Ս. Մահսէրէճեան
ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԿԵՐ. Հայաստան որոշեց 400 հազար տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւն տրամադրել՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժէն վնասուողներու համար: Որոշումը հրապարակուեցաւ Վարդանանց տօնին օրը: (Ի՜նչ զուգադիպութիւն): Օժանդակութեան առաջին՝ անմիջական մասը քանի մը օր առաջ Թուրքիա հասաւ Մարգարայի կամուրջին ճամբով, իսկ Սուրիոյ բաժինը՝ օդանաւով: Եւ ահա, Արարատ Միրզոյեանի եւ շքախումբին Թուրքիա այցելութեան յաջորդ օրը, հրապարակ եկաւ Անիի պատմական կամուրջի վերակառուցման եւ Հայաստան-Թուրքիա երթեւեկի համար երկրորդ ճամբու մը հեռանկարը (մոռցուած, որ ճամբաներու բացումը նախ եւ առաջ «երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն» շնորհ պիտի բերէ): Պէտք է ցնծալ, որովհետեւ ասոնք վաղը կրնան Թուրքիոյ համար ըլլալ Հայաստան ներխուժումի (նաեւ զինուորապէս) ճամբաներ, ինչպէս որ Ազրպէյճան աչքը դրած է Սիւնիքին եւ արեւելեան սահմաններուն վրայ: Թուրքիա կիսաջերմ տրամադրութեամբ կ’ողջունէ Երեւանի վարիչներուն խաղաղասիրական այս քայլերը, սակայն կը յիշեցնէ, որ իր նախապայմանները չեն փոխուած: (Մերոնք կը շարունակեն քարոզել, թէ նախապայմաններ չկան): Բերձորի ճամբան կը մնայ կղպուած, հայ-թրքական բանակցութեանց այս նորագոյն օղակը նոր փաստ մը կը բերէ, թէ Երեւան Արցախի կողմը նայելու տրամադիր չէ, իսկ Ազրպէյճանի (ըսել է նաեւ Թուրքիոյ) կեցուածքին մէջ բարեշրջում չկայ՝ Երեւանի (չըսենք ստրկամիտներուն) խաղաղասիրութեան դիմաց: Ոմանք հարց կու տան, թէ բանակցութեանց մասին հրապարակումներէն անդին, արդեօք ինչպիսի՞ գաղտնի համաձայնութիններ կը նիւթուին դարձեալ, որովհետեւ նման հաւանականութիւններու ակնարկութիւն կ’ըլլայ, ըսելով որ անոնք տակաւին բացայայտելի չեն: Իսկ այս իշխանաւորը ատեն մը, մասնաւորաբար քուէ մուրալու օրերուն, կոկորդը կը պատռէր, թէ ժողովուրդի կռնակէն՝ գաղտնի համաձայնութիւններ պիտի չկնքէ, իսկ յետոյ, 9 Նոյեմբեր 2020-ը եղաւ միայն սկիզբ երկանց, իսկ Ալմա Աթայի պայմանագիրին սողալով յարութիւն առնելը տակաւին «շնորհի հարուած»ը չէ:
ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՏԿԵՐ. Վարդանանց տօնին օրը, Երեւանէն լուր մը պայթեցաւ: Ոստիկաններ բռնի կերպով պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանած շէնքէ մը հեռացուցած են շուրջ 300 անօթեւան հայեր, որոնք հոն, ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐՏՕՆԱԳԻՐՈՎ, ապաստան գտած են վերջին տարիներուն: Անոնց շարքին են Արցախէն Հայաստան հասած գաղթականներ, ազատամարտիկներու ընտանիքներ եւ այլ դժբախտներ: Նորաստեղծ ներքին գործոց նախարարութեան ենթակայ ոստիկանները կը պնդեն, թէ իրենց առած քայլերը օրինական են, ըսել կ’ուզեն՝ բնակարան չունեցողները փողոց նետելը օրինական է: Կ’ըսուի, թէ այլապէս լքուած շէնքը՝ անցեալ տարի որոշուած է փոխանցել