Յապաղած հրաժեշտ

Յապաղած հրաժեշտ

Յովիկ Մահսէրէճեան 

Մեր կեանքի ընթացքին կը հանդիպինք անձերու, որոնք սկզբնական շրջանին կը մնան լուսանցքի վրայ, իսկ աւելի ուշ, կեանքի պայմաններու բերումով, կը դառնան մեր կեանքին անքակտելի մէկ մասը, գլխաւոր անձերէն մէկը՝ որոնց ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը անբաժան կ’ըլլան մեզմէ։  

Այսպէս եղաւ Գօգոյին հետ ընկերութեանս պատմութիւնը:

Երբ կը յաճախէինք Պուրճ Համուտի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը, բազմամարդ դասարանները ունէին քանի մը բաժանմունք: Առաջին երկու տարիներուն, Գօգօն մաս կը կազմէր այլ բաժանմունքներու, հետեւաբար մեր ընկերութիւնը սովորական ծանօթութենէ մը անդին չէր անցներ: Սակայն երրորդ տարին, երբ բոլոր բաժանմունքները միացուեցան եւ կազմուեցաւ 39 հոգինոց դասարան մը, բնականաբար Գօգոյին հետ գտնուեցանք նոյն դասարանին մէջ: Հոն ալ, սկզբնական շրջանին, մեր ընկերութիւնը դասարանէն դուրս չէր տարածուեր, որովհետեւ մեր հետաքրքրութիւնները տարբեր էին. ինք մաս կը կազմէր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պուրճ Համմուտի ֆութպոլի երկրորդական խումբին, իսկ ես միացած էի Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» աշակերտական միութեան, եւ ընկերներուս հետ՝ մեր ազատ ժամերը ընդհանրապէս կը տրամադրէինք մեր միութեան։

 Գօգօն սակաւախօս էր, ինքնամփոփ եւ հանդարտ. սակայն կը վայելէր դասընկերներուն գուրգուրանքն ու գորովը: Տարի մը առաջ, կորսնցուցած էր հայրը, իսկ մայրը մահացած էր՝ երբ ինք մանուկ էր: Ընկերներէս իւրաքանչիւրը տարբեր ձեւով, գուրգուրանք բուրող վարմունքով կը մօտենայինք իրեն: Այս հանգամանքը բաժին ունեցաւ, որ ես ալ աւելի մօտենայի իրեն եւ մեր ընկերութիւնը ըլլար տարբեր մակարդակի: Այդ տարին էր նաեւ, որ դպրոցէ ետք, սկսանք քանի մը ընկերներով իրարու տուն հաւաուքիլ՝ «դաս ընելու» նպատակով,  թէեւ գլխաւոր նպատակը… «Պլոթ» խաղալն էր: Յատուկ օրեր էին Չորեքշաբթին եւ Շաբաթը, երբ դպրոցը կէս օր էր, այսինքն, յետմիջօրէները ազատ էինք։

Գօգոյենց տունը կը գտնուէր Արագած թաղամասին մէջ. Պուրճ Համմուտի տարբեր թաղերէն եկողներու պէս, ինք ալ քալելով դպրոց կու գար, մինչդեռ մեր տունը կը գտնուէր աւելի հեռու՝ Սին էլ-ֆիլի շրջանը. ստիպուած էի հանրային փոխադրամիջոց օգտագործել՝ դպրոց երթալու համար: Երբեմն, դասապահերուն աւարտէն ետք, մօտակայ «Գերմանիկ» սրահին թաղը երթալով՝ «ֆիլիփըր» կը խաղայինք, եւ եթէ ճանապարհածախս մսխած ըլլայի՝ ստիպուած կ’ըլլայի Գօգոյին ընկերակցիլ եւ քալելով տուն երթալ: Որպէսզի ծնողքէս «յանդիմանութիւն չուտէի», կ’առաջարկէի Գօգոյին, որ հետս մեր տունը գար եւ հոն գիշերէր: Գօգօն միշտ պատրաստ էր. բառին բուն իմաստով, «բարի, գեղեցիկ, առրաքինի ընկեր» մըն էր: Եւ, ի՜նչ խօսք. այդ երգը առաջին անգամ Գօգոյէն լսած էի. մեր ընկերական հաւաքոյթներուն, ընդհանրապէս ինք էր գլխաւոր մեներգողը եւ երգացանկը բացողը։

