշխարհի որևէ Կենտրոնական Կոմիտէ և ոչ մէկ դաշնակցական կոմիտէ աշխարհով մէկ նոյնիսկ չի ճանաչեր ձեր գոյութիւնը։
Իրականութեան մէջ, նոյնիսկ այն մարդիկ, ովքեր դուք կը կարծէք հաւատարիմ են ձեզ, այո` այն նոյն մարդոց, որոնց դուք կը համարէք «ձեր ստրուկները», լաւ գիտեն ձեր ինչ ըլլալը. անցեալը կը վկայէ որ նոյնիսկ անոնցմէ ձեզի ամենահաւատարիմները ի վերջոյ, չդիմանալով խղճի խայթի ծանր բեռին, կը զղջան։ Այդ ժամանակ ես անձամբ ներողամտութեամբ կը վերաբերիմ: Մինչ այդ, դուք ձեր գործունէութեամբ կը մնաք թշնամիին շահերուն սպասարկողներու, հանրութեանը մոլորեցնողներու խմբակ մը։