եկամուտներու վարչութեան (հը՜մ, մէկը յայտնապէս շահ պիտի ապահովէ անկէ): Արտաքսեալները իրաւունք չունի՞ն հարց տալու, որ այս կառավարութիւնը իրենց նկատմամբ գոնէ թուրք աղէտեալներուն չա՞փ ալ հոգածութիւն չի կրնար ցուցաբերել: Ո՛չ ոք հաշիւ կ’ընէ, թէ (մոռնանք շռայլուող պարգեւավճարներն ու այլ մսխումներ) արդեօք յիշեալ գումարէն Թուրքիոյ հասնելիք բաժինով, կարելի՞ էր այս դժբախտներուն բնակավայր պատրաստել: Յայտնապէս իշխանութիւնը կթան կովի վերածողներ նման ծրագիրներէ շահու յոյս չունին:
ԵՐՐՈՐԴ ՊԱՏԿԵՐ. Կառավարութեան նիստին հետեւողը ականատես-ականջալուր եղաւ… երկու Փաշինեաններու: Մէկը ըսաւ, որ Բերձորի ճամբուն փակումով՝ Ազրպէյճան կը պատրաստուի «էթնիկ զտում»ի ենթարկել եւ նոր ցեղասպանութիւն գործել ընդդէմ հայ բնակչութեան, իսկ երկրորդը յայտարարեց, որ Հայաստան խաղաղութեան համար նոր առաջարկներ յղած է Ազրպէյճան եւ կը յուսայ, որ հաղորդակցութիւններու երեք փուլէ ետք նկատուած յառաջընթացը աւելի եւս զարգանայ: Առաջինին նկատումները ճիշդ են, գամը ճիշդ տեղը կը գամեն, երկրորդին՝ «յառաջընթաց» ըսածը արդեօք մօտաւորապէս 70 օրէ ի վեր փակ մնացող ճամբա՞ն է, հայկական դիրքերու եւ զինուորներու դէմ յաճախակի կրակոցնե՞րը, թէ «զանգեզուրի միջանցը բռնի ուժով պիտի խլենք»ները (խլուած հողեր, անոինց վրայ մշակութային ժառանգութեանց փճացում, գերիներ եւ նման բաներ… Մոռցէ՜ք. սովորական եւ արհամարհելու բաներ են արդէն: Անոնց համար ջ’արժեր գլուխ յոգնեցնել, քուն խանգարել): Պատկերին խորքը կը նշմարուի արձանագրութիւն մը. այս մարդն ու հետը քալողները իրենք զիրեն կտրած են գետնէն, իրակաութիւններէն, եւ կ’ապրին ցնորքներու եւ պատրանքներու մթնոլորտին մէջ, կը վարակեն նաեւ «ընտրեալ վարչապետ»ին հաւատարիմ հաւատացեալները (չմոռնանք, որ կռապաշտութիւնը նոր ասպարէզ ունի Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ):
ՉՈՐՐՈՐԴ ՊԱՏԿԵՐ. Հայաստան կը պատրաստուի պատուիրակութիւն մը ղրկել Հնդկաստան, անկէ զէնք ապահովելու նպատակով (ի՜նչ լաւ. ի վերջոյ բանակը զինելու մասին մտածող կայ): Հարց չի տրուիր, թէ Հնդկաստանէն զէնք գնելու պարագային, Թուրքիա ու Ազրպէյճան պիտի չնեղանա՞ն: Չէ՞ որ անոնք դէմ են բանակին վերականգնումին: Չէ՞ որ Թուրքիա եւ Փաքիստան սերտ գործակիցներ են, իսկ Հնդկաստան սուր հարցեր ունի Փաքիստանի հետ, որ այլապէս Արցախի դէմ Ազրպէյճանի իրերայաջորդ թշնամանքներուն ջերմ պաշտաններէն եւ զօրակցողներէն է: Հարց չի տրուիր նաեւ, որ եթէ բանակը զինելու լուրջ ծրագիրներ կան, ինչո՞ւ նկատի չեն առնուիր ծանօթ դաշնակիցներն ու անմիջական հարաւի դրացին՝ Իրանը, որ իր կարգին բացայայտած է Հայաստանին նպաստ բերելու իր պատրաստակամութիւնը: Չարխօսիկներ կ’ըսեն, որ Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ, այն ալ՝ Վարդանանց տօնին առիթով, մոռնալ… Աւարայրի ճակատամարտը:
(Բաւականանաք այսքանով. մեր նպատակը պատկերասրահ բանալ չէ…)
16 Փետրուար 20232