1973-ի Յունիսին, երբ կազմուեցաւ Լիբանանի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնը (ԼԵՄ), Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Աշակերտական Միութիւնն ու Պուրճ Համմուտի քանի մը թաղամասերու՝ Նորաշէնի (Թիրօ քէմփ) եւ Արագած շրջանի  պատանեկան Միութիւնները իրարու միացան, կազմելու «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը: Բախտը բերաւ, որ Գօգոյին հետ մաս կազմէի այդ մասնաճիւղին: Արդէն պատանութեան օրերը մեր ետին էին, ու այդ շաղախին վրայ, հետզհետէ ամրացաւ մեր ընկերութեան հիմն ու շէնքը: Պատանութեան օրերէն, շատ ծանօթ էինք մէկզմէկու նկարագիրին, իսկ ըլլալով նոյն գաղափարախօոսութեան աշակերտները, մեր կապը աւելի եւս կ’ամրապնդուէր։ Մաս կազմեցինք Երիտասարդականի դաստիարակչական յանձնախումբին. սա առիթ էր, որ լայնօրէն ընթերցէինք կուսակցական գրականութիւնը, այսպէսով, թէ՛ անձնապէս դաստիարակուեցանք եւ թէ իրար դաստիարակեցինք յանձնախումբի ժողովներուն՝ մեր ընթերցած գիրքերը ներկայացնելով եւ վերլուծելով: Երիտասարդականին մէջ, դարձանք մասնաճիւղի տեսակ մը կորիզը, մեզի հետ ունենալով Յարութ Խշուաճեանը, Անդօ Խաչատուրեանը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէր չորսը եւ չորսը՝ մէկը, կարծէք թէ ըլլային երեք առաւել մէկ հրացանակիր։ Եթէ ոչ ամէն օր, գոնէ շաբաթը  4-5 օր միասին էին։ Ունէինք բազմաթիւ այլ սերտ ընկերներ: Կորիզին սովորութիւններէն մէկն ալ միասին գիշերելն էր մէկուն կամ միւսին տունը, հաճելին եւ օգտակարը իրարու միացնելով: Գօգօն մեր ընտանիքին հինգերորդ անդամը դարձած էր։

1975ին, երբ սկսաւ Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»ը, Գօգօն կը ծառայէր լիբանանեան բանակին: Զինք տարած էին Պեքաայի հովիտի Ապլահ աւանի զօրանոցը: Բաւական մտահոգ էինք իրմով, որովհետեւ հաղորդակցութեան միջոցները նահանջած էին, չկային նաեւ այսօուան միջոցները։ Մեր մտահոգութեան պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ երկիրը իրողական մասնատումի տանող դէպքերը սկսած էին վարակել նաեւ բանակը, զօրամասերը սկսած էին համակրիլ այս կամ այն կողմին: Վերջապէս, Գօգօն օր մը յայտնուեցաւ Պուրճ Համուտի «Սարդարապատ» ակումբ մէջ: Այլ բանակայիններու նման, ինքն ալ հեռացած էր իր զօրանոցէն եւ գլխուն ճարին նայելով, բաւական ճամբայ հետիոտն կտրած էր ու ի վերջոյ հասած էր այդ օրերուն հայութեան սիրտը եղող  Պուրճ Համմուտը։ Այլ տղաք նոյն բախտը չունեցան…

