Յակոբ Բագրատունի նախագահ Ասատի փոխանցեց հայութեան ցաւը` ի տես ահաւոր երկրաշարժին

Յակոբ Բագրատունի նախագահ Ասատի փոխանցեց հայութեան ցաւը` ի տես ահաւոր երկրաշարժին

Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նախագահ Պաշշար Ասատին փոխանցեց Լիբանանի հայութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ցաւը` ի տես ահաւոր երկրաշարժին, աւելցնելով, որ արդէն վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը Հալէպ լաւագոյն փաստն է այն իրողութեան, թէ Սուրիան ի՛նչ արժէք կը ներկայացնէ հայութեան համար:

Ան շեշտեց, որ սփիւռքի հայութիւնը զօրաշարժի մէջ է օժանդակութեան հասնելու` Սուրիոյ իր հայրենակիցներուն:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հայութեան արիւնը շաղախուած է սուրիական հայրենիքի հողին, այնպէս ինչպէս Լիբանանի:

Շեշտելով զօրակցութեան սկզբունքին վրայ` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ քանդել Սուրիոյ դէմ պարտադրուած շրջափակումը եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները գերադաս նկատել քաղաքական թէ տնտեսական հաշիւներէ:

Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ հայութեան ներկայութիւնը ո՛չ միայն տնտեսական կամ ընկերային արժէք է, այլ` մանաւանդ քաղաքակրթական արժէք, որ կը հարստացնէ սուրիական հայրենիքը եւ կ՛արգելակէ ծայրայեղականութիւնն ու արմատական մտածողութիւնը, նպաստելով Սուրիոյ հզօրացման: Ան լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ հայութեան դերակատարութիւնը` զայն նկատելով «յաւելեալ արժէք»:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը, երբ ընդունուեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտէ Սապպաղի կողմէ, խորհրդարանին մէջ ներկայ էին նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահը, դիւանի անդամները, լիբանանեւսուրիական եղբայրութեան յանձնախումբի անդամներն ու խորհրդարանական յանձնախումբերու նախագահներն ու զեկուցաբերները:

Երեսփոխան Բագրատունի ցաւակցական իր արտայայտութենէն ետք շեշտեց, որ Լիբանանի խորհրդարանէն ետք Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը լաւագոյն փաստն է արդարութենէ իրաւազրկուած ժողովուրդներու կողքին կանգնելու Սուրիոյ վճռականութեան:

«Փաստօրէն, եթէ միջազգային ընտանիքը պատժէր ցեղասպան Թուրքիան, Իսրայէլ պիտի չհամարձակէր իր ոճիրները գործել արաբական աշխարհին դէմ, որոնցմէ վերջին օրինակը այս առաւօտ Դամասկոսի մէջ անմեղ սուրիացիներով բնակուած շէնքի մը ռմբակոծումն էր», ըսաւ Բագրատունի:

Բագրատունի աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Մենք ճակատագրակից ժողովուրդներ ենք եւ կը զօրակցինք Սուրիոյ, որուն դէմ շղթայազերծուած համաշխարհային պատերազմը չյաջողեցաւ ընկճել Սուրիոյ պետութիւնն ու ժողովուրդը, նոյնիսկ երկրաշարժի այս աւերէն ետք»:

Share