«Պսակաւոր» համաճարակին հետեւանքով, վերջին քանի մը տարիներուն հայկական միութեանց եւ կազմակերպութեանց գործունէութիւնն ալ որոշ դանդաղումի մատնուեցաւ, սակայն գտնուեցան ձեւեր, որպէսզի կառքը կանգ չառնէ:
Լոս Անճելըսի մէջ գործող՝ Այնթապցիներու մշակութային միութեան աշխատանքներն ալ կանգ չառին, սակայն ընթացիկ աշխատանքներու եւ ձեռնարկներու փոխարէն, արտայայտութիւն գտան նոր բարի նպատակներու իրագործումով:
Այսու ուրախ ենք մեր յարգոյ հանրութեան եւ հայրենակիցներուն յայտնելու, որ վերջին երեք տարիներուն, միութիւնս մասնակցութիւն բերաւ երկու ազգօգուտ եւ կրթանպաստ ծրագիրներու իրականացման, առաջինը՝ Հայաստանի Նոր Այնթապ (Երեւանի մօտ) աւանին, երկրորդը՝ Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ:
Վարչութեանս կարգ մը անդամները, Հայաստան այցելութեան առիթով, եղան նաեւ Նոր Այնթապ, ուր կանգնած է Այնթապի հերոսամարտին յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող մը: Նկատուած էր, որ քաղաքին մէջ տարիներ առաջ կառուցուած եւ բարերար Բիւզանդ Մարգարեանի անունը կրող վարժարանին սրահն ու այլ բաժանմունքներ կը կարօտէին նորոգութեան եւ բարեկարգումի: Վարչութիւնս 2020-ին որոշեց 20 000 (քսան հազար) տոլարի նպաստ մը տրամադրել վարժարանին: Այս յատկացումը կատարուեցաւ ի յիշատակ վարչութեանս անդամներէն եւ վաստակաշատ ծառայողներէն՝ արուեստագէտ Յարութիւն Կարապետեանի, որ կարճ ատեն մը առաջ, անակնկալօրէն հրաժեշտ տուած էր կեանքին: Վարժարանի տնօրէնութիւնը ձեռնարկեց վերանորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքի եւ աւարտին, ընդառաջելով վարչութեանս փափաքին՝ մեր հանգուցեալ անդամին անունը կրող ցուցատախտակ մը տեղադրեց սրահին եւ նրբանցքին մէջ (տեսնել լուսանկարները):
Երկրորդ յատկացումը կատարուեցաւ մօտաւորապէս տարի մը առաջ, «Արարատ տան» Միշըն Հիլզի նորակառոյց բաժանմունքին: 50 000 (յիսուն հազար) տոլարի այս յատկացումը տրամադրուեցաւ հաստատութեան՝ տարեցներու բնակարանային բաժանմունքին (assisted living) ճաշարանին համար: Իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ հաստատութեան տնօրէնութիւնը վերջերս տեղադրհամապատասխան ցուցատախտակ մը (տեսնել լուսանկարը):
Վստահ ենք, որ մեր բարեկամներն ու հայրենակիցները բաժնեկից պիտի ըլլան մեր ուրախութեան: Մեր ազգային հաստատութիւնները շէն ու կանգուն կը մնան նուիրաբերումով, ու մեր տրամադրած կաթիլները, գումարուելով նման նուիրաբերումներու վրայ, կը դառնան մեր ազգի անդաստանները ոռոգող գետեր:
Վարչութիւն
Այնթապցիներու Մշակութային Միութեան
Լոս Անճելըս