Թաղային կռիւները  հետզհետեէ տարածուեցան եւ կտրատեցին մեր թաղամասերը: Սահմանափակուեցան ո՛չ միայն քաղաքին այս կամ այն շրջանէն միւսը անցնելու հնարաւորութիւնները, այլ նաեւ՝ իրարու կից թաղամասերու միջեւ երթեւեկը: Մեր տունը, գտնուելով Սին էլ-ֆիլ, գրեթէ անհնարին դարձած էր Պուրճ Համմուտէն դէպի մեր տունը երթեւեկը, տրուած ըլլալով, որ պէտք էր անցնէի Նապաայի շրջանէն: Իրարու կից թաղամասերը ինկած էին հակառակորդ ուժերու տիրապերութեան տակ, անցքերը դարձած էին վտանգաւոր: Ակումբէն մեր «խումբ»ին տրամադրուեցաւ Անդօ Խաչատուրեանենց բնակարանին կողքի՝ մէկ ննջասենեակնոց եւ խոհանոցի նշոյլը ունեցող բնակարանը, որ շուտով դարձաւ ակումբի մեր կարգ մը ընկերներուն  երկրորդ տունը: Պահակութեան պարտականութեան ժամը աւարտողը կ’ուղղուէր հոն՝ ժամանակ անցընելու, զրուցելու, պատառ մը ուտելու եւ ինչո՞ւ չէ… խմելու եւ լաւ ժամանակ անցընելու: Այդ փոքրիկ խուցը ռմբակոծումի օրերուն ձեւով մը դարձած էր «դրախտ», ուր մտերիմ ընկերներու հետ հաւաքուելով, կը ստեղծէինք մեր աշխարհը, դուրսը ձգելով ամէն ինչ: Դուռը միշտ բաց էր, կղպանք չուէր, արդէն ներսն ալ գողնալու արժանի բան չկար: Իսկ գո՞ղ… այդ ալ չկար մեր ապահով թաղերուն մէջ: Արեւմտեան շրջանէն ընկերներ երբեմն կը «բանտարկուէին» արեւելեան կողմը եւ կու գային մեզի հետ գիշերելու մեր «վերնատան» մէջ: Այլ հարց, թէ մէկը հոն կրնա՞ր հանգիստ քնանալ, որովհետեւ երթեւկը անպակաս էր: 

Այսպէսով էր որ «վերնատուն»ը  մեր խումբին եւ այլ մտերիմներու համար դարձաւ ընտանեկան յարկ: Կ’ուտէինք Անդոյին մօր պատրաստած ճաշերը, կամ՝ ինչ որ այդ օրը մեր քսակը կարող էր հոգալ. օղին մատչելի էր եւ ներկայութիւն էր: Եթէ մէկը ուշանար եւ ճաշ չգտնէր, օղիին հետ կ’ուտէինք Անդոյին մօր մատրաստած «թուրշի»ն, որ խեղճ կինը կը պահէր մեր տնակին սառնարանին մէջ։

Որոշ ժամանակ մը, ակումբէն  մեզի պարտականութիւն տրուեցաւ պահակութիւն ընել Նորաշէն թաղամասին ծայրը՝ Տորայի սահմանին գտնուող դիրքին վրայ: Աւելորդ է ըսել, որ Գօգօն մաս կը կազմէր մեր խումբին: Տարբեր, յաճախ նաեւ վտանգալից արկածախնդրութիւններով հարուստ շրջան մըն էր: Աւելի ուշ, պայմանները ներեցին եւ Անդօն սկսաւ յաճախել Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, իսկ Գօգօն ստանձնեց «Կիլիկիա» թաղամասի  խմբապետութիւնը, բայց, ինչպէս յիշեցի, «վերնատուն»ը մնաց ընդհանրական տուն: Անիկա մեր հաւաքավայրը մնաց նաեւ այն շրջանին, երբ Գօգօն ալ, իր կարգին, սկսաւ յաճախել Ամերիկեան Համալսարան եւ աշխատակցիլ Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւանին։ Պէտք է յիշեմ նաեւ, որ այդ անկիւնէն զատ, կը վայելէինք քանի մը սերտ ընկերներու ընտանիքներուն ասպնջականութիւնը, մենք մեզ հարազատ կը զգայինք բազմաթիւ յարկերու տակ: Պատերազմական ճնշող մթնոլորտը կը մնար դուրսը…

Մինչեւ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուիլս, 1979-ին, մեր ընկերութիւնը շարունակուեցաւ նոյն ձեւով եւ մնաց անշահախնդիր։

Եթէ Գօգօն դարձաւ մեր տան մէկ անդամը, իմ կարգիս դարձայ Գօգոյին ընտանիքին մէկ անդամը: Եղբայրը՝ Սամուէլը, մեզի համար՝ Սամօն, հօր նման կը գուրգուրար կրտսեր եղբօր վրայ. անոր տիկինը՝ Վերժինը, նմանապէս չէր զլանար իր գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը Գօգոյին, մեծ քրոջ մը պէս: Եւ որովհետեւ այդ փոթորկալից օրերուն ընդհանրապէս միասին կ’ըլլայինք,  երբ Գօգօն եղբօրը տունը երթար, զիս ալ՝ տունէս հեռւո ինկածս հետը կը տանէր տաք ճաշ մը ուտելու կամ քիչ մը հանգիստ ընելու համար։ Միացեալ Նահագներ տեղափոխուելէս ետք, արդէն հոս գտնուող Սամուէլը եղաւ Գօգօն փոխարինողը,  իսկ   Պէյրութի մէջ, իմ ընտանիքիս համար զիս փոխարինողները եղան Գօգօն եւ Անդօն:

