Երկրաշարժին Վնասը Եւ Կաշառակերութիւնը Միահիւսուած Են Էրտողանի Թուրքիոյ Մէջ

Երկրաշարժին Վնասը Եւ Կաշառակերութիւնը Միահիւսուած Են Էրտողանի Թուրքիոյ Մէջ

Թուրքիոյ մէջ օր առ օր կ՛աւելնայ երկրաշարժի զոհերուն թիւը։ Մեր սիրտը կը ցաւի մինչ օրս արձանագրուած գրեթէ 50 հազար զոհերու եւ մօտաւորապէս 200 հազար վիրաւորներու համար: Հնագոյն Անտիոք քաղաքը (Անթաքիա)՝ 250 հազար բնակչութեամբ, հիմնականին մէջ վերածուած է աւերակներու։
Ինչպես գրած էի նախկին շաբաթ, հայերը պէտք է տարբերութիւն դնեն Ցեղասպանութիւն իրականացուցած թրքական կառավարութեան եւ թուրք ժողովուրդին միջեւ, որ որեւէ դեր չէ  խաղացած այս զանգուածային յանցագործութեան մէջ: Այսօրուան թուրքերէն ոչ մէկը ողջ էր 1915ին։
Վերջին օրերուն, աշխարհի տարբեր երկիրներու լրագրողներ հարիւրաւոր յօդուածներ գրած են՝ մատնանշելով, որ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կաշառակեր գործելակերպը բազմապատկած է աղէտի զոհերուն թիւը: Էրտողան, որ 2003ին իշխանութեան եկաւ իբրեւ հաւատացեալ մահմետական, վերածուած է կաշառուած բռնապետի։ Ինչպէս կ՛ըսուի՝ «իշխանութիւնը կը փճացնէ, բացարձակ իշխանութիւնը կը փճացնէ բացարձակապէս»։ Շատ թուրքեր կը մեղադրեն Էրտողանը՝ մեծ թիւով զոհերու եւ աւելի քան 100 հազար շէնքերու փլուզման կամ անոնց հասած վնասին համար. շէնքեր, որոնք վատորակ կառուցուած են նախագահի մերձաւորներուն կողմէ: Թուրքիոյ մէջ առնուազն մէկ միլիոն մարդ մնացած է անօթեւան։
Սկսինք երկրաշարժի տուրքէն, որ թրքական կառավարութիւնը սահմանած է 1999ի երկրաշարժէն ետք, որ Թուրքիոյ մէջ պատճառ դարձած էր 17 հազար մարդու մահուան։ 2021ին, նախագահի հրամանագրով տուրքը 7.5 տոկոսէն բարձրացուեցաւ 10 տոկոսի, բոլոր մասնաւոր հաղորդակցութիւններու համար։ Այս տուրքին միջոցով հաւաքուած միլիառաւոր տոլարները շէնքերու ամրացման եւ աղէտներու կանխարգիլման համար նախատեսուած նպատակներու փոխարէն՝ օգտագործուեցան շինարարական, երթեւեկային եւ գիւղատնտեսական ծրագիրներ ֆինանսաւորելու համար:
«Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը տեղեկացուցած է մօր մը տանջագին խնդրանքին մասին. անոր երկու որդիները Անթաքիոյ մէջ, երկու օր ողջ մնացած էին փլատակներու տակ. կինը կ՛աղերսէր կռունկ բերել իր զաւակները փրկելու համար: «Թուրքիոյ մէջ շատերը կ՛ըսեն, որ թիւով աւելի շատ մարդիկ կրնային ողջ մնալ 7.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժէն, որ հարուածեց երկրի հարաւը եւ դրացի Սուրիան, եթէ արտակարգ իրավիճակներու արձագանգը ըլլար աւելի արագ եւ աւելի լաւ կազմակերպուած»: Կազմակերպուած փրկարարական աշխատանքներու բացակայութեան պատճառով, մարդիկ ստիպուած եղած են մերկ ձեռքերով փորել փլատակները՝ փրկելու համար իրենց ընտանիքի անդամները:
Թուրք զինուորները կա՛մ ներկայ չեն եղած փրկարարական աշխատանքներուն, կա՛մ անոնք շատ ուշ հասած են՝ սպասելով Էրտողանի քաղաքացիական պաշտօնեաներու հրամաններուն: Հետաքրքրականը այն է, որ Էրտողան «յայտնի դարձած է աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ, մասնաւորապէս 1999ին, հզօր երկրաշարժի արձագանգի վերաբերեալ իր քննադատութեան պատճառով», կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»: Փոխարէնը, «ան դատարկեց պետական հիմնարկները, հաւատարիմները նշանակեց առանցքային պաշտօններու վրայ, ջնջեց քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու մեծ մասը եւ հարստացուց իր ընկերները՝ իր շուրջ հաւատարիմներու փոքր շրջանակ մը ստեղծելու համար», ըստ Foreignpolicy.com-ի: Հիմնական ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլու ըսած է, որ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած երկրաշարժի ուժգնութենէն աւելի վնասակար եղած է «համակարգման բացակայութիւնը, ծրագրաւորման բացակայութիւնը եւ անկարողութիւնը»:
