«Օրակարգ»ը կը շնորհաւորէ «Ազատ Օր»ի հրատարակութեան 79րդ տարին
Օղակ մը եւս աւելցաւ յունահայ գաղութի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի տարածքին լոյս տեսնող հայկական միակ օրաթերթին՝ «Ազատ Օր»-ի հրատարակութեան պատմութեան վրայ։
Շաբաթ, 25 Փետրուարը, որպէս առաջին թիւի հրատարակութեան նշանակալից թուական, յատկանշեց թերթի երկար ուղիին վրայ կարեւոր մէկ տարուան բոլորումը հայ կեանքի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու ու փոթորկոտ իրականութեան մէջ, ապա մեր առջեւ դրաւ ամուր հիմերու վրայ նոր հանգրուան մը աւելցնելու պարտքը։
Այս յանձնառութիւնը միայն թերթի ետին գտնուող պատասխանատու մարմինին կամքը չէ։ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազգային ու գաղափարական առաջադրանքներու լոկ արտայայտիչի պաշտօնին մէջ երբեք չմնաց մեր թերթը, այլ առաջին օրէն ունեցաւ ժողովրդային յենարան, անսասան մնալով իր հաւատաւոր ընթերցողներու ազգային մտածողութեան դարբնոցի, ինչպէս նաեւ յունահայ գաղութի կենարար սիրտը ըլլալու դերին վրայ։
Այս տարուան մեկնարկին ալ նշեցինք, թէ ժամանակներու պահանջն է թերթի հրատարակութիւնը տեսնել արդիական ու նորաձեւ ըմբռնումներու մթնոլորտին մէջ։ Դիւրին չէ որեւէ փոխակերպութեան մասին մտածել ու զայն գործնական միջոցի վերածել։ Դեռ, անոր մասին խօսելու եւ մեր ընթերցողներուն, մանաւանդ երիտասարդ խաւին հետ զրուցելու անհրաժեշտութիւնը՝ գործնական ճամբան որոնելու կարեւոր հանգրուաններէն մէկը կը հանդիսանայ։
Կը թեւակոխենք 79-րդ տարին, մեր առջեւ ունենալով բազմապիսի մարտահրաւէրներ՝ ազգային ու գաղութային, որոնց ներկայացումը, հանրային խօսք ու կարծիք ձեւաւորելու հրամայականը, վերջապէս՝ մեր հաւաքական կեանքը միշտ բեղուն ու հայրենակեդրոն պահելու ճիգը պիտի շարունակեն մնալ թերթի առաքելութեան ու գոյութեան էական պատճառները։
Կը շնորհաւորենք Յունաստանի եւ արտասահմանի մեր ընթերցողներն ու աշխատակիցները, բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան թերթի գոյատեւման։