Տարիներ ետք, Գօգօն ալ իր ընտանիքին հետ տեղափոխուցաւ Միացեալ Նահանգներ, հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս, սակայն երկրին ու կեանքի նոր պայմանները առիթ չտուին, որ պուրճ-համմուտեան մերձակայութեամբ շարունակէինք մեր յարաբերութիւնները: Այսուհանդերձ, մեր ընկերութիւնը մնաց նոյնը, մեր ընտանիքներուն անդամներն ալ ունեցան նոյն մտերմութիւնը։

Հիւանդութեան վերջին տարիներուն, բոլորիս համար տաժանք էր Գօգօն տեսնել դանդաղ շիջումի իր վիճակը: Թէեւ խօսքով արտայայտուիլը իրեն համար դարձած էր դժուար, բայց ամէն անգամ, երբ իրեն այցելէի, դէմքին վրայ կը փայլէր ժպիտ մը, եւ սա կ’ուրախացնէր բոլորս, թէ՛ զինք, թէ՛ մեզ: Երբեմն հեռաձայնով կը կապուէինք միւս ընկերներուն՝ ԱՆդոյին եւ Յակոբին հետ: Հաւատարիմ էի հին սովորութեանս, պէտք էր անպայման ջղանութիւն պատճառղ բան մը ընէի: Կը հակադարձէր հին օրերուն պէս, սակայն տակաւ առ տակաւ, իր շիջումը այդ սովորութիւնն ալ դուրս քշեց մեր կեանքէն:  Ամէնէն ծանր օրերուն իսկ մեր բաժնեկցած ուրախ յիշատակները փոխարինուեցան իր վիճակին պատճառած ցաւով, վիշտով, մանաւան՝ բան մը չկարենալ ընելու տագնապով:

Սիրելի Սամօ, Վերժին եւ Վիքի, Դրօ ու Մեղրի: Միասնաբար տարի մը առաջ կորսնցուցինք Գօգօն, սակայն մանաւանդ դուք ունիք այն մխիթարութիւնը, որ մինչեւ վերջին պահը, ան վայելեց ձեր առօրեայ սէրը, խնամքն ու հոգածութիւնը, ոչինչ զլացաք իրեն:  

Սիրելի Գօգօ, անցեալ տարի, երբ մահուանդ սնարին մօտ կանգնած էի, շարժապատկերի նման վերյիշեցի ամբողջ կեանք մը, այստեղ արձանագրածներէս շա՜տ աւելին: Դառնացած էի կեանքէն եւ բախտէն, որովհետեւ անոնք զլացած էին քեզի պարգեւել այն՝ որուն դուն արժանի էիր: Օրին «ձեռքս չգնաց» պատշաճ հրաժեշտս տալու քեզի, որովհետեւ շատերու պէս, ես ալ հաշտուած չէի իրականութեան: Հիմա, տարի մը ետք, ժամանակն  ու տխուր իրականութիւնը պարտադրած են որ ակամայ հաշտուիմ բացակայութեանդ: Թող այս քանի մը տողը ուշացած հրաժեշտի արտայայտութիւն ըլլան, քաջ գիտնալով, որ դուն պիտի ապրիս իմ, ընկերներուդ եւ հարազատներուդ կեանքին մէջ, պիտի ապրիս մեր յիշողութեան մէջ, քու աղուոր ու համով յիշատակներովդ: Պիտի ձայնակցինք Պետրոս Դուրեանին եւ ըսենք. կենդանի ես, պիտի մնաս, որովհետեւ յիշատակդ պիտի չթառամի:

Մխիթարութի՞ւնս. ուրախ եմ եւ հպարտ, որ քեզի պէս անձ մը ունեցած եմ կեանքիս մէջ, իբրեւ մտերիմ ու սերտ ընկեր, մանաւանդ գաղափարակի՛ց ընկեր: Վաստակդ ալ պիտի մնայ մեզ մխիթարող, հիմա, երբ միացած ես մեր պատանութեան եւ երիտասարդութեան օրերու ընկերներէն այն փաղանգին, որոնք ինկան պարտականութեան ճամբուն վրայ: 

22 Փետրուար, 2023

Share