Աղէտը աւելի խորացնելով, «2019ին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան գովաբանեց իր կուսակցութեան ընդունել տուած օրէնսդրութիւնը, որ թոյլ կու տար ներել գոյքի սեփականատէրերուն շինարարական իրաւախախտումները՝ առանց շէնքերը անոնց չափանիշներուն համապատասխանեցնելու», կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»: Միայն երկրաշարժի գօտիին նման համաներում տրուած է մինչեւ 75 հազար շէնքերու համար։
 Հեգնականօրէն, երկրաշարժէն միայն քանի մը օր առաջ, կառավարութիւնը կը պատրաստուէր հերթական համաներում յայտարարել շինարարութեան իրաւախախտողներուն համար։ Այժմ թրքական կառավարութիւնը կը ձերբակալէ շինարարական կապալառուները, որոնք առնչութիւն ունեցած են փլած շէնքերուն հետ: Բայց իսկական մեղաւորները պետական պաշտօնեաներն են, որոնք հաւանութիւն տուած են այս ցածորակ շէնքերու կառուցման։ Այս շէնքերու սեփականատէրերէն շատերը սերտ կապեր ունին նախագահ Էրտողանի կամ անոր իշխող կուսակցութեան հետ։
Փլատակներու տակ թաղուած  քաղաքացիները փրկելու համար հրատապ միջոցներ ձեռնարկելու փոխարէն, Էրտողան հակահարուած կու տայ իր քննադատներուն: Այսպիսի քննադատներէն մէկը՝ «Թուրքիոյ մէջ երկարամեայ փորձ ունեցող ֆրանսացի լրագրող Կիեոմ Փերիէն, ձերբակալուեցաւ Սթամպուլի օդանակայանը եւ արտաքսուեցաւ Ֆրանսա՝  Թուրքիա կարենալ վերադառնալու հինգ տարուան արգելքով», կը հաղորդէ Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկը։ Աւելին, երկրաշարժի խառն օրերուն կառավարութիւնը ժամանակաւորապէս փակեց ընկերային մետիան՝ թրքական կառավարութեան անկարողութեան քննադատութիւնը արգելափակելու համար:
Jerusalem Post 20 Փետրուարին հրապարակած է յօդուած մը՝ «Երկրաշարժէն ետք Թուրքիոյ Էրտողանը քաւութեան նոխազներու որս կ՛ընէ» վերնագրով։ Յօդուածին մէջ կ՛ըսուէր, որ «Էրտողանի թուղթէ տունը փուլ եկած է երկրաշարժէն:
 Արդէն կը շտապեն քաւութեան նոխազներ գտնել, ինչպէս նաեւ կողոպտիչներ ձերբակալել…: Գալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ, Էրտողանին նոյնքան դժուար կ՛ըլլայ բացատրել ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառուող տեսանիւթ մը, ուր ան կը պարծենայ, որ 2019ին հաստատած է Քահրամանմարաշի երկրաշարժի կեդրոնը գտնուող շէնքերու շինարարական համաներումը: Այս կը  նշանակէ, որ անոնք ազատած են շինարարական եւ երկրաշարժի կանոնակարգերուն հետեւելէ: Երկրաշարժի տասը նահանգներուն ընդգրկուած էր գրեթէ 295 հազար շէնք»։
Աղէտալի երկրաշարժի անսպասելի կողմնակի ազդեցութիւններէն մէկը այն է, որ Թուրքիա քանի մը տարի զբաղած կ՛ըլլայ աւելի քան հարիւր հազար փլած շէնքերու վերակառուցմամբ։ Թուրքիոյ ուշադրութիւնը կը շեղի Սուրիոյ, Իրաքի, Կիպրոսի, Յունաստանի, Հայաստանի եւ Լիպիոյ վրայ յարձակումներէ։ Այս երկիրները որոշ ժամանակով մը հանգիստ շունչ կը քաշեն